Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան եւ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի հովանաւորութեամբ, համալսարանի «Մաթոսեան» սրահին մէջ յունիս 13-ին տեղի ունեցաւ Հայաստանի ժողովրդական նկարիչ Անատոլի Աւետեանի աշխատանքներու ցուցահանդէսի բացումը:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան Հայկազեան համալսարանի նախագահ վերապատուելի Փոլ Հայտոսթեան եւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան:
Դեսպանը իր խօսքին մէջ բարձր գնահատեց Ա. Աւետեանի ստեղծագործական ինքնատպութիւնը, բազմազան արտայայտչամիջոցներու համակցման վարպետութիւնը: Ան արուեստագէտին մաղթեց արդէն իսկ տասնամեակներու բեղուն ստեղծագործական աշխատանքի շարունակութիւն: Ս. Մկրտչեան նաեւ երախտագիտութիւն յայտնեց վերապատուելի Փ. Հայտոսթեանին` Հայկազեան համալսարանին կողմէ մնայուն կերպով ցուցաբերուող աջակցութեան համար:
Ա. Աւետեան շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկի կազմակերպիչներուն եւ իր արուեստին ուղղուած գնահատանքի խօսքերուն համար:
Ցուցահանդէսին ներկայացուած են 26 ստեղծագործութիւններ, իսկ ցուցահանդէսը բաց մնաց մինչեւ 16 յունիս: