Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եգիպտացի Գեղանկարիչ Ռիհամ Աֆիֆիին «Առասպելներու Աշխարհը» Պատկերագիրքի Շնորհահանդէսը

Մարտ 18, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

24 փետրուարին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ եգիպտացի գեղանկարիչ Ռիհամ Աֆիֆիին «Առասպելներու աշխարհը» («Տը լենտզ աֆ լեճընտզ») պատկերագիրքի շնորհահանդէսը, ուր ներկայացուած էին հեղինակին` Հայաստան կատարած երեք այցելութիւններուն ընթացքին ստեղծուած հայաստանեան բնանկարները:

Ձեռնարկին ներկայ էին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, Հայաստանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Թարեք Մաաթի, Հայաստանի մշակոյթի փոխնախարար Ներսէս Տէր Վարդանեան, Եգիպտոսի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Արմէն Մազլումեան, Հայաստանի նկարիչներու միութեան նախագահ Կարէն Աղամեան, ինչպէս նաեւ` արուեստաբաններ, մտաւորականներ եւ հիւրեր:

Ռիհամ Աֆիֆիի գեղանկարներու ցուցահանդէսը տեղի ունեցած է 2 դեկտեմբեր 2016-ին, Գահիրէի «Փիքասօ» պատկերասրահին մէջ: Ցուցահանդէսին հասոյթը նուիրուած էր «Թահիս Միսր» հիմնադրամին` երկրին կրթական ծրագիրներուն աջակցելու նպատակով:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան: Նախարարը բարձր գնահատեց Ռիհամ Աֆիֆիին մեծ սէրն ու համակրանքը Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին նկատմամբ: «Մասնագիտութեամբ ակնաբուժ Ռիհամը ապրիլ 2015-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկներուն ծիրին մէջ, այցելելով Հայաստան, այնքան տպաւորուած է մեր մշակոյթով, եկեղեցիներով, յուշարձաններով եւ յատկապէս հիւրասէր հայ ժողովուրդով, որ Հայաստանի մէջ ստեղծուած գծանկարներն ու լուսանկարները դարձուցած է գեղանկարներու», նշեց նախարար Հրանուշ Յակոբեան` լուսարձակի տակ առնելով այն փաստը, որ հայ- եգիպտական բարեկամութիւնը դարերու պատմութիւն ունի: Մենք շնորհակալ ենք եգիպտական իշխանութիւններուն, որ ստեղծած են բոլոր պայմանները` հայ համայնքի պահպանման եւ զարգացման համար», ընդգծեց նախարար Յակոբեան:

Հայ մշակոյթը ծանօթացնելու գործին մէջ ներդրած ջանքերուն համար նախարար Յակոբեան սփիւռքի նախարարութեան «Արշիլ Կորքի» մետալով պարգեւատրեց Ռիհամ Աֆիֆին:

Այնուհետեւ խօսք առաւ Հայաստանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Թարեք Մաաթի: Ան նշեց, որ երկու ժողովուրդներն ալ հին եւ բարձրակարգ քաղաքակրթութիւններու կրողներն են, եւ նոյնինքն այդտեղէն կու գայ հայ-եգիպտական դարաւոր բարեկամութիւնն ու փոխադարձ ըմբռնումը: «Եգիպտոսի մէջ հայկական համայնքը միշտ կարեւոր դեր կատարած է երկրի քաղաքական, ընկերային եւ հասարակական կեանքի զարգացման գործին մէջ: Մենք կը յարգենք հայերն ու հայ մշակոյթը: Այսօր այս ձեռնարկով կը մեծարենք Ռիհամ Աֆիֆին: Կը յուսամ, որ նաեւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարին անկեղծ հոգատարութեան տակ մեր երկու ժողովուրդները ալ աւելի կը սերտացնեն իրենց բարեկամութիւնը», նշեց դեսպան Թարեք Մաաթի:

Հայաստանի մշակոյթի փոխնախարար Ներսէս Տէր Վարդանեան շեշտեց, որ Հայաստանի մասին համաշխարհային հռչակ ունեցող բազմաթիւ արուեստագէտներ գրած ու զայն նկարած են: Անոնց կողքին այսօր իր ուրոյն հայեացքով առանձնացաւ Ռիհամ Աֆիֆի», ըսաւ ան:

Հայաստանի նկարիչներու միութեան նախագահ Կարէն Աղամեան նշեց. «Այս պատկերագիրքը, անկասկած, Հայաստան աշխարհի նկատմամբ Ռիհամ Աֆիֆիի տածած մեծ սիրոյ պտուղն է: Զարմանալի է, որ Ռիհամ գեղանկարիչի մասնագիտական կրթութիւն չունենալով` այնքան գեղարուեստականօրէն եւ հարազատօրէն վերարտադրած է հայկական բնապատկերներն ու յուշարձանները»: Կարէն Աղամեան աւելցուց, որ Աֆիֆին արժանի է դառնալու եւ պիտի դառնայ հայ նկարիչներու միութեան պատուաւոր անդամ:

Պատկերագիրքին մասին գնահատանքի խօսքով հանդէս եկաւ արուեստաբան Մարինա Ստեփանեան: Ան նշեց, որ Ռիհամ Աֆիֆի իրապէս ճանչցած ու սիրած է հայ ժողովուրդը: Ասոր վկաները անոր ջրաներկ գեղանկարներն են, որոնք իւղաներկ գեղանկարներու արժէք ունին:

Եգիպտոսի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Արմէն Մազլումեան աւելցուց, որ արուեստագէտին համար շատ կարեւոր է այսպիսի գնահատանք, որ նոր լիցքերով աշխատելու ուժ կու տայ:

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ գեղանկարիչ Ռիհամ Աֆիֆի: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց գնահատանքին համար եւ նշեց. «Այո՛, 1915 թուականը մեծ խարան է Հայոց ցեղասպանութիւնը գործած պետութեան համար, եւ անոնք ի վերջոյ պէտք է ընդունին իրենց ոճիրը: Ես անբացատրելի զգացում մը ունեցայ` ապրիլ 2015-ին Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ մասնակցելով Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու սրբադասումի հանդիսաւոր պատարագին: Ես ամէն անգամ կը զարմանամ հայերու հետ խօսելու ընթացքին: Անոնք շատ հիւրասէր են: Այստեղ բացայայտեցի, թէ հայերը որքա՛ն բարի են եւ որքա՛ն կը սիրեն իրենց հողը: Կ՛ըսեն, որ մեծ դժբախտութիւն է, երբ նռնենիները կացինով կը կտրուին: Թող նռնենիները ամէն տեղ ծաղկին այս երկրին վրայ»:

 

Նախորդը

Արարատը Ինծի Համար Յոյսի Խորհրդանիշ Է. Ռիհամ Աֆիֆի

Յաջորդը

Զուգահեռներ. Աշոտ Ճենտերէճեանի Մահուան Առիթով

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?