Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Երեք Առիթներու Արժանավայել Նշում Այնճարի Մէջ

Մարտ 10, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

Ըստ աւանդութեան, այս տարի եւս արժանավայել հանդիսութեամբ մը յիշատակուեցաւ Վարդանանց խոյանքը, Փետրուարեան ապստամբութիւնը եւ  Արցախի պահանջատիրութիւնը:

ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ, հինգշաբթի, 23 փետրուար 2017-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին տեղի ունեցաւ հանդիսութիւնը «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ:

Գեղարուեստական բաժինը յանձն առած էին գիւղիս երեք վարժարաններու աշակերտները:

Իր բացման խօսքին մէջ Մարինէ Գարայեան ողջունեց ներկաները, ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց Վարդանանց խորհուրդը, պոլշեւիկեան բռնատիրութեան դէմ պոռթկացող ապստամբութիւնը, եւ շեշտեց, որ` «Հայը չի յուսահատիր, եւ ի՛նչ որ ալ ըլլան հանգամանքները` ո՛չ մէկ ընկրկում»:

Ապա բեմ բարձրացան Հայ կաթողիկէ քոյրերու վարժարանի աշակերտները, որոնք կենդանի պատկերով մը ներկայացուցին օրուան խորհուրդը, որուն յաջորդեց Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի աշակերտական երգչախումբը:

Օրուան առաջին պատգամախօսն էր վերապատուելի Հրայր Չոլաքեան, որ իր խօսքին առաջին բաժինով անդրադարձաւ Վարդան Մամիկոնեանի կեանքին: Ան ըսաւ. «Հերոսներ պատահական ու անակնկալօրէն չեն յայտնուիր: Սուրբ Վարդանանց տօնին, երբ կը յիշենք 64-ամեայ, Աւարայրի դաշտին վրայ պատերազմող ու նահատակուող սպարապետը, շատ յաճախ կը մոռնանք այն ազդակներն ու տուեալները, որոնք զինք հասցուցին այս մեծ ու յիշատակելի օրուան»:

Գեղարուեստական երկրորդ բաժինով Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» երկրորդական վարժարանի աշակերտները ներկայացուցին խմբերգ մը, ապա Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի աշակերտներու կողմէ մատուցուեցաւ ասմունք մը:

Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան բեմ հրաւիրուեցաւ տալու օրուան պատգամն ու խորհուրդը: Քաղաքապետը շեշտեց, որ` «Մեր անցեալի  իրադարձութիւնները վերանայելով` կը հաստատենք, որ մեր ժողովուրդին նկատմամբ կիրարկուած բոլոր հալածանքները նպատակ ունեցած են կտրատել ու տկարացնել մեզ»:

Վ. Խօշեան անդրադարձաւ Փետրուարեան ապստամբութեան մանրամասնութեանց: «1921-ի փետրուար 18-ը ամէն կարգի բռնութեանց, անիրաւութեանց  դէմ ծառացող ապստամբութիւն էր, որ համաժողովրդային կամքով արտայայտուած ըմբոստութիւն էր բռնակալին դէմ, որ այդ փուլին մեզի կը ներկայանար պոլշեւիկեան դիմակով:  Դարձեալ թշնամին դիմեց ղեկավարութիւնն ու մտաւորականութիւնը անջատել ժողովուրդէն, եւ մեր ճակատագրի հոլովոյթը կրկնելու նման` կրկնուեցան հալածանքի նոյնանման բարբարոսութիւնները»:

Վարդգէս Խօշեան արագ ակնարկով մը ներկայացուց վերջին շրջանի ազատագրական մեր պայքարը, յիշեց անարգաբար սպաննուած մեր նահատակները այդ պայքարի ընթացքին եւ հաստատեց, որ` «Միջազգային շահադիտական դիւանագիտութիւնը նոյնն է ու մնայուն բարեկամ ունենալու երաշխիքներ գոյութիւն չունին: 1988-ին նոյնպէս փետրուարին ծնունդ առած ղարաբաղեան ազատագրական պայքարը չի կրնար մեր սեփական ուժերէն դուրս լուծում գտնել»:

Ան շարունակեց. «Սակայն Արցախը մերն է` մեր գոյութեան միջնաբերդը. պիտի շարունակենք պաշտպանել զայն մեր կեանքով, արեամբ ու հաւատքով»: Քաղաքապետը անդրադարձաւ նաեւ գիւղը յուզող կարգ մը հարցերու:

Ան ժողովուրդին ուղղելով իր խօսքը` շարունակեց` ըսելով, որ մեր գիւղը ունի պատմական ու ազգային մեծ նշանակութիւն, եւ անոր հայեցի դիմագիծը անաղարտ կերպով պահպանելը անհրաժեշտութիւն է ու հրամայական` ե՛ւ մեզի համար, ե՛ւ սփիւռքի, եւ մանաւանդ Հայաստանի իշխանութիւններուն»:

Ան աւելցուց, որ` «Մեր եկեղեցական-կրօնական դաստիարակութեան արգասիքը մեր հաւատքն է. քրիստոնէական հաւատքը, որ մօտաւորապէս երկու հազարամեակէ ի վեր մեր գոյութեան իմաստն ու ոգին բնորոշեց»:

«Ազգային գործին փարելու ու զայն անխարդախ ու ջինջ եղանակով վարելու մեր խիղճը եկէք ազնուացնենք` սիրոյ, յարգանքի ու երախտագիտութեան հասկացողութեամբ: Մենք պարտաւոր ենք հաւաքաբար նուիրումի զգացումը ստեղծել ու շուրջպար բռնելու նման` իրարու ձեռք տանք, շրջանակ կազմենք ու զօրակոչ յայտարարելով` միահամուռ կեցուածքով դիմակալենք բոլոր մարտահրաւէրները»:

«Այս գիւղի ամբողջականութիւնը վեհափառ հայրապետի օրհնեալ կեցուածքներու եւ մեր գաղութի ու արտերկրի բոլոր ազգային ու կուսակցական հաստատութեանց մտահոգութեան առարկայ է»:

«Կը հաւատանք, որ այս գիւղի բոլոր հայորդիները, բոլո՛րը անխտիր, կենսական անհրաժեշտութիւն են»:

«Մենք հպարտ ենք ձեզմով ու կը հաւատանք, որ այս գիւղը հետզհետէ աւելի երիտասարդ տարրերով պիտի ուռճանայ եւ բարգաւաճի, որովհետեւ մենք ձեր բոլորին գործակցութեամբ պիտի յաջողինք ստեղծել տնտեսական եւ ապրուստի բարօր պայմաններ եւ կարելիութիւններ»:

«Հրապարակաւ ու երախտագիտութեամբ պիտի ողջունենք ամէն քայլ, իւրաքանչիւր ծրագիր, որ կը միտի Այնճարի ու այնճարցիներու կենսամակարդակի բարելաւման ու զարգացման»:

Իր խօսքին վերջին բաժինով ան ըսաւ. «Փա՛ռք Վարդանանց հերոսամարտի եւ Փետրուարեան ապստամբութեան կերտիչներուն, հազա՛ր փառք յաղթանակ կերտելու ներշնչում արտայայտող մեր ժողովուրդին»:

Յետ բանախօսութեան, Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» երկրորդական վարժարանի աշակերտները ներկայացուցին գեղեցիկ պար մը:

Ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ Միւռոն քահանայի պահպանիչով:

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (10 Մարտ 1967)

Յաջորդը

Անդրադարձ Յայտնիներու Դիւանագիտութեան Եւ Սփիւռքի Քաղաքացիական Հասարակութեան

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?