Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտութիւնը արժանաւորապէս նշեց Սրբոց Վարդանանց տօնը` վերանորոգելով իր ուխտը` հաւատարիմ մնալու հայրենիքի եւ հաւատքի պաշտպանութեան անոնց կտակին:
Մեսրոպեանի աշակերտները, ըստ բաժանմունքներու, առանձին չորս հանդիսութիւններով ոգեկոչեցին Աւարայրի հերոսներուն յիշատակը` անոնց նուիրուած գեղարուեստական ելոյթներով, մինչ բանախօսները հանդէս եկան պատգամներով, յատկապէս շեշտելով տօնին այժմէական նշանակութիւնը` նոր սերունդին համար:
Տօնին նուիրուած աշակերտական կատարումները յատկանշուեցան անմիջականութեամբ եւ բծախնդիր պատրաստութեամբ, ուր նաեւ պատասխանատու ուսուցիչներուն կատարած աշխատանքը ակներեւ դարձաւ:
Տարրականի աշակերտներուն յաւուր պատշաճի խօսք ուղղեց վարժարանի անձնակազմի անդամ Իզապէլ Լեւոնեանը, նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտներուն` Մարալ Հարպոյեանը, իսկ երկրորդականի աշակերտներուն` մանկավարժ Սրբուհի Ճենանեանը: Անոնք բացատրեցին Աւարայրի ճակատամարտի պատմական պայմաններն ու անոր նշանակութիւնը` հայ ժողովուրդին համար: Բանախօսները անդրադարձան մշակութային այլասերումին եւ ազգային հարցերուն հանդէպ անտարբերութեան, որոնք վտանգի կ՛ենթարկեն հայութիւնը եւ որոնց նկատմամբ պէտք է նոյն քաջութեամբ, գիտակցութեամբ ու հաւատքով ծառանալ, ինչպէս Վարդանանք դիմագրաւեցին յազկերտեան վերջնագիրը:
Բոլոր հանդիսութիւններուն եզրափակիչ խօսքով հանդէս եկաւ Մեսրոպեանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստը, որ դիտել տուաւ, թէ ի տարբերութիւն բազմահազար հայ մանուկներու եւ պատանիներու, աշխարհի ամբողջ տարածքին, Մեսրոպեանի նման հայկական վարժարաններու աշակերտները պէտք է բախտաւոր եւ հպարտ զգան, որ կ՛ապրին հայօրէն` խօսելով, երգելով եւ ասմունքելով իրենց հայրերու լեզուով, որուն պաշտպանութեան համար Վարդանանք զոհուեցան: Ան կոչ ուղղեց աշակերտներուն, որ ոչ միայն այս արժէքները յաւերժ ապրեցնեն իրենց մէջ, այլ նաեւ տարածողները ըլլան այդ արժէքներուն, յատկապէս` հայութենէն մեկուսացած իրենց տարեկիցներու շրջանակին մէջ:





