Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեսրոպեանի Անձնակազմին Պտոյտը` Ուսուցչաց Տօնին Առիթով

Մարտ 22, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի Հարաւ կատարուած շրջապտոյտը Ուսուցչաց տօնին առիթով գեղեցիկ նուէր մը եղաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնութեան կողմէ` վարժարանի անձնակազմի անդամներուն:

9 մարտի կանուխ առաւօտուն սկսած պտոյտին առաջին հանգրուանը եղաւ Մաղտուշէ գիւղը, ուր Մեսրոպեանի անձնակազմին անդամները այցելեցին Սուրբ Կոյսի Սպասման (Մանթարայի) նշանաւոր սրբավայրը, ծանօթացան անոր պատմութեան եւ տարբեր բաժանմունքներուն, ինչպէս նաեւ բարձրացան Մանթարայի աշտարակը, ուրկէ կ՛երեւի ամբողջ Սայտա քաղաքը` իր շրջակայքով:

Ուսուցիչները խոկումի պահեր ապրեցան Մանթարայի քարայրին մէջ, ուր, ըստ աւանդութեան, Սուրբ Կոյսը ապաստանեցաւ, մինչ կը սպասէր, որ  իր Որդին աւարտէր քարոզը Սայտայի մէջ: Ապա խումբը ուղեւորուեցաւ դէպի Ֆաթիմայի Դուռ, որմէ ճամբան շարունակեց դէպի Քաուքապա, ուր նախ այցելեց մինչեւ 2 հազար տարեկան ծառեր ունեցող ձիթենիներու պուրակը եւ ապա հաւաքուեցաւ գիւղին եկեղեցւոյ մէջ` աղօթքի: Աղօթքի աւարտին կարճ պատգամ մը յղեց Մեսրոպեանի հոգեւոր վարիչ տէր Րաֆֆի քահանայ Յովհաննէսեան: Ան ներկաներու ուշադրութիւնը հրաւիրեց մարդու կեանքին մէջ կարեւոր տեղ զբաղեցնող երեք երեւոյթներու` սպասումին, լռութեան եւ աղօթքին վրայ` դիտել տալով, որ սպասումը կ՛ընդգծէ ժամանակի նշանակութիւնը, լռութիւնը կը թելադրէ խօսքի կշռադատուած եւ բովանդակալից օգտագործման անհրաժեշտութիւնը, իսկ աղօթքը այն է, որ մեզ հաղորդութեան մէջ կը պահէ Աստուծոյ հետ` մեր հաւատքը մշտարծարծ պահող:

Պտոյտը աւարտեցաւ Քաուքապայի գեղատեսիլ բնութեան գիրկը նստած հանգստավայրին մէջ տօնական ճաշով, որ ուրախ եւ հաճելի պահեր պարգեւեց Մեսրոպեանի անձնակազմին անդամներուն:

Նախորդը

Ամէն Ինչ Գլխիվայր – Պաքուն Խեղաթիւրում Է Կարգաւորման Էութիւնը

Յաջորդը

Ազգ. «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» Քոլեճ, Յարգա՛նք Քեզի, Սիրելի՛ Ուսուցիչ

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?