Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միջեկեղեցական Կարեւոր Հանդիպում Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Փետրուար 22, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, հինգշաբթի, 15 փետրուարէն շաբաթ, 17 փետրուար 2018 Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական հանդիպում Հին կաթողիկէ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներուն եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ:

Յիշեալ եկեղեցւոյ կողմէ կը մասնակցէին դոկտ. Հարըլտ Ռէյն եպիսկոպոսը, որ եպիսկոպոսն է Զուիցերիոյ Հին կաթողիկէ եկեղեցւոյ ու միաժամանակ ընդհանուր պատասխանատուն` նոյն եկեղեցւոյ պատկանող Պեռնի (Զուիցերիա) համալսարանի աստուածաբանական բաժնին, դոկտ. Անտրէաս Քրեպս` ընդհանուր եկեղեցւոյ պատմութեան դասախօս Պոնի (Գերմանիա) համալսարանին մէջ, դոկտ. Աբէլ Մանուկեան` հայրաբանութեան դասախօս Ֆրիպուրկի (Զուիցերիա) համալսարանին մէջ եւ Զուիցերիոյ Բողոքական ու Հին կաթողիկէ եկեղեցիներու միջեկեղեցական գործակցութեան պատասխանատու, եւ դոկտ. Փիթըր Պեն Սմիթ` բարոյագիտութեան դասախօս Իւթրեխթի (Հոլանտա) համալսարանին մէջ:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ կը մասնակցէին Շահէ եպս. Փանոսեան` առաջնորդ Լիբանանի հայոց թեմին, Թենի Սիմոնեան` ընկերաբանութեան դասախօս Ժընեւի Ուեպըսթըր համալսարանին մէջ, Սեդա Խտըշեան` Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամ, Պօղոս վրդ. Թինքճեան` տեսուչ դպրեվանուց, Հրանդ վրդ. Թահանեան` միջեկեղեցական յարաբերութեանց գրասենեակի վարիչ եւ Արազ Գոճայեան` տեղեկատուական բաժանմունքի գրասենեակի վարիչի օգնական:

Հին կաթողիկէ եկեղեցին ստեղծուեցաւ 19-րդ դարուն` որպէս հակազդեցութիւն, երբ Վատիկանի առաջին ժողովին (1870) կողմէ պապին անսխալականութիւնը ու բացարձակ հեղինակութիւնը վերածուեցաւ տոկմայի: Սկզբնական շրջանին շարժում եղած այս եկեղեցին աստիճանաբար վերածուեցաւ կազմակերպ եկեղեցւոյ` Եւրոպայի մէջ, յատկապէս` Զուիցերիոյ, Չեխոսլովաքիոյ, Գերմանիոյ եւ Հոլանտայի մէջ: Ապա նոյն եկեղեցին կապեր հաստատեց Ափրիկէի, Հնդկաստանի, Ամերիկայի եւ հիւսիսային Եւրոպայի զանազան եկեղեցիներուն հետ: Այսօր Եւրոպայի մէջ կարեւոր եկեղեցիներէն մին է ան` իր դպրեվանքներով, համալսարաններով ու լայնածաւալ գործունէութեամբ:

Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցած միջեկեղեցական հանդիպումը կազմակերպուեցաւ Հին կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջարկով: Երեք օրերու վրայ տարածուած հանդիպումին օրակարգը բաղկացած էր երեք բաժիններէ.

ա) Հայ եւ Հին կաթողիկէ եկեղեցիներու պատմութեան ծանօթացում,
բ) Միջեկեղեցական շարժումին պարզած ներկայ վիճակը եւ
գ) Եկեղեցին ու ընկերաբարոյական հարցեր:

Հանդիպումին բացումը կատարելով` վեհափառ հայրապետը շեշտեց, որ ներկայ աշխարհին մէջ միջեկեղեցական գործակցութիւնը հրամայական է, որովհետեւ անկախ իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ առնչուած հարցերէն` քրիստոնեայ աշխարհը կը դիմագրաւէ լուրջ տագնապներ եւ մարտահրաւէրներ, որոնց նկատմամբ եկեղեցիներ կոչուած են հաւաքական տեսակէտներ բանաձեւելու ու միացեալ ճիգով դիմագրաւելու քրիստոնէական հաւատքին սպառնացող վտանգները: Ապա նորին սրբութիւնը ըսաւ, որ փոխադարձ ճանաչումը կենսական է առողջ ու արդիւնաւէտ գործակցութեան:

Հայրապետին համագումարին ուղղութիւնը ճշդող բացման խօսքէն ետք հայր Հրանդն ու հայր Պօղոսը ընդհանուր գիծերով ներկայացուցին Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան գլխաւոր փուլերն ու յատկանշական երեսները: Հին կաթողիկէ եկեղեցւոյ կողմէ նոյն ձեւով ներկայացուեցաւ յիշեալ եկեղեցւոյ կազմաւորման հանգրուանները եւ կաթոլիկ եկեղեցւոյ հետ անոր ունեցած հասարակաց ուսուցումներն ու տարբերութիւնները: Բնականաբար իւրաքանչիւր ներկայացումէ ետք տեղի ունեցաւ հարց-պատասխան: Այս բաժինը ամփոփելով` վեհափառը ընդգծեց Հայ եկեղեցւոյ իւրայատկութիւնները, անոր առաքելական հիմքէն սկսեալ, ազգային ինքնութիւնը, մշակութային դերը, աստուածաբանական ուսուցումները ու միջեկեղեցական ոգին եւ անոր առանցքային դերը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ:

Երկրորդ բաժնին առաջին ներկայացումը կատարուեցաւ Թենի Սիմոնեանին կողմէ: Իր ունեցած լայն փորձառութեան լոյսին տակ, ան պարզեց յատկապէս Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին ներկայ ծրագիրներն ու անոր դիմագրաւած ներկայ մարտահրաւէրները: Որպէս Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին ընկերային ծառայութեան նախկին տնօրէնուհին՝ Սեդա Խտըշեան իր կարգին անդրադարձաւ ՄԱԵԽ-ի գործունէութեան: Հին կաթողիկէ եկեղեցւոյ կողմէ նոյն ձեւով ընդհանուր գիծերով ներկայացուեցաւ անոր ունեցած միջեկեղեցական գործունէութիւնը, աստուածաբանական երկխօսութիւններն ու անոր մօտեցումները քրիստոնէութիւն յուզող հարցերու նկատմամբ:

Ընդհանուր քննարկումներէ ետք, դարձեալ կաթողիկոսը եզրակացնելով` ըսաւ, որ միջեկեղեցական շարժումը պէտք չէ ամբողջութեամբ նոյնացնել միջեկեղեցական կառոյցներուն հետ: Ճիշդ է` կառոյցները կը դիմագրաւեն լուրջ տագնապներ, սակայն շարժումը կը շարունակուի, որովհետեւ այսօր եկեղեցիներ կարիքն ունին հաւաքական վկայութեան ու սերտ գործակցութեան: Եկեղեցւոյ միութիւնը միաձեւութիւն չէ. անհրաժեշտ է զանազանութիւնը յարգել ու պահպանել, միաժամանակ հրամայական է մեր հաւատքին հիմնական արժէքներու եւ սկզբունքներու շուրջ համախմբուիլ: Ապա վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ միջեկեղեցական շարժումի յատկանշական երեսներուն, ինչպէս նաեւ`  վերանորոգման կարօտ կարգ մը բնագաւառներու:

Օրակարգի վերջին նիւթին մասին ընդհանուր ներածական մը ներկայացուեցաւ հայր Հրանդին ու Թենի Սիմոնեանին կողմէ: Նոյնը կատարուեցաւ Հին կաթողիկէ եկեղեցւոյ երկու ներկայացուցիչներուն կողմէ: Ներկայացումները ընդհանրութեան սահմաններուն մէջ մնացին եւ առաւելաբար անդրադարձան կիներու ձեռնադրութեան, միասեռականներու ամուսնութեան ու ընտանիք հասկացողութեան: Քննարկումներու ընթացքին ներկայացուեցան յիշեալ հարցերուն գծով պարզուած տարբեր մօտեցումները արեւմտեան աշխարհին մէջ, նոյնիսկ` նոյն եկեղեցւոյ կեանքին մէջ:

Այս բաժինը եւս ամփոփելով` վեհափառ հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց, որ ընկերաբարոյական հարցերը առաւել կամ նուազ չափով բոլոր եկեղեցիները յուզող հարցեր են: Ապրելով տարբեր միջավայրերու մէջ, ունենալով տարբեր աստուածաբանական ուսուցումներ ու աւանդութիւններ` եկեղեցիներ տարբեր տեսակէտներ ունին այս հարցերուն նկատմամբ: Դժբախտաբար դաւանական հարցերէն աւելի ընկերաբարոյական հարցերը այսօր դարձած են բաժանարար ազդակներ թէ՛ եկեղեցիներու միջեւ եւ թէ՛ նոյն եկեղեցւոյ մէջ: Հետեւաբար աստուածաբանական երկխօսութիւնները կարեւորութեամբ նկատի պէտք է ունենան այս հարցերուն քննարկումը, ըսաւ վեհափառը:

Ապա Արամ Ա. կաթողիկոս, փակումը կատարելով հանդիպումին, իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ փոխադարձ ճանաչման իմաստով կարեւոր քայլ մըն էր ներկայ հանդիպումը, որ պէտք է շարունակուի գործակցութեան, ուսանողներու փոխանակումով ու փոխադարձ այցելութիւններով եւ այլ կերպերով:

Անթիլիասի մայրավանքին մէջ իրենց եռօրեայ կեցութեան ընթացքին հիւրերը առիթը ունեցան այցելելու «Կիլիկիա» եւ Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանները, «Թռչնոց բոյն» ու դպրեվանք: Հին կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսը վեհափառը հրաւիրեց պաշտօնական այցելութիւն տալու եկեղեցւոյ կեդրոնատեղին` Պեռնի մէջ եւ դասախօսելու Պեռնի համալսարանին մէջ:

 

Նախորդը

Հալէպ, Հալէպի Մէջ, Հալէպէն Հեռու. Բաց Զրոյց` Ներսի Եւ Դուրսի Միջեւ (Ե.)

Յաջորդը

Հայ Լեզուն. Աշակերտներուս

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?