ՀՅԴ երիտասարդական միութիւնը Նէա Զմիռնիի կեդրոնական հրապարակին վրայ տեղադրեց տեղեկատուական տաղաւար, ուրբաթ, 23 փետրուարէն մինչեւ կիրակի, 25 փետրուար, Արցախի ազատագրական շարժումի 30-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ:
Միութեան անդամները տեղեկութիւններ կու տային բոլոր անցորդներուն` Արցախի եւ Հայ դատի շուրջ: Նաեւ կը ծախէին Հայ դատի վերաբերեալ գիրքեր, երգի խտասալիկներ, պլուզներ եւ այլն: