Գաղութային

ՌԱԿ-ի «Մովէս Յովսէփեան» Ակումբի Դաստիարակչական Յանձնախումբ.   «Հայոց Պահանջատիրութիւնը Դար Մը Ետք Դէպի Ո՞ւր» Նիւթով Կլոր Սեղան

ՌԱԿ-ի «Մովէս Յովսէփեան» Ակումբի Դաստիարակչական Յանձնախումբ. «Հայոց Պահանջատիրութիւնը Դար Մը Ետք Դէպի Ո՞ւր» Նիւթով Կլոր Սեղան

Ռամկավար ազատական կուսակցութեան «Մովէս Յովսէփեան» ակումբի Դաստիարակչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, ուրբաթ, 7 ապրիլ 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Թէքէեան կեդրոնի «Հրաչեայ Սեդրակեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայոց պահանջատիրութիւնը դար մը ետք դէպի ո՞ւր» նիւթով կլոր սեղան մը: Զրոյցին մասնակցեցան տոքթ. Եղիկ Ճէրէճեան, Շահան Գանտահարեան, Օհան Պոտրումեան եւ Համբիկ Մարտիրոսեան: Զրոյցը համադրեց տոքթ. Վազգէն Ժամկոչեան: Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՌԱԿ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք ողջոյնի...

«Հայկական Ճարտարապետութիւնը Լիբանանի Մէջ` Ինքնութեան Հարցը» Նիւթով Դասախօսութիւն

«Հայկական Ճարտարապետութիւնը Լիբանանի Մէջ` Ինքնութեան Հարցը» Նիւթով Դասախօսութիւն

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան եւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան գործակցութեամբ  եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի մշակոյթի նախարար տոքթ. Ղաթթաս Խուրիի, դասախօսական երեկոյ մը տեղի ունեցաւ  «Հայկական ճարտարապետութիւնը Լիբանանի մէջ` ինքնութեան հարցը» խորագիրով, չորեքշաբթի, 6 ապրիլ 2017-ի երեկոյեան, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ, հոծ բազմութեան մը ներկայութեան: Արդարեւ, Լիբանանի մէջ ֆրանսախօսութեան ամսուան գործունէութեանց ծիրին մէջ կազմակերպուած սոյն երեկոն առաւելաբար նպատակադրուած ու դասաւորուած էր հայ...

Արցախի Մարդկային Իրաւանց Պաշտպանը «Ճոնզ  Հոփքինզ»-ի Մէջ Ներկայացուց Իրաւանց Ոտնակոխումները

Արցախի Մարդկային Իրաւանց Պաշտպանը «Ճոնզ Հոփքինզ»-ի Մէջ Ներկայացուց Իրաւանց Ոտնակոխումները

Ձախէն աջ` փրոֆ. Պենետիքթ Հարզլ, Քէյթ Նահապետեան եւ Ռուբէն Մելիքեան Արդարութեան եւ մարդկային իրաւանց հայկական իրաւական կեդրոնը կը տեղեկացնէ, որ Միացեալ Նահանգներ այցելած Արցախի մարդկային իրաւունքներու պաշտպան Ռուբէն Մելիքեանը, քաղաքական հանդիպումներուն կողքին, առիթը ունեցած է ելոյթ մը ունենալու «Ճոնզ Հոփքինզ» համալսարանի յառաջացեալ միջազգային ուսմանց բաժանմունքին մէջ` լուսարձակի տակ առնելով անցեալ տարուան ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին ընթացքին Արցախի ժողովուրդին եւ զինուորներուն դէմ...

Մարդկային Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանը Պիտի Քննէ Քառօրեայ Պատերազմի 23 Գործ

Մարդկային Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանը Պիտի Քննէ Քառօրեայ Պատերազմի 23 Գործ

Արցախի Հանրապետութեան խումբ մը քաղաքացիներու եւ զինուորներու իրաւունքներու խախտումներու առնչութեամբ ներկայացուած բազմաթիւ գանգատներէն 23-ը ընդունուած են Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին կողմէ` առ ի քննութիւն: Իրաւաբան-իրաւապաշտպաններու խումբը Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան ներկայացուցած էր 2016-ի ապրիլ 2-5 ղարաբաղա-ազրպէյճանական սահմանին Ազրպէյճանի կողմէ հրադադարի խախտման պատճառով սկսած մարտական գործողութիւններու ընթացքին, ազրպէյճանական զինուած ուժերուն կողմէ Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացիական բնակչութեան եւ զինուորներու իրաւունքներու խախտումներու առնչութեամբ գանգատներու...

Վերնիսաժի Բարեկարգումը Ամբողջութեամբ Պիտի Աւարտի Այս Տարի

Վերնիսաժի Բարեկարգումը Ամբողջութեամբ Պիտի Աւարտի Այս Տարի

Վերնիսաժի բարեկարգումն ու արդիականացումը ամբողջութեամբ պիտի աւարտի այս տարի: Լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին Երեւանի քաղաքապետի տեղակալ Դաւիթ Օհանեան նշեց, որ բարեկարգման այդ աշխատանքներուն համար կատարուած ներդրումները կազմած են 110 միլիոն դրամ: «Վերնիսաժը արդէն աւելի քան քսան տարի է ի վեր կը գործէ, այնտեղ աշխատող առեւտրականներուն թիւը արդէն շատ էր: Վերնիսաժի բարեկարգման նախագիծը դրուած է հանրային քննարկման», ըսաւ ան: Դաւիթ Օհանեան...

Ապրիլ Ամիսը` «Հայոց Պատմութեան Ամիս» Լոս Անճելըս Գաւառին Մէջ

Ապրիլ Ամիսը` «Հայոց Պատմութեան Ամիս» Լոս Անճելըս Գաւառին Մէջ

Լոս Անճելըս գաւառի Վերահսկիչներու խորհուրդը երեքշաբթի, մարտ 28-ին միաձայնութեամբ վաւերացուց վերահսկիչներ Քեթրին Պարկըրի եւ Ճոնիս Հանի կողմէ առաջադրուած այն առաջարկը, որ ապրիլ ամիսը «Հայոց պատմութեան ամիս» կը հռչակէ գաւառին տարածքին: Պարկըր կը յայտնէ, թէ խորհուրդը իր այս որոշումով կ՛ուզէ լուսարձակի տակ առնել հայ համայնքին ունեցած բարենպաստ ներդրումները Լոս Անճելըս գաւառի տնտեսութեան եւ մշակոյթի մարզին մէջ: Պարկըր կ՛աւելցնէ, որ Լոս Անճելըս...

Արցախցի Լրագրող Միքայէլ Հաջեան Այցելեց Մեսրոպեան Վարժարան

Արցախցի Լրագրող Միքայէլ Հաջեան Այցելեց Մեսրոպեան Վարժարան

29 մարտ 2017-ին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան այցելեց Արցախի պետական ռատիոյի աշխատակից, վաստակաւոր լրագրող եւ քաղաքական վերլուծաբան Միքայէլ Հաջեան, որ Լիբանան կը գտնուէր 2016 թուականի ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին նուիրուած ձեռնարկներուն մասնակցելու հրաւէրով: Ան հանդիպումներ ունեցաւ Մեսրոպեանի աշակերտութեան հետ եւ ծանօթացաւ վարժարանի կրթական ծրագիրներուն ու առօրեային, բարձրօրէն գնահատեց հայ մանուկներու կրթութեան եւ հայեցի դաստիարակութեան համար ի գործ դրուող ջանքերը, ինչպէս...

Մեսրոպեանի Աշակերտներ Աւարտեցին Robotics-ի Դասընթացքը

Մեսրոպեանի Աշակերտներ Աւարտեցին Robotics-ի Դասընթացքը

2017թ. մարտ 22-ին նորագոյն արհեստագիտութեան ուսուցման «Տը լիթըլ էնճընիր» կազմակերպութեան ներկայացուցիչը այցելեց Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան եւ վկայականներ յանձնեց Մեսրոպեանի այն աշակերտներուն, որոնք յաջողութեամբ աւարտած էին կազմակերպութեան Robotics-ի դասընթացքին առաջին հանգրուանը: Մեսրոպեանը նշեալ կազմակերպութեան հետ սկսած էր գործակցիլ այս տարեսկիզբէն` քաջալերելու համար աշակերտները, որ ծանօթանան մարդամեքենաներու կազմութեան, եռաչափ տպագրութեան (3D printing) եւ համակարգչային ծրագրաւորման (Coding) գիտութիւններուն: Նոյն ծրագրով աշակերտներուն...

Ուսուցչաց Տօնը Հայ Տարեցներու Տան Մէջ

Ուսուցչաց Տօնը Հայ Տարեցներու Տան Մէջ

Հայ աւետարանական քոլեճի 10-րդ եւ 11-րդ դասարանի աշակերտները, որոնք հանրային ծառայութիւն կը կատարեն ՔԱՀԼ-ի Հայ տարեցներու տան մէջ, հոյակապ նախաձեռնութեամբ մը 9 մարտ 2017-ին յատուկ յայտագիրով եւ հիւրասիրութեամբ պատուեցին վերոյիշեալ տան պատսպարեալ նախկին ուսուցիչ-ուսուցչուհիները` ընկերակցութեամբ փոխտնօրէն դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեանի եւ 11-րդ դասարանի դաստիարակ Անգինէ Օպէյտի: Աշակերտներուն կողմէ խօսք առաւ Փերլա Պասեթ, իսկ Լիլիթ Գույումճեան ասմունքեց. երգեցողութիւնը առաջնորդեց Վարդ-Վարս Մկրտիչեան: Իր...

Յայտարարութիւն.  Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարութիւնը Կը Վերսկսի Սփիւռքի Երիտասարդներուն «Արի Տուն» Ծրագիրին

Յայտարարութիւն. Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարութիւնը Կը Վերսկսի Սփիւռքի Երիտասարդներուն «Արի Տուն» Ծրագիրին

Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնը հաղորդեց, որ պիտի վերսկսի «Արի տուն» ծրագիրին, որուն նպատակն է` աշխարհասփիւռ հայ երիտասարդները ծանօթացնել Հայաստան հայրենիքին, անոնց մէջ սերմանել ազգային ինքնութեան գիտակցութեան, ծանօթացնել իր ժողովուրդի աւանդութիւններուն եւ սովորութիւններուն, հայ ընտանիքին: Ծրագիրը պիտի սկսի 18 յունիս 2017-ին եւ պիտի շարունակուի մինչեւ 26 օգոստոս` 8 փուլերով (իւրաքանչիւր փուլը` 14 օր, որմէ 9 օրը` հիւրընկալող ընտանիքներուն, իսկ 4 օրը` բանակավայրին...

«Ֆանի, Մանի» Կատակերգութիւն Բեմադրութեամբ Յարութ Գնդունիի

«Ֆանի, Մանի» Կատակերգութիւն Բեմադրութեամբ Յարութ Գնդունիի

Ուրբաթ, 31 մարտ 2017-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ «Մհեր Մկրտչեան» թատերախումբը ներկայացուց «Ֆանի, Մանի» թատերախաղը, որ կատակերգութիւն մըն է, եւ որուն հեղինակն է անգլիացի դերասան եւ թատերագիր Ռէյ Գունի: Հայերէնով բեմադրութիւնը կը պատկանէր Յարութ Գնդունիի, որ նաեւ հանդէս եղաւ Հենրիի դերով: Միւս դերակատարներն են` Այտա Մահսէրէճեան-Սրապոնեան (Ճէյն), Կարօ Բանօղլեան (Պիլ), Քրիսթինա Սրապոնեան (Տիանա), Բալիկ Սրապոնեան (Պեթի),...

Դպրոցական Գծագրութեան Մրցում` «Թորոս Ռոսլին»-ի Կազմակերպութեամբ

Դպրոցական Գծագրութեան Մրցում` «Թորոս Ռոսլին»-ի Կազմակերպութեամբ

Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներէն «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցին կազմակերպութեամբ, ինչպէս ամէն տարի աւանդութիւն դարձած, այս տարի եւս տեղի ունեցաւ միջդպրոցական գծագրութեան մրցում «Լեւոն Շանթ» կեդրոնին մէջ, Պուրճ Համուտ, շաբաթ, 25 մարտ 2017-ին: Մրցանքին ծրագիրը, որ կ՛ընդգրկէ երեք խումբերով կազմակերպել աշակերտներուն մասնակցութիւնը, նկատի առած անոնց տարիքները, առաջին խումբ` 6-9 տարեկան, երկրորդ խումբ` 10-12 տարեկան եւ երրորդ խումբ` 13-15 տարեկան, առիթ կը ստեղծէ,...

Ուսուցչաց Տօնը Հայ Աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան Վարժարանին Մէջ

Ուսուցչաց Տօնը Հայ Աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան Վարժարանին Մէջ

Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանին մէջ ուսուցչաց տօնը վերածուեցաւ քանի մը տեսակ գնահատականներու դրսեւորումի: Աշակերտները, աւարտական 12-րդ կարգի իրենց ընկերներուն միջոցով, իրենց ուսուցիչներուն հանդէպ  գնահատանք արտայայտեցին` խօսքով, ծաղիկներով, երգով, նուագով եւ ասմունքով: Այսպէս` Աննա-Մարիա Գապաքեան կատարեց բացման խօսքը, Մելիսա Յակոբեան խօսեցաւ աշակերտներուն անունով եւ բարձր գնահատեց Հայ ուսուցիչին դերն ու զոհողութիւնը, Ճեսի եւ Լիւսի Աւետիսեան քոյրերը (ջութակ եւ դաշնակ) ներկայացուցին «Սիրելի...

Ազգային Վարժարաններու Տնօրէններու Ժողով-Սեմինար

Ազգային Վարժարաններու Տնօրէններու Ժողով-Սեմինար

Կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, 18 մարտին ժամը 9:30-2:00, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ «Կարպիս եւ Արեգ Նազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ազգային վարժարաններու տնօրէններու ժողով-սեմինար: Ուսումնական խորհուրդի ատենապետ Սեդա Մանկասարեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն յայտնեց, որ Ուսումնական խորհուրդը այս տարի եւս նախաձեռնած է «Մանկավարժական մշակման օր»-ուան` նկատի ունենալով անոր անհրաժեշտութիւնը` բարելաւելու մեր կրթական մշակներուն մասնագիտական գիտելիքներն ու հմտութիւնը, աւելցնելով,...

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Սկաուտները Կը Նշեն Հայ Սկաուտի Օրը` Զանազան Աշխատանքներով

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Սկաուտները Կը Նշեն Հայ Սկաուտի Օրը` Զանազան Աշխատանքներով

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային սկաուտական խորհուրդն ու խմբապետական կազմը հայ սկաուտի հիմնադրութեան 105-ամեակը նշելու համար կազմակերպեց զանազան աշխատանքներ: Ա.- Արի եւ արենուշ  ճիւղերու զարգացման մրցումը Չորեքշաբթի,  22 փետրուար 2017-ին  տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի  Լիբանանի Շրջանային խմբապետական կազմին կազմակերպած արի եւ արենուշ ճիւղերու յատուկ զարգացման մրցումը, «Ազատամարտ» ակումբին մէջ, երեկոյեան ժամը 7:30-էն սկսեալ: Այս մրցումին մասնակցեցան ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի, Պուրճ Համուտի, Անթիլիասի, Ժտէյտէի եւ...

Յեղափոխական Երգերու Եզակի Երեկոյ (Նուիրուած «Նեմեսիս»-ի Գործունէութեան)

Յեղափոխական Երգերու Եզակի Երեկոյ (Նուիրուած «Նեմեսիս»-ի Գործունէութեան)

ՄԱՐԻԱ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ «Հայ յեղափոխական երգերը ոգեւորութեան եւ ներշնչման աղբիւր են: Անոնք պայքարի ազդու զէնքեր եղած են ու կը մնան»: Հայ ժողովուրդի պատմութեան գանձարանը հարստացնող հիմնական գոհարներէն մէկը եղած է հայ երգը, ի մասնաւորի` յեղափոխաշունչ երգը, որ իր ոգեւորիչ ազդեցութեամբ անմահացուցած է մեր յաղթանակի կերտիչները` անոնց ձեռք բերած անուրանալի նուաճումներով: Ազգահայրենասիրական եւ յեղափոխական երգերու պահպանումն ու փոխանցումը սերունդէ սերունդ` սրբազան առաքելութիւն...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

«Նոր սկիզբ եւ արդար Հայաստան» կարգախօսով Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հայաստանեան կառոյցը, պիտի մասնակցի Ապրիլ 2¬ին կայանալիք Հայաստանի Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն: Նոր սկիզբ մը եւ նոր հանգրուան մը կը սպասէ ամբողջ հայ ժողովուրդին, անկախ Հայաստանի պատմութեան մէջ: Հայաստանը իր նոր սահմանադրութեամբ կոչուած է փոխելու երկրի կառավարման փիլիսոփայութիւնը, ուր նախագահականը իր տեղը պիտի զիջի խորհրդարանական հաւաքական պատասխանատուութեան ղեկավարման դրոյթին: Համակարգային փոփոխութեան գործընթացը...

ՀՄԸՄ Ժունիէի Մասնաճիւղ.  «ՀՄԸՄ Ժունիէի 65-ամեայ Պատմութիւնը Նկարներով» Ցուցահանդէսի Բացում

ՀՄԸՄ Ժունիէի Մասնաճիւղ. «ՀՄԸՄ Ժունիէի 65-ամեայ Պատմութիւնը Նկարներով» Ցուցահանդէսի Բացում

Հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ Ժունիէի մասնաճիւղի վարչութեան, շաբաթ, 25 մարտ 2017-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին տեղի ունեցաւ բացումը «ՀՄԸՄ Ժունիէի 65-ամեայ պատմութիւնը նկարներով» ցուցահանդէսին: Բացման արարողութիւնը կատարուեցաւ ձեռամբ Ժունիէի քաղաքապետ Ժուան Հպէյշի, Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանի, Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Հրայր Խաչատուրեանի եւ ցուցահանդէսի նկարներու հեղինակ Րաֆֆի Եսայեանի: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, ներկաները յոտնկայս մէկ...

Տեսողական Աշխարհաճանաչողութեան Գեղագիտական Նշանակութիւնը

Տեսողական Աշխարհաճանաչողութեան Գեղագիտական Նշանակութիւնը

Բաժին մը «Նոազ Արք»-ի տաղաւարէն Անցնող յունուարին «Նոազ Արք» ցուցասրահը անգամ մը եւս մասնակցեցաւ «Արթ սթէյճ Սինկափուր» միջազգային ցուցահանդէսին, ուր ներկայացուց հոյլ մը գեղանկարիչներու (Եուրոզի, Վահրամ Դաւթեանի, Ռուբէն Աբովեանի ու Սուրէն Ոսկանեանի) վաթսունէ աւելի ստեղծագործութիւնները, որոնք ինչպէս միշտ եւ ամէնուրեք արժանացան ջերմ ուշադրութեան եւ բարձր գնահատանքներու: Տրուած ըլլալով, որ Սինկափուրը Ծայրագոյն Արեւելքի մշակութային կարեւոր կեդրոններէն կը համարուի, եւ «Արթ սթէյճ...

Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» Կերպարուեստի Դպրոց.  Դասախօսական Երեկոյ` Այվազովսքիի Ծննդեան 200-ամեակին Մասին

Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» Կերպարուեստի Դպրոց. Դասախօսական Երեկոյ` Այվազովսքիի Ծննդեան 200-ամեակին Մասին

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ, Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներէն «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցին կազմակերպութեամբ hինգշաբթի, 16 մարտ 2017-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ մը Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ` նիւթ ունենալով Այվազովսքիի ծննդեան 200-ամեակը: Օրուան դասախօսն էր լիբանանահայ հանրածանօթ արուեստագէտ Յարութիւն Թորոսեան: Ձեռնարկին  սկիզբը ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի կրթական տնօրէն...

Page 37 of 68 1 36 37 38 68

Արխիւներ