Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. «Լինտերու Եւ Բերանի Խնամք»

March 24, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 8 մարտ 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Լինտերու եւ բերանի խնամք» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց ատամնաբոյժ տոքթ. Լոռի Աբրահամեան:

Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան: Ան իր խօսքին սկիզբը Կիներու միջազգային օրուան առիթով շնորհաւորեց բոլոր հայ կիները, մայրերը, քոյրերը, յատկապէս` ԼՕԽ-ականները: Օրուան դասախօսը ներկայացնելէ ետք ան անդրադարձաւ ակռաներու ու լինտերու խնամքին` նշելով, թէ անոնք կարեւոր մէկ օղակն են մեր մարմնի ընդհանուր առողջութեան:

Տոքթ. Լոռի Աբրահամեան դասախօսութիւնը սկսաւ խօսելով հետաքրքրական ու փաստացի երեւոյթի մը մասին. երբ երկու անձեր կը հանդիպին իրարու, մէկզմէկու դէմքին վրայ առաջին անգամ կը նկատեն ժպիտը եւ ժպիտը ամբողջացնող ակռաները:

Բացատրելով բերանին կարեւորութիւնը ու անդրադառնալով մարմինի այլ անդամներուն հետ անոր կապին` դասախօսը բերանը նմանցուց դրան մը, ուրկէ զանազան լաւ կամ ոչ լաւ նիւթեր կրնան մուտք գործել եւ արեան ճամբով հասնիլ մարմնի տարբեր մասերը: Ոչ առողջ ատամները, բերանը, կապ ունին տարբեր հիւանդութիւններու հետ, ինչպէս` շաքարախտի, սրտի, թոքերու, ատամներու փտածութեան եւ այլն:

Տոքթ. Լոռի Աբրահամեան բացատրեց, թէ երբ 12 ժամ մենք չենք վրձիներ մեր ատամները ի՛նչ կրնայ պատահիլ. փլաք կը կազմուի մանրէներով լեցուն, հետագային ակռայի աղտի (թարթար) եւ կիրի կուտակումը, զոր ատամնաբոյժը պէտք է յատուկ միջոցներով մաքրէ: Երբ այս կուտակումները  չեն մաքրուիր, կրնան յառաջացնել զանազան հիւանդութիւններ, լինտերը կը բորբոքին, կը կարմրին, իսկ երբ վրձինենք` կ՛արիւնին:

Այնուհետեւ դասախօսը սահիկներու օգնութեամբ ներկայացուց առողջ ու ոչ առողջ ատամները, լինտերը:

Նշելով այն ազդակները, որոնք պատճառ կը դառնան փլաքի եւ ակռայի աղտի կուտակման ու զարգացման` դասախօսը յիշեց ծխախոտի գործածութիւնը, շաքարախտը եւ այլն:

Դասախօսը բացատրեց, թէ ի՛նչ հերթականութեամբ պէտք է  մաքրենք մեր լինտերն ու ատամները` դիտել տալով, որ եթէ առկայ է լինտերու հիւանդութիւն, ուրեմն անոնց խնամքը աւելի յաճախակի պէտք է ըլլայ:

«Մեր բերանի խնամքը կը սկսի մեր տան մէջ» հաստատումը կատարելով դասախօսը շարունակեց իր ներկայացումը: Նախ եւ առաջ ակռաները հերթական ու կանոնաւոր կերպով վրձինելը օրական 2 անգամ, յատկապէս ակռաները վրձինել ճաշէն կէս ժամ ետք, ու մօտաւորապէս կէս ժամ ետք ճաշել: «Անհրաժեշտ է օգտագործել փափուկ վրձին, եւ շատ ուժ չգործածել վրձինելու ընթացքին», ըսաւ ան:

Ան յայտնեց, որ կարեւոր է ատամներուն միջեւ մաքրել թելով, որովհետեւ վրձինելը ատամները կը մաքրէ մօտաւորապէս 70 տոկոսով, մնացեալը անհրաժեշտ է մաքրել թելի օգտագործումով, օրական դրութեամբ:

Վերջին բաժինով տոքթ. Լոռի Աբրահամեան խօսեցաւ ատամնաշարերուն ու անոնց խնամքին մասին: Ան սխալ նկատեց այն համոզումը, թէ երբ ատամնաշարերը կը փոխարինեն ակռաները,  խնամքի կարիքը չ՛ըլլար: Ատամնաբոյժը բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս պէտք է խնամել ատամնաշարը, սկիզբը զանոնք պահել մօտաւորապէս 15 վայրկեան մանրէասպան հեղուկի մէջ, շարունակելով յատուկ վրձինով մաքրել, վերջին հանգրուանը լուալ մաքուր ջուրով, յատուկ տուփի մէջ պահել մինչեւ չորնալը, եւ ոչ ջուրի մէջ:

Աւարտին տոքթ. Լոռի Աբրահամեան զանազան օրինակներով եւ բացատրութիւններով պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (24 Մարտ 1967)

Յաջորդը

Հայ Եկեղեցւոյ Սուրբ Եւ Անմահ Պատարագը Թեմայով Համագումար Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.