Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Համազգայինը Գիրքին Ընդառաջ». Հանդիպում-Զրոյց` Համազգայինի Հայաստանի Գրասենեակին Մէջ

Մարտ 5, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կ՛ըսեն` հանդիպումը լաւ գիրքի հետ կրնայ փոխել մարդու ճակատագիրը: Ճիշդ այդ` լաւ գիրքի հետ հանդիպման ակնկալութեամբ ալ գիրք նուիրելու օրուան առիթով Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Հայաստանի գրասենեակը փետրուար 20-ին կազմակերպած էր  «Համազգայինը գիրքին ընդառաջ» հանդիպում-քննարկումը:

Հանդիպումին կը մասնակցէին` անուանի գրողներ, գրականագէտներ, գրահրատարակիչներ, գեղանկարիչներ, մշակութասէր երիտասարդներ եւ ուսանողներ, պարզապէս` Համազգայինի լաւ բարեկամներ:

Հանդիպումի մեկնարկին Համազգայինի Հայաստանի գրասենեակի տնօրէն Նարէ Միքայէլեանը ողջունելով ներկաները` խօսեցաւ օրուան խորհուրդի,  հայ իրականութեան մէջ գիրքի նշանակութեան եւ արժէքի մասին, այնուհետեւ  հրաւիրեց բոլոր ներկաները` իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերելու հանդիպում-քննարկման:

Հանդիպումին ներկայ էր Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» գրատարած-հրատարակչութեան, «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեանը, որ անդրադարձաւ Համազգայինի հրատարակչական մարմինի ստեղծման պատմական ակունքներուն, երբ հեռաւոր  1931-ին Պէյրութի մէջ հաստատուած տպարանով դրուեցաւ Համազգայինի հրատարակչական եւ գրատարած գործունէութեան սկիզբը: Խօսելով Համազգայինի հրատարակչական մարմինի վերջին տարիներու ձեռքբերումներուն մասին` Հաւաթեան փաստեց, որ Համազգայինի  հրատարակչական մարմինը կը փորձէ մշտապէս իր ձեռքը պահել ոլորտի զարկերակին` ծաւալուն հրատարակչական աշխատանքի շնորհիւ հնարաւորութիւն տալով ինչպէս արեւմտահայ, այնպէս ալ արեւելահայ ստեղծագործողին հրատարակուելու եւ իրենց ստեղծագործութիւնները գրասէր լայն շրջանակներուն հասանելի դարձնելու: Խօսուեցաւ նաեւ սփիւռքի մէջ հրատարակչական գործունէութեան առկայ խնդիրներուն մասին, շեշտուեցաւ յատկապէս այն հանգամանքը, որ հրատարակչական գործը սփիւռքի մէջ մեծ մասամբ կ՛իրականացուի  կրթամշակութային կառոյցներու, ինչպէս նաեւ` մասնաւոր հատուածի գործօն մասնակցութեան միջոցով: Յակոբ Հաւաթեանը  հանդիպումին ներկայ իր գործընկերներուն առաջարկեց  խնդիրներու լուծման ճանապարհին միասնական լուծումներ փնտռել, ինչպէս նաև խօսեցաւ անոնց ուղղութեամբ գործնական քայլեր իրականացնելու Համազգայինի պատրաստակամութեան մասին:

Գրականագէտ, «Անտարես մետիահոլտինկ» գլխաւոր խմբագիր Արքմենիկ Նիկողոսեանը ողջունելով ներկաները` խօսեցաւ Հայաստանի մէջ  գրահրատարակչութեան վերջին տարիներուն ձեռքբերումներուն եւ առկայ խնդիրներուն մասին:  Շեշտելով գիրքի տպագրութեան եւ վաճառքի, գրադարաններու ու գրախանութներու գործունէութեան շարունակաբար բարելաւման կարեւորութիւնը` Արքմենիկ Նիկողոսեանը իր հերթին առաջարկեց այդ ուղղութեամբ Համազգայինի հետ գործակցաբար միասնական քայլեր իրականացնել, մասնագիտական  խորհրդակցութիւններու, քննարկումներու, ինչպէս նաեւ` մշակութային փոխայցելութիւններու ճանապարհով:

Զրոյցին իրենց մեկնաբանութիւններով մասնակցեցան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Գրականութեան հիմնարկի տնօրէն Վարդան Դեւրիկեանը, Հայաստանի Գրողներու միութեան հրատարակչութեան տնօրէն Շանթ  Մկրտչեանը, Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրութեան բաժինի տնօրէն Արծրուն Աւագեանը,  կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան սփիւռքի հետ կապերու բաժինի ղեկավար Կարէն Մնացականեանը, գեղանկարիչ Յաղթանակ Շահումեանը, գրականագէտ Սուսաննա Յարութիւնեանը, բանաստեղծ Հրանտ Ալեքսանեանը  եւ այլք:

Զրոյց-քննարկման յաջորդեց Համազգայինի Հայաստանի գրասենեակի` գիրքի տօնին նուիրուած ֆէյսպուքեան մրցոյթի յաղթողներուն պարգեւատրումը: Համազգայինի բացառիկ հրատարակութիւններէն օրինակներու արժանացան` Գէորգ Գարդմանցի Գիւլումեանը («Հայ առասպելաբանութիւն» Սարգիս Յարութիւնեան), Նաիրա Խաչիբաբեանը («Ձիւնը», Օրհան Փամուք), Անի Աւետիսեանը («Ծաղկաքաղ արեւմտահայ գրականութեան»), Մարիշ Գրիգորեանը («Աւետիս Ահարոնեան» գիտաժողովի նիւթերու ժողովածու), Մարինա Օհանէսեանը («Արեւի բնակավայրը», Ս. Ղարաբաղցեան), Մարիամ Ալոյեանը  «Իս իմ անուշի ոդիսականը», Պ. Սնապեան), Տաթեւ Աւետիսեանը («Ծաղկաքաղ սփիւռքահայ գրականութեան»):

Գիրքի մասին գինիի շուրջ զրոյցներով  շարունակուեցաւ  Համազգայինի հերթական մշակութային հաւաքը, որ կազմակերպուած էր միութեան 90-ամեակի յոբելենական  ձեռնարկներու ընթացքին:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

21 փետրուար 2018

Նախորդը

Արցախեան Շարժման 30-ամեակին Նուիրուած` Քաշաթաղի Իշխանաձոր Համայնքին Մէջ Ձեռնարկ Կազմակերպուած Է

Յաջորդը

Վազքով Սկսող Երթի Վազքով Աւարտը

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?