Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Երիտասարդականի Մասնակցութիւնը` ԸԵՄՄ Համաշխարհային Համագումարին

February 23, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

2018 թուականի փետրուար 15-18 Մոնթենեկրոյի Պուտվա քաղաքին մէջ, Մոնթենեկրոյի Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան երիտասարդական կազմակերպութեան հիւրընկալմամբ, կայացաւ Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութեան (ԸԵՄՄ) Համաշխարհային համագումարը:

Բացմանը ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան` ԸԵՄՄ գլխաւոր քարտուղար Ալեսանտրօ Պիրիսին, Մոնթենեկրոյի Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ Միլօ Տիւկանովիչը, ԸԵՄՄ տարածաշրջանային փոխնախագահները եւ այլք:

Համագումարին մասնակցեցան աւելի քան 230 ներկայացուցիչներ` ԸԵՄՄ անդամ 115 կազմակերպութիւններէն: ՀՅԴ Երիտասարդականը համագումարին մասնակցեցաւ հինգ ներկայացուցիչով` Կարապետ Շատոյեանը  (Աւստրիա), Սարինէ Աբրահամեանը (Հոլանտա), Արշակ Մեսրոպեանը (Հայաստան), Անուշ Յովհաննիսեանը (Հայաստան) եւ Ցոլեր Աղճեանը (Լիբանան):

Ժողովի առաջին օրուան օրակարգի համաձայն,  ԸԵՄՄ տարածաշրջանային նախագահները ներկայացուցին իրենց երկամեայ գործունէութիւնը: ԸԵՄՄ սեւծովեան տարածաշրջանի փոխնախագահ Կարապետ Շատոյեանը խօսեցաւ տարածաշրջանին մէջ իրականացուած աշխատանքներու, մասնաւորապէս Ուքրանիոյ Հանրապետութիւն, ապա Արցախի Հանրապետութիւն իրականացուած ճանաչողական այցերու, Վրաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն որպէս դիտորդ մասնակցութեան մասին: Օրուան աւարտին իրականացուեցան աշխատանոցներ, կիներու իրաւունքներու, հարկային արդարութեան հաստատման եւ այլ թեմաներու վերաբերեալ:

Համագումարի երկրորդ օրը, օրակարգի համաձայն, ներկայացուեցան բանաձեւումներ եւ առաջարկներ, եւ քուէարկութեան արդիւնքով ընդունուեցան միջուկային զէնքերու դէմ պայքարի, իսրայէլա-պաղեստինեան հակամարտութեան խաղաղ լուծման, ինչպէս նաեւ կանոնագրային կէտերու փոփոխութեան վերաբերեալ բանաձեւեր, հաստատուեցան միութեան անդամագրուելու շարք մը երկիրներու դիմումներ, որոշ միութիւններ քուէարկութեան արդիւնքով դարձան ԸԵՄՄ լիիրաւ անդամներ, ներկայացուեցաւ ԸԵՄՄ 2018 թուականի գործունէութեան նախնական ծրագիրը եւ այլն:

Համագումարի օրակարգի վերջին կէտով տեղի ունեցան ԸԵՄՄ նախագահի, գլխաւոր քարտուղարի եւ փոխնախագահներու ընտրութիւնները: Միութեան նախագահ ընտրուեցաւ Եոհաննա Օրթեկան:

Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութեան Համաշխարհային համագումարը նոյն միութեան հիմնական որոշում կայացնող ժողովն է, որ կը գումարուի երկու տարին մէկ անգամ: Վերջին անգամ անիկա հիւրընկալուած էր Ալպանիոյ մէջ 2016 թուականին:

Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութիւնը Ընկերվար-միջազգայնականի ուղեկից երիտասարդական կազմակերպութիւնն է, որուն կ՛անդամակցին աւելի քան 143 կազմակերպութիւններ` աշխարհի շուրջ 100 երկիրներէն: ՀՅԴ երիտասարդականը ԸԵՄՄ-ի լիիրաւ անդամ է:

ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՅԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

Երեւան, 21 փետրուար 2018

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (23 Փետրուար 1968)

Յաջորդը

Արձագանգ. Աննախընթաց Երեւոյթ

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

May 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.