Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Լուսնոտութիւն» Նիւթով

February 22, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 7 փետրուար 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Լուսնոտութիւն» (Epilepsy) նիւթով դասախօսութիւնը, որ ներկայացուց տոքթ. Կարապետ Չպուքճեանը:

Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը կատարեց յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Սիրուն Վարդապետեանը: Ան ներկայացուց օրուան դասախօսութեան նիւթը եւ ըսաւ, որ «Լուսնոտութիւն»-ը նեարդային համակարգի քրոնիք հիւանդութիւն է, որ կը դրսեւորուի կարճատեւ նոպաներով: Նոպաներուն պատճառը ուղեղի բջիջներու անկանոն աշխատանքն է, եւ թէ ինչո՛ւ տեղի կ՛ունենան, մինչեւ օրս պարզուած չէ բժշկագիտութեան մէջ: Վիճակագրական տուեալներ ցոյց կու տան, որ աշխարհի բնակչութեան 0,9%-ը կը տառապի լուսնոտութենէ: Ապա Ս. Վարդապետեանը հրաւիրեց օրուան դասախօսը` ներկայացնելու դասախօսութիւնը:

Տոքթ. Կարապետ Չպուքճեանը դասախօսութիւնը սկսաւ սահիկներու օժանդակութեամբ եւ նշեց, որ լուսնոտութիւնը ուղեղի հիւսուածքին մէջ ելեկտրական խանգարում է, որ պատճառ կ՛ըլլայ կրկնուող նոպաներու եւ կ՛արտայայտուի երկու ձեւերով`

– Ցնցումներով (Epilepsy convulsion),

– Ջղաձգութեան նոպաներով (Epilepsy seizure):

Տոքթ. Չպուքճեանը բացատրեց իւրաքանչիւր ձեւը`  ըսելով, որ ցնցումները անբնական, ակամայ մկանային կծկումներ են ընդհանուր մարմնին վրայ, յատկապէս` ձեռքերուն եւ ոտքերուն, որոնք կը սկսին անակնկալօրէն, առանց որեւէ ախտանշանի, իսկ ջղաձգութեան նոպաները կ՛արտայայտուին մարմնական ցնցումներով, զգայնութեան  խանգարումներով, գիտակցութեան կորուստով, մտածողութեան խանգարումներով:

Դասախօսը շարունակելով` թուեց լուսնոտութեան պատճառները`

– Բնածին արատներ,

– Ուղեղի թթուածինի սնուցման դադար,

– Ուղեղի կաթուածներ,

– Ուղեղի սուր վէրքեր (արկածներու պատճառով),

– Ուղեղի բջիջներու բորբոքում,

– Ուղեղի հիւսուածքներու փոփոխութիւն:

Ան թուեց նաեւ լուսնոտութեան տեսակները`

– Առանց որեւէ ջղաձգային նոպայի լուսնոտութիւն. կը պատահի մանուկներուն քով,  հիւանդը քանի մը երկվայրկեան կ՛անջատուի իր շրջապատէն` նայուածքը մէկ ուղղութեամբ, չի զգար, չի լսեր, չի տեսներ:

– Մասնակի լուսնոտութիւն. ելեկտրական խանգարումը կ՛ըլլայ ուղեղի մէկ մասին վրայ:

– Համատարած լուսնոտութիւն. անբնական ցնցումներով հիւանդը գետին կ՛իյնայ` նայուածքը մէկ ուղղութեամբ, գիտակցութիւնը կը կորսնցնէ, բերնին մէջ լորձունքը կ՛աւելնայ, միզամանի եւ աղիքներու թուլութիւն կ՛ունենայ:  Եթէ նոպաները հինգ վայրկեանէն աւելի երկարին, հարկ է հիւանդը հիւանդանոց փոխադրել:

Դասախօսը ներկայացուց նաեւ ախտաճանաչման երեք ձեւերը եւ շեշտեց, որ բոլորը միասին պէտք է կատարել: Ձեւերն են`

– Արեան քննութիւն,

– Ուղեղի ժապաւէն,

– CT scan կամ MRI քննութիւն:

Ան անդրադարձաւ նաեւ լուսնոտութեան բուժումին մասին`

– Դեղերով բուժում,

– Nerve stimulation,

– Վիրաբուժութիւն,

– Յատուկ սննդականոն:

Ինչպէ՞ս պէտք է օգնել լուսնոտ հիւանդին նոպայի ընթացքին`

– Հանգիստ եւ կողմնակի պառկեցնել զայն, որպէսզի լորձունքը դուրս թափի եւ թոքերուն երթալով` ենթական չխեղդուի,

– Որեւէ սուր առարկայ չձգել հիւանդին մօտ,

– Չփորձել հիւանդին դեղ կամ ջուր խմցնել:

Դասախօսութեան վերջին բաժինով դասախօսը յանձնարարեց, որ բժիշկին պէտք է դիմել`

– Երբ հիւանդին առաջին նոպան է,

– Երբ կը կասկածինք, թէ ցնցումները լուսնոտութեան հետեւանք են,

– Երբ նոպաները հինգ վայրկեանէն աւելի տեւեն,

– Երբ նոպաներուն պատճառով հիւանդը վիրաւորուած է,

– Երբ հիւանդը յղի է:

Եզրափակելով` տոքթ. Չպուքճեանը յայտնեց, որ յիշեալ հիւանդութէնէն տառապող անձը բնական կեանք մը կ՛ապրի, եթէ բժիշկին յանձնարարած դեղերուն ճշգրտօրէն հետեւի: Ապա ան պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:

Նախորդը

Առողջապահական. Գլխացաւի Հինգ Պատճառներ

Յաջորդը

Երկու Հայկական Պետութիւններու Մշակոյթի Նախարարութիւններու Միջեւ Ստորագրուած Է Փոխըմբռնման Յուշագիր

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.