Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դասախօսութիւն` «Տնտեսագիտութիւն» Նիւթով

February 24, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբին, երկուշաբթի, 19 փետրուար 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ կազմակերպուած էր դասախօսութիւն մը` «Տնտեսագիտութիւն» նիւթով, զոր ներկայացուց Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան 1985-1990 թուականներու փոխկառավարիչ Մկրտիչ Պուլտուքեանը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ դաստիարակչական յանձնախումբի ատենապետ Ազատուհի Սարգիսեանը: Ան անդրադարձաւ նորօրեայ նիւթական դժուարութիւններուն, արդիականացած պարտաւորութիւններուն, որոնք ժխտական ազդեցութիւն կը ձգեն կեանքը արժանապատիւ ձեւով շարունակելու: Ապա շարունակեց` ըսելով, որ դժուարութիւնները հարթելը նաեւ կապուած է անհատին հարցերը լուծելու եւ աւելի մատչելի դարձնելու իւրայատկութեան:

Ապա ներկայացուց օրուան դասախօս Մկրտիչ Պուլտուքեանի կենսագրական գիծերը եւ  բեմ հրաւիրեց զայն:

Պուլտուքեանը ողջունելով ներկաները` յայտնեց, որ տնտեսագիտութեան արժէքը կը ներկայանայ անոր սկզբունքներուն կիրարկման մէջ: Ան կեդրոնացաւ տնտեսագիտութեան կիրարկումը «առտնին տնտեսագիտութեան մէջ» նիւթին եւ յայտնեց, որ համակերպելու համար շուկայական համակարգին` ստիպուած ենք կամայ թէ ակամայ ստեղծել ընտանեկան հաշուեցուցակ մը, պիւտճէ մը, որպէսզի կարենանք վերահսկել մեր բազմաթիւ կարիքները, ապա թէ ոչ` ծախսերը մեզ կը վերահսկեն:

Ան եզրափակելով իր խօսքը` ներկաներուն թելադրեց յաւելեալ գումարներ չտրամադրել անհեթեթ ծախսերու համար, այլ խնայել ու աւանդ դնել հաստատուն դրամատուներու մէջ, ինչպէս նաեւ` գնել իրեր, որոնք նեղ օրերուն կարելի է վաճառել եւ կարիքներ գոհացնել:

Պուլտուքեանը կարդաց Զահրատի «Հաշիւ» բանաստեղծութիւնը եւ իր բացատրութիւնները հիմնաւորելով` պաստառի վրայ փաուըր փոյնթով ներկայացուց, թէ ինչպէս հարկ է ունենալ տարեկան հաշուեցոյցը, ամսուան յուշատետրը, ելեւմուտքի մօտաւոր պատկերը, որպէսզի կարելի ըլլայ կանխատեսել ծախսերը, նախատեսել գանձումները, ճշդել առաջնահերթութիւնը եւ սահմանափակել անհեթեթ մսխումները:

Ներկաները մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան դասախօսին բացատրութիւններուն:

Դասախօսութեան աւարտին Մ. Պուլտուքեանը պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն, որմէ ետք իւրաքանչիւրին բաժնեց իր հեղինակած գիրքերէն 3 հատ:

Նախորդը

Հալէպ, Հալէպի Մէջ, Հալէպէն Հեռու. Բաց Զրոյց` Ներսի Եւ Դուրսի Միջեւ (Զ.)

Յաջորդը

«Դաշնակցութիւն» Խմբակցութիւնը Հանդիպած Է Արցախի Հանրապետութեան Արտակարգ Իրավիճակներու Պետական Ծառայութեան Պատասխանատուներու Հետ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.