Գաղութային

Շահէ Եպիսկոպոս Փանոսեան Այցելեց Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ

Շահէ Եպիսկոպոս Փանոսեան Այցելեց Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ

Հինգշաբթի, 19 յուլիսի առաւօտուն Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանն ու  Ազգային վարչութեան ատենապետ Րաֆֆի Սիսլեանը այցելեցին Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ, ուր դիմաւորուեցան քոլեճի խնամակալութեան, տնօրէն խորհուրդին եւ անձնակազմին կողմէ: Վարժարանի սրահին մէջ սրբազան հայրը իր սրտի խօսքը արտասանեց ուսուցչական կազմին ու պաշտօնէութեան` հաստատելով իր ու Ազգային վարչութեան զօրակցութիւնն ու անվերապահ աջակցութիւնը: Ան կոչ ուղղեց բոլորին` միասնակամութեամբ սատարելու քոլեճի...

Այնթապի Առաջին Լուսանկարիչը Հայ Եղած Է

Այնթապի Առաջին Լուսանկարիչը Հայ Եղած Է

«Gaziantepsabah.com» կայքէջի թղթակիցը զրուցած է Այնթապի յայտնի լուսանկարիչ Սերտար Պէյազասլանի հետ, որ լրատուամիջոցին յայտնած է, թէ այստեղի առաջին լուսանկարիչը  հայ եղած է:  Այդ մասին կը գրէ «Ակունք»-ը: Ըստ աղբիւրին, Պէյազասլանը մասնաւորապէս հետեւեալը ըսած է հայ լուսանկարիչին մասին. «Հետագային Կազիանթեփի առաջին վարպետները հայէ սորված են այդ մասնագիտութիւնը: Իմ հայրս եւս եղած է այդ հայ լուսանկարիչին աշկերտներէն»: Յիշեցնենք, որ Այնթապի հայերը զանգուածաբար...

«Վայոց Ձոր» Ելեկտրոնային Գիրքը Ներկայացուեցաւ Սմիթսոնեան «Ֆոլքլայֆ» Փառատօնի

«Վայոց Ձոր» Ելեկտրոնային Գիրքը Ներկայացուեցաւ Սմիթսոնեան «Ֆոլքլայֆ» Փառատօնի

Յուլիսին Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած Սմիթսոնեան «Ֆոլքլայֆ» փառատօնի այցելուները իւրայատուկ հնարաւորութիւն ունեցան Հայաստանին ծանօթանալ ոչ միայն ազգային կերակրատեսակներու, արհեստներու եւ երաժշտութեան, այլեւ արհեստագիտութեան միջոցով: Փառատօնին ներկայացուած «Վայոց ձոր» մալթիմետիա ելեկտրոնային գիրքը հնարաւորութիւն տուաւ մասնակիցներուն երեւակայական ճամբորդութիւն կատարել դէպի Հայաստանի այդ գեղեցիկ մարզը, այցելել պատմական վայրեր, հիանալ բնութեան տեսարաններով եւ ներշնչուիլ տեղական մշակոյթով: Ելեկտրոնային գիրքը հրատարակուած է ՀԲԸՄ Հայկական վիրթուալ համալսարանի...

Լիբանանեան-Ամերիկեան Համալսարանէն (Ժիպէյլի Մասնաճիւղ) Հայ Շրջանաւարտները

Լիբանանեան-Ամերիկեան Համալսարանէն (Ժիպէյլի Մասնաճիւղ) Հայ Շրջանաւարտները

Լիբանանեան-ամերիկեան համալսարանի Ժիպէյլի մասնաճիւղի 93-րդ հունձքի վկայականաց բաշխումը տեղի ունեցաւ 5 յունիս 2018-ին: Ստորեւ կը նշենք վկայեալ հայ ուսանողներուն անունները: Լիբանանեան-ամերիկեան համալսարանէն մագիստրոսի վկայականին արժանացան հետեւեալ ուսանողները. Յարութ Գրիգոր Արապաղեան եւ Դինա Ռաֆիք Փանոսեան: Լիբանանեան-ամերիկեան համալսարանէն պսակաւոր արուեստից վկայականին արժանացան հետեւեալ ուսանողները. Լարա Կարապետ Ասատուրեան, Մակալի Արթին Պօղոսեան, Գարին Մկրտիչ Էսփենճեան, Մարք Սարգիս Գուրճեան, Գարին Զարեհ Պոյաճեան, Հոսէ Շանթ Քլոտ...

Ժբ. Աւարտական Դասարանի Վկայականներու Բաշխման Հանդիսութիւն

Ժբ. Աւարտական Դասարանի Վկայականներու Բաշխման Հանդիսութիւն

Երեքշաբթի, 3 յուլիս 2018-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան    Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» մարզամշակութային սրահին մէջ  տեղի ունեցաւ ԺԲ. աւարտական դասարանի վկայականներու բաշխման հանդիսութիւնը: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, հանդէսը սկսաւ աւարտական դասարանի աշակերտներուն մանկապարտէզի հանդէսին, ապա 2017-2018 տարեշրջանի նկարներուն ցուցադրութեամբ, որուն յաջորդեց շրջանաւարտներու հանդիսաւոր մուտքը սրահ: Յայտագիրը ընթացաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան, Համազգայինի եւ Ճեմարանի հիմնադիրներու...

Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի «Փենրոզ» Մրցանակը` Սիմոն Տէրտէրեանին

Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի «Փենրոզ» Մրցանակը` Սիմոն Տէրտէրեանին

Պէյրութի ամերիկեան համալսարանը տարեկան դրութեամբ կը շնորհէ «Փենրոզ» հեղինակաւոր մրցանակը, որ հաստատուած է 1955-ին: Հպարտութիւն եւ ուրախութիւն է տեղեկացնել, որ այս տարուան Բնապահպանական (մասնագիտութիւն) եւ հասարակական առողջութիւն (մայնըր) բաժանմունքի մրցանակը տրուեցաւ հայ ուսանողի մը` Սիմոն Տէրտէրեանին, որ իր աշխատանքին եւ նկարագրային տիպար տուեալներուն պատճառով ընտրուեցաւ իբրեւ այդ մրցանակին արժանի ուսանող: Նշենք, որ հեղինակաւոր մրցանակ կը տրուի իւրաքանչիւր բաժանմունքէ մէկ ուսանողի`...

Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանէն Հայ Շրջանաւարտները

Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանէն Հայ Շրջանաւարտները

Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի 149-րդ հունձքի վկայականաց բաշխումը տեղի ունեցաւ 8 եւ 9 յունիս 2018-ին: Ստորեւ կը նշենք վկայեալ հայ աշակերտներուն անունները: Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի մագիստրոսի վկայականին արժանացան հետեւեալ լիբանանահայ ուսանողները. Կասիա Նշան Տանօղլեան Արազ Նազարէթ Գոճայեան Սապին Վարդան Մելիքսեթեան Նայիրի Աւետիս Ճապոթեան Հրակ Րաֆֆի Գարագաշեան Յակոբ Վաչէ Ճապոթեան Թալին Գրիգոր Տեմիրճեան Պետրոս Նորայր Պետրոս Գարինա Մելքոն Արզումանեան Նարինէ Վաչագան-Վահէ Պուլղուրճեան...

Հայ Աւետարանական Քոլեճի   2017-2018 Տարեշրջանի Աւարտական Հանդէս

Հայ Աւետարանական Քոլեճի 2017-2018 Տարեշրջանի Աւարտական Հանդէս

Շաբաթ, 30 յունիս 2018-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին Հայ աւետ. Ա. եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ աւետ. քոլեճի շրջանաւարտներու իննսունմէկերորդ հունձքի եւ նախակրթարանի ընթացաւարտներու հանդէսը: Շրջանաւարտներու եւ ուսուցչակազմի հանդիսաւոր մուտքէն ետք հնչեցին Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգները, ապա վեր. Հրայր Չոլագեան Աստուածաշունչ մատեանէն ընթերցումներ կատարեց, ողջունեց ներկաները եւ աղօթքի ընդմէջէն իր բարեմաղթանքները յայտնեց բոլորին: Օրուան պատգամը տուաւ Սուրիոյ հայ աւետարանական...

Թրքագէտ Մելինէ Անումեանի Գիրքի Անգլերէն Հրատարակութեան Շնորհահանդէսը Երեւանի Մէջ

Թրքագէտ Մելինէ Անումեանի Գիրքի Անգլերէն Հրատարակութեան Շնորհահանդէսը Երեւանի Մէջ

Յունիս 28-ին Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ թրքագէտ, Հանրային ռատիոյի թրքերէն հաղորդումներու խմբագիր Մելինէ Անումեանի «Ճանաչում եւ դատապարտում. երիտթուրքերու դատավարութիւնները (1919-1921 թուականներուն եւ 1926 թուականին)» գիրքի անգլերէն հրատարակութեան (Acknowledgment and Condemnation: the Trials of Young Turks in 1919-1921 and 1926) շնորհահանդէսը: Գիրքին թարգմանիչն է քաղաքական գիտութիւններու դոկտոր, ողբացեալ Արա Գաբրիէլեանը (Նիւ Եորք): Թարգմանութեան անաւարտ ձեռագիրը իր աւարտին  հասցուցած...

Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» Քոլեճի Ամավերջի Հանդէսը` Նուիրուած Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին

Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» Քոլեճի Ամավերջի Հանդէսը` Նուիրուած Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին

Շաբաթ, 30 յունիս 2018-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց  թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, տեղի ունեցաւ «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» քոլեճի ամավերջի հանդէսը` քոլեճի շրջափակին մէջ: Լիբանանի, Հայաստանի ու վարժարանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութեան եւ «Սարդարապատ» յաղթերգի կշռոյթին տակ, կատարողութեամբ նախակրթարանի երգչախումբին, շրջանաւարտները հանդիսաւոր կերպով բարձրացան բեմ ու գրաւեցին իրենց տեղերը: Բացման խօսքը կատարեց քոլեճի տնօրէն Արմէն Թաշճեանը, որ ողջունելէ ետք հանդիսականները,...

Մայիսեան Յաղթանակի Ղօղանջներուն Արժանավայել Արձագանգը` Հալէպի Մէջ, Մասնակցութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամ Կիրօ Մանոյեանի Եւ Հայոց Բանակի Զինուորներուն

Մայիսեան Յաղթանակի Ղօղանջներուն Արժանավայել Արձագանգը` Հալէպի Մէջ, Մասնակցութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամ Կիրօ Մանոյեանի Եւ Հայոց Բանակի Զինուորներուն

Կիրօ Մանոյեան.«Եթէ Մեզմէ Իւրաքանչիւրը  Իր Մասնակցութիւնը Բերէ Պայքարին Այնպէս, Ինչպէս Մայիսեան Ճակատամարտերուն Ըրաւ Մեր Ժողովուրդը, Այն Ժամանակ Անպայման Կը Հասնինք Մեր Նպատակին, Որ Մասամբ Իրականացած Է Արդէն: Անպայման Կը Հասնինք Ազատ, Անկախ Եւ Միացեալ Հայաստանին: Մենք Չտեսնենք` Մեր Յաջորդները Կը Տեսնեն Զայն» Մայիսեան յաղթանակի ղօղանջներուն արձագանգը այս անգամ լսուեցաւ Հալէպի մէջ, երբ կիրակի, 8 յուլիս 2018-ին «Գ. Եսայեան» սրահին մէջ...

Նոր Սիսի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Մէջ Անդրանիկ Պատարագի Մատուցում

Նոր Սիսի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Մէջ Անդրանիկ Պատարագի Մատուցում

Կիրակի, 8 յուլիսին, Յիսուս Քրիստոսի Այլակերպութեան տօնին առիթով Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ իր անդրանիկ պատարագը մատուցեց վերջերս ձեռնադրուած Անդրանիկ աբղյ. Քիւրիւմլեանը: Ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզի սկզբնաւորութեան Անդրանիկ աբղյ. Քիւրիւմլեանը շնորհակալութիւն յայտնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, որուն արտօնութեամբ իրենք դարձած էին կուսակրօն քահանաներ, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին, որուն նախաձեռնութեամբ կը գտնուէր Ս....

«Գործ Եւ Գանձ» Հատորին Շնորհահանդէսը Տնտեսական Նիւթերու Արծարծման Առիթ Հանդիսացաւ

«Գործ Եւ Գանձ» Հատորին Շնորհահանդէսը Տնտեսական Նիւթերու Արծարծման Առիթ Հանդիսացաւ

  ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ԳԱՐԱՄԱՆԵԱՆ Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, կազմակերպութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային վարչութեան, ուրբաթ, 29 յունիս 2018-ի երեկոյեան ժամը 19:00-ին «Արամ Մանուկեան» ժողովրդային տունի «Լեւոն Շանթ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ-սուրիական գործարարներու խորհուրդի նախագահ, Հալէպի առեւտրական  գրասենեակի տնօրէն խորհուրդի անդամ Լեւոն Զաքի Ետալեանի վերջերս հրատարակած «Գործ եւ գանձ» գիրքին շնորհահանդէսը: Հանդիսութեան ներկայ էին` Բերիոյ հայոց թեմի...

Ծնողներու Մեծարանքի Երեկոյ` Կազմակերպութեամբ Շնորհալի Երգչախումբին

Ծնողներու Մեծարանքի Երեկոյ` Կազմակերպութեամբ Շնորհալի Երգչախումբին

Կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Շնորհալի» երգչախումբին, շաբաթ, 30 յունիս 2018-ի երեկոյեան Անթիլիասի մայրավանքի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ ծնողներու մեծարանքի ձեռնարկ: Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսք արտասանեց երգչախումբի ղեկավար Զաւէն աբղյ. Նաճարեանը: Ան կարեւոր նկատեց հայ ընտանիքին արժէքը սփիւռքի ներկայ պայմաններուն մէջ ու մաղթեց, որ անոնք համբերութեամբ կատարեն իրենց վստահուած պատասխանատուութիւնը` թէ՛ ընտանիքին եւ թէ՛ ազգին նկատմամբ: Ընթրիքը ճոխացաւ զանազան խաղերով...

«ԱՅԳ» Երգչախումբն Ու Նուագախումբը` ԼԵՄ-ականներուն Հետ

«ԱՅԳ» Երգչախումբն Ու Նուագախումբը` ԼԵՄ-ականներուն Հետ

Ուրբաթ, 29 յունիսին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին ՀՅԴ ԼԵՄ-ի միջմասնաճիւղային հաւաքը հիւրընկալեց Համազգայինի «ԱՅԳ» երիտասարդական երգչախումբի և ժողովրդական նուագախումբի խումբ մը անդամներ, որոնք ԼԵՄ-ականներուն հետ ունեցան համերգային հանդիպում մը, որուն ընթացքին կատարեցին շարք մը հայրենասիրական եւ ժողովրդային խմբերգներ: Երգչախումբի հիմնադիր ղեկավար Զաքար Քէշիշեանը յայտնեց, որ այս տարի երգչախումբի հիմնադրութեան 10-ամեակն է, եւ այդ առիթով երգչախումբը սկսած է պատրաստել «Սէր եւ կռիւ»...

«Մենք Ենք Ապագան»

«Մենք Ենք Ապագան»

Ազգային Միացեալ վարժարանի նախակրթարանի աշակերտները ուխտեցին անեղծ սիրով գուրգուրալ իրենց տունը դարձած Ազգային Միացեալ վարժարանին  եւ կերտել հայու նկարագիր` շաղախուած լաւ մարդու օրինակով։ Տարիներ առաջ տեսիլը դարձաւ իրականութիւն, երբ հիմը դրուեցաւ Ազգային Միացեալ վարժարանին` մէկ յարկի տակ համապարփակելու վեց ազգային վարժարաններ, միացնելու  վեցին ուժն ու կորովը, եռանդն ու աշխատանքը, որովհետեւ «Միութիւնը զօրութիւն է»: Յաջողութեան դոփիւնները արդէն սկսան լսուիլ 2017 սեպտեմբերին,...

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի 2018-ի Շրջանաւարտներու Հունձքը

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի 2018-ի Շրջանաւարտներու Հունձքը

Ուրբաթ, 22 յունիս 2018-ի երեկոյեան, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ կայացաւ ամավերջի հանդէսը: Լիբանանի, Հայաստանի ու քոլեճի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք աւարտականի աշակերտները սրահի զանազան բաժիններէն երգելով ու պարելով բեմ բարձրանալով ներկայացուցին «Թող ծածանուի եռագոյնը» կտորը: Կարէն Գազանճեան մեկնաբանեց «Մշեցի մօր երգը» եւ «Վաղ թէ ուշ» երգերը, ընկերակցութեամբ Մուշեղ Յովհաննէսեանի (դաշնակ), իսկ Սէրուժ Խանճիհանեան (կիթառ), Յովիկ Ադամեան (կիթառ)...

Հայկազեան Համալսարան.  «Լիբանանահայ Վարժարաններու Ուսուցիչներու Մասնագիտական Մշակումի Ծրագիր»-ի Փակման Հանդիսութիւն

Հայկազեան Համալսարան. «Լիբանանահայ Վարժարաններու Ուսուցիչներու Մասնագիտական Մշակումի Ծրագիր»-ի Փակման Հանդիսութիւն

Չորեքշաբթի, 27 յունիս 2018-ին, Հայկազեան համալսարանի «Հերիթէյճ» պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ Հայկազեան համալսարանի եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքի համատեղ գործակցութեամբ կազմակերպուած «Լիբանանահայ վարժարաններու ուսուցիչներու մասնագիտական մշակումի ծրագիր»-ի պաշտօնական փակման հանդիսութիւնը: Հայկազեան համալսարանի «Շարունակական ուսումնառութեան կեդրոն»-ի հովանիին տակ կազմակերպուած այս մասնագիտական մշակման ծրագիրին հիմնական նպատակն էր ամրապնդել հայկական վարժարաններու ուսուցիչներուն կարողականութիւնը` զանոնք նկատելով նոր սերունդին հետ ամենասերտ եւ անմիջական...

Հայ Աւետարանական Քոլեճի Մանկապարտէզի Հանդէս

Հայ Աւետարանական Քոլեճի Մանկապարտէզի Հանդէս

Չորեքշաբթի, 13 յունիս 2018-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, տեղի ունեցաւ Հայ աւետարանական քոլեճի մանկապարտէզի հանդէսը: Հանդիսասրահը վերածուած էր հեքիաթային անտառի մը. գեղեցկօրէն յարդարուած բեմը արդէն իսկ ներկաները կը փոխադրէր դէպի բնութեան գեղեցիկ աշխարհը: Լիբանանի ու Հայաստանի զոյգ քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք մանկապարտէզի աշակերտները իրենց դողդոջուն ձայներով սաղմոսով ու երգերով օրհնեցին ու փառաբանեցին Աստուած: Յաջորդաբար բեմ բարձրացան Բողբոջ, Կոկոն ու Ծաղիկ դասարանի աշակերտները,...

Արքայազն Ուիլիըմը Հայկական Խաչ Նուէր Ստացած Է Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանէն

Արքայազն Ուիլիըմը Հայկական Խաչ Նուէր Ստացած Է Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանէն

Միացեալ Թագաւորութեան արքայազն Ուիլիըմը  յունիս 28-ին պաշտօնական այցելութիւն տուած է Երուսաղէմ: «Արմենփրես»-ի փոխանցումով`  այս մասին կը տեղեկացնէ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանի դիւանապետ Յովնան Պաղտասարեանը: Արքայազնին այնտեղ դիմաւորած են իրաւատէր երեք համայնքներու հոգեւոր պետերը: Երուսաղէմի հայ պատրիարքին ներկայացուցած է  Սուրբ Աթոռի լուսարարապետ Սեւան արքեպիսկոպոս Ղարիբեանը: Սուրբ Յարութեան տաճարին մէջ Ս. Արեւմաթացու հայկական մատուռ այցելութեան ընթացքին արքայազն Ուիլիըմը ողջունած  է  տաճարի հայ տեսուչ...

Page 18 of 68 1 17 18 19 68

Արխիւներ