Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախեան Շարժման 30-ամեակին Նուիրուած` Քաշաթաղի Իշխանաձոր Համայնքին Մէջ Ձեռնարկ Կազմակերպուած Է

March 5, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քաշաթաղի շրջանի հարաւային թեւի Իշխանաձոր գիւղին մէջ արցախեան շարժման 30-ամեակին նուիրուած տօնական ձեռնարկ տեղի ունեցած է: Այս մասին «Արցախփրես»-ին տեղեկացուցած են Արցախի Հանրապետութեան Քաշաթաղի շրջանի «Մերան» պաշտօնաթերթէն` աւելացնելով, որ ձեռնարկի ներկաները, շրջվարչակազմի ղեկավարի տեղակալ Արտուշ Մխիթարեանի գլխաւորութեամբ, գիւղի` արցախեան ազատամարտին մարտիրոսուած քաջորդիներուն նուիրուած նորակերտ յուշակոթողին քով ծաղիկներ խոնարհեցուցած են, ապա տնկած 30 սօսիի ծառ` հիմնելով արցախեան շարժման 30-ամեակին նուիրուած պուրակ:

Ըստ աղբիւրին, այնուհետեւ, 30 տարի առաջ հնչած կարգախօսները վանկարկելով, հաւաքուածները երթով անցած են գիւղի կեդրոնական փողոցէն եւ հասած` Ազատամարտիկներու թաղամաս, ուր 2017  թուականին «Հայրենասէր» հասարակական-բարեգործական կազմակերպութեան ֆինանսաւորմամբ կառուցուած է մարզադաշտ (անիկա կը կոչուի 2016 թուականի ապրիլին հերոսաբար մարտիրոսուած Անդրանիկ Զոհրաբեանի անունով): Այստեղ Իշխանաձորի դպրոցականները հանդէս եկած են ռազմահայրենասիրական երգերու կատարումով, պարով ու ասմունքով: Ելոյթ ունեցած են նաեւ «Բերձոր» համոյթի երգիչ-երաժիշտները:

Ներկաները ողջունած ու տօնին առիթով շնորհաւորած է Ա. Մխիթարեանը: Խօսելով ներկայ սերունդին մասին` ան ըսած է, որ այսօր ոչ միայն մեր շարժումը, այլեւ անկախութեան սերունդը 30 տարեկան է:

«Այս սերունդը աւելի ճիշտ  դաստիարակուած է, քանզի, ի տարբերութիւն մեզի, անոնք ծնած օրէն սնանուած են ազգային-ազատագրական ոգիով: Ներկայ եւ գալիք սերունդները ի զօրու են մեր սկսած ազգային-ազատագրական պայքարը հասցնել իր տրամաբանական աւարտին», մասնաւորապէս նշած է Ա. Մխիթարեանը:

Նախորդը

Հայկ Դեմոյեանի Նոր Գիրքը` «Հայկական Հետք Ամերիկայի Մէջ. 400-ամեայ Ժառանգութիւն »

Յաջորդը

«Համազգայինը Գիրքին Ընդառաջ». Հանդիպում-Զրոյց` Համազգայինի Հայաստանի Գրասենեակին Մէջ

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

May 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.