Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Եկեղեցւոյ Սուրբ Եւ Անմահ Պատարագը Թեմայով Համագումար Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Մարտ 24, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ եկեղեցւոյ առանցքը կը կազմէ սուրբ եւ անմահ պատարագը: Ս. պատարագի ճամբով հաւատացեալները մասնակից կը դառնան Քրիստոսի բանաւոր պատարագին: Ս. պատարագի իւրաքանչիւր աղօթքն ու շարժումը ունի իր իմաստն ու բացատրութիւնը, որուն մեկնութիւնն ու իմաստը պէտք է փոխանցուի հաւատացեալ ժողովուրդին:

Բարձր հովանաւորութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին, 18-19 մարտ 2017-ին Անթիլիասի մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ երկօրեայ համագումար` «Հայ եկեղեցւոյ Ս. եւ անմահ պատարագը» խորագրեալ: Համագումարին իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան հարիւր յիսուն երիտասարդ-երիտասարդուհիներ` ժամանած  Կիրակնօրեայ եւ Ազգային վարժարաններէ, ծխային եկեղեցիներու դպրաց դասերէ եւ զանազան հոգեւոր եղբայրակցութիւններէ:

Ներկաներուն ողջոյնի խօսք արտասանեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան վերոյիշեալ բաժանմունքի նախկին վարիչ Նշան վրդ. Լախոյեան, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, ամփոփ գիծերու մէջ խօսեցաւ քրիստոնէական կեանքին մէջ պատարագին ունեցած կարեւորութեան մասին: Հայր սուրբը իր խօսքին մէջ յայտնեց, թէ «եկեղեցի մը քրիստոնէական դաստիարակութեան ճամբով իր հաւատացեալներուն եթէ փոխանցած չըլլայ Ս. պատարագի մեկնութիւնը, արդէն իսկ ձախողած կ՛ըլլայ իր քրիստոնէական դաստիարակութեան առաքելութեան մէջ»:

Սոյն երկօրեայ համագումարը բաժնուած էր չորս մասերու.

Ա) Ս. պատարագի պատմական հոլովոյթ
Բ) Ս. պատարագի պատրաստութիւն եւ Ճաշու պատարագ
Գ) Բուն պատարագի մեկնութիւն
Դ) Արձակում եւ հոգեհանգիստ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի նոր նշանակուած վարիչ Մեղրիկ եպս. Բարիքեան առաջին բաժինով ներկայացուց Ս. ;ատարագի պատմական հոլովոյթը` սկսելով քրիստոնէական առաջին դարերէն, հասնելով մինչեւ մեր օրերը: Սրբազան հայրը մասնաւորաբար խօսեցաւ «պատարագ» բառի ծագման եւ իմաստին մասին: Պատմական հոլովոյթին մէջ սրբազանը խօսեցաւ Ս. պատարագի ծիսական բաժինին եւ քահանայական ու եպիսկոպոսական զգեստներուն, աղօթքներուն, շարականներուն ու երաժշտութեան զարգացման մասին: Աւարտին, սրբազան հայրը իւրաքանչիւր զգեստի բաժինին բացատրութիւնն ու անոր հոգեւոր իմաստը փոխանցեց ներկաներուն:

Երկրորդ բաժինով հանդէս եկաւ Գեղամ արք. Խաչերեան, որ խօսեցաւ  Ճաշու պատարագի մասին` աւետարանական ընթերցումներու եւ «Հաւատամք»-ի բաժինները բնորոշելով որպէս ուսուցողական մաս: Սրբազան հայրը մասնաւորաբար խօսեցաւ Ճաշու պատարագէն Բուն պատարագի անցման հատուածին մասին, ուր նախնական օրէնքով չմկրտուածներ, չմաքրուածներ եւ չապաշխարածներ դուրս կ՛ելլէին սարկաւագին «Մի ոք յերախայից…»-ի կոչին ժամանակ:

Բուն պատարագի բացատրութիւնն ու մեկնութիւնը կատարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Կրօնադաստիարակչական հրատարակութեանց բաժանմունքի վարիչ Վաղինակ ծ. վրդ. Մելոյեան: Հայր սուրբը խօսելով գինիի ու նշխարի սրբագործման մասին` բացատրեց օրհնութեան աղօթքներուն խոր իմաստը` շեշտելով անոնց խորհուրդին, ինչպէս նաեւ նշխարը` Քրիստոսի մարմնին, իսկ գինին` Քրիստոսի արեան փոխակերպման մասին:

Պատարագի վերջին բաժինին` հոգեհանգիստի եւ արձակումի մեկնութիւնը կատարեց Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանի փոխտեսուչ Պսակ աբղյ. Թէփիրճեան: Հայր սուրբը մասնաւորաբար անդրադարձաւ հոգիներուն համար պատարագ մատուցանելու պատմական հոլովոյթին եւ անոր հոգեւոր ու աստուածաբանական նշանակութեան:

Համագումարի աւարտին, Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին կողմէ մասնակիցներուն տրուեցաւ վկայագիր` առ ի գնահատանք իրենց մասնակցութեան:

Համագումարին փակման խօսքը արտասանեց ու իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը: Վեհափառը իր պատգամին մէջ անդրադարձաւ պատարագի կարեւորութեան եւ շեշտեց դիտողի դերէն դուրս գալու եւ մասնակից դառնալու անհրաժեշտութիւնը: Վեհափառ հայրապետը յատկապէս ընդգծեց, թէ պատարագը եկեղեցւոյ կեանքին մէջ այն արարողութիւնն է, որով Քրիստոս ինք կը պատարագուի եւ կը պատարագէ: Հաղորդութեան ճամբով մենք հաղորդակից կը դառնանք պատարագիչին եւ պատարագեալին: Արամ Ա. կաթողիկոս իր խոր գնահատանքը յայտնեց Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին, ինչպէս նաեւ մասնակիցներուն` հրաւիրելով մի՛շտ որպէս մասնակից ներկայ գտնուելու Ս. պատարագի արարողութեանց:

Յայտնենք, որ Ս. պատարագի մեկնութեան երկօրեայ համագումարին առիթով Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի գրասենեակէն լոյս տեսաւ սուրբ պատարագի զգեստներու բացատրողական գրքոյկ մը:

Նախորդը

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. «Լինտերու Եւ Բերանի Խնամք»

Յաջորդը

Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» Կերպարուեստի Դպրոց. Դասախօսական Երեկոյ` Այվազովսքիի Ծննդեան 200-ամեակին Մասին

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?