Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանին Մէջ

March 7, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեքշաբթի, 28 փետրուարին, վարժարանս հիւրընկալեց այս օրերուն Լիբանան գտնուող ամերիկաբնակ հայ պատմաբան, դասախօս փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանը, որ հանրածանօթ է Հայաստանի, Անդրկովկասի եւ Միջին Արեւելքի պատմութեան հարցերուն, Հայաստանի 20-րդ դարու սկիզբի, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան, Օսմանեան կայսրութեան մէջ Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան եւ պատմագրութեան նուիրուած իր աշխատութիւններով եւ հեղինակած գիրքերով:

Վարժարանիս աշակերտներուն հետ հանդիպման սկիզբը 11-րդ դասարանի աշակերտուհի Թամար Կանիմեան ներկայացուց փրոֆեսէօրը, այնուհետեւ,  վերջինս խօսք առնելով` անդրադարձաւ իր մանկութեան, պատանեկութեան եւ ամերիկահայ կեանքի պայմաններուն մասին, երբ սկսած է իր մէջ զօրանալ հայերէնին տիրապետելու հզօր ցանկութիւնը: Ան խօսեցաւ իր հեղինակած գիրքերուն մասին, որոնք բոլորն ալ կը վկայեն իր գիտական բերքին մասին, որուն միջոցով ան հայ հաւաքականութեան մէջ ունեցած է իր գնահատելի դերն ու ներդրումը: Ան նաեւ վաւերագրական ժապաւէններ ցուցադրեց իր դստեր` Անի Յովհաննէսեան-Գրիգորեանի կատարած գիտաշխատական այցելութենէն պատմական Մուսա Լեռ եւ հանդիպումը` համշէնահայութեան հետ:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Ասպետ» եւ «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշաններուն արժանացած փրոֆեսէօր Ռ. Յովհաննէսեան աշակերտները մղեց լաւ գիտնալու հայոց լեզուն եւ պատմութիւնը, պահելու իրենց մշակութային արժէքները, ինչպէս նաեւ` գիտակցելու Ցեղասպանութենէն վերապրած ազգ ըլլալու կարեւորութեան եւ անկէ մղուելով` անեղծ պահելու մեր հայկական ինքնութիւնը:

Աւարտին, տնօրէնուհի Ռիթա Պոյաճեան նախ շնորհաւորեց փրոֆ. Յովհաննէսեանը, որ ծնած ըլլալով ամերիկեան օտար միջավայրի մէջ` կրցած է ոչ միայն տիրապետել հայոց լեզուին եւ պատմութեան, այլ նաեւ մեր ազգային պատմութիւնը լաւապէս տարածել եւ փոխանցել թէ՛ հայերուն եւ թէ՛ օտարներուն:  Ռ. Պոյաճեան շնորհակալութիւն յայտնեց այս շինիչ հանդիպումին համար եւ մաղթեց, որ Ռիչըրտ Յովհաննէսեան պատմաբանը օրինակ հանդիսանայ ներկայ եւ գալիք նոր սերունդին:

 

Նախորդը

Զաքարի Շուշին Ու «Վարանդան»

Յաջորդը

Վարդանանց Տօնակատարութիւնը Սրբոց Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարանին Մէջ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.