Իրաքի մէջ ՊՀԵԵ միութիւնը, հովանաւորութեամբ Աւագ արք. Ասատուրեանի, կազմակերպութեամբ միութեան գրական յանձնախումբին, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու շարքը սկսաւ «Գարեգին Նժդեհ» շարժապատկերի ցուցադրութեամբ, որ տեղի ունեցաւ շաբաթ, 17 փետրուարին: Այս մասին «Հայերն Այսօր»-ին Պաղտատէն կը յայտնէ Գայեանէ Սահակեանը:
Ձեռնարկին ներկայ էին` Իրաքի մէջ Հայաստանի դեսպան Կարէն Գրիգորեանը, դեսպանութեան կցորդ Սմբատ Խաչատրեանը, Գաբրիէլ վրդ. Սարգսեանը, Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամներ, քահանայ հայրեր, քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ համայնքի անդամներ:
Ձեռնարկի աւարտին Գաբրիէլ վրդ. Սարգսեանը իր օրհնութեան եւ գնահատանքի խօսքը յղեց կազմակերպիչներուն: