Հայկազեան Համալսարանի Ուսանողներու Համաշխարհային Եւ Պատուաբեր Մասնակցութիւն
Երեքշաբթի, 30 յունուար 2018-ին Հայկազեան համալսարանի առեւտրական վարչագիտութեան եւ տնտեսագիտութեան բաժանմուքէն 5 ուսանողներ Միացեալ Նահանգներու Ուաշինկթըն քաղաքի «Նեշընըլ Եունիըն» կեդրոնին մէջ մասնակցեցան կրօնական ծայրայեղութեան եւ ատելութեան դէմ պայքարի աւարտական մրցումի մը (մրցումը կը կոչուէր` «Peer to Peer: Facebook Global Digital Challenge»), ուր ներկայացուցին «Ռայզ Լեպընըն» խորագրեալ իրենց պատկերացում-ծրագիրը: Ծրագիրին կը մասնակցէին 82 համաշխարհային համալսարաններ ներկայացնող խումբեր, անոր աւարտին Հայկազեան համալսարանը...


















