Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, նախագահութեամբ Լիբանանի թեմի Կիրակնօրեայ դպրոցներու Վարիչ մարմինին, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ դպրոցը 2017 – 2018 կրթական տարեշրջանի աւարտին ժողովուրդին ներկայացուց ամավերջի հանդէս` կիրակի, 10 յունիս 2018-ին, երեկոյեան ժամը 5:30-ին, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ «Յակոբ եւ Սօսի Չիլինկիրեան» սրահին մէջ:
Հանդէսին նիւթն էր` «Հաւատք եւ մշակոյթ», լուսարձակի տակ առնելու համար Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակը եւ Արցախի պահանջատիրութեան 30-ամեակը: Ներկայ գտնուեցան` Լիբանանի թեմի Կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ-պատասխանատու Սարգիս քհնյ. Սարգիսեանը, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Շնորհք քհնյ. Արթինեանը, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի, տիկնանց յանձնախումբի եւ դպրաց դասի ներկայացուցիչներ, ծնողներ:
Յայտագիրը սկսաւ Տէրունական աղօթքով, Հայաստանի եւ Կիրակնօրեայի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ: Օրուան հանդիսավար Բալիկ Սրապոնեանը բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա հրաւիրեց Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ դպրոցի տեսուչ Արշօ Շորճեան-Գելխաչերեանը, որպէսզի արտասանէ բացման խօսքը: Կիրակնօրեայ դպրոցին տեսուչը անդրադարձաւ հայեցի դաստիարակութեան կարեւորութեան եւ յայտնեց, որ կիրակնօրեայ վարժարանը աշակերտներուն քրիստոնէական դաստիարակութիւն ջամբելու կողքին, անոնց կը փոխանցէ հայ մշակոյթն ու ոգին:

Հուսկ, ընթացք առաւ գեղարուեստական յայտագիրը, որուն մասնակցեցան մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի աշակերտները: Երգչախումբը ներկայացուց «Տուն իմ հայրենի», «Հայոց մայրեր», «Ազգ իմ փառապանծ» երգերը: Պարոյր Սեւակի «Մենք քիչ ենք, բայց հայ ենք», Մուշեղ Իշխանի «Հայ լեզուն», Միքայէլ Նալբանդեանի «Երգ ազատութեան» բանաստեղծութիւնները ասմունքեցին աշակերտները: Երէց դասարանի աշակերտները հանդէս եկան երաժշտական կենդանի պատկերով մը` բծախնդիր պատրաստութեամբ Սրբոց Քառասնից Մանկանց կիրակնօրեայ դպրոցի փոխտեսուչ Մանուէլ Թոքմաքճեանի: Աշակերտները ներկայացուցին խմբային պար մը, պարուսոյց` Ռիթա Գունտաքճեան: Ապա Հրաչ Տաուտեան, ընկերակցութեամբ Զարեհ Գալայնճեանի, հայերէն երգերով խանդավառեց ներկաները:
Յայտագիրի աւարտին խօսք առաւ Լիբանանի թեմի Կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ-պատասխանատու Սարգիս քհնյ. Սարգիսեանը: Ան գնահատեց եւ քաջալերեց Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ դպրոցին հսկայ աշխատանքն ու ձեռնարկած ծրագիրները: Անդրադառնալով օրուան նիւթին` «Հաւատք եւ մշակոյթ», իր ուրախութիւնը յայտնեց ի տես ուսուցչաց կազմին եւ աշակերտութեան անխոնջ աշխատանքին, որոնք արժանի ժառանգորդներն են մեր պապերուն, մշակոյթին եւ հաւատքին: Սարգիս քհնյ. Սարգիսեանը յայտնեց, որ այսօր մենք կը տօնենք Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակը, բայց մեր գործը հոս չ՛աւարտիր: Մենք ամէն օր մարտահրաւէրներու դիմաց կը գտնուինք` մեր ինքնութիւնը պահելու առումով, մանաւանդ` համաշխարհայնացման, համացանցի ու ընկերային կայքերու այս սրընթաց զարգացման ժամանակաշրջանին: Օրէ օր օտարացման եւ փլուզումի առիթները կը շատնան, եւ մենք որպէս գաղութ` հսկայական աշխատանք ունինք կատարելիք հայապահպանման գործին մէջ: Ասոր մէջ գլխաւոր դերակատարը մեր ծնողներն են, որոնք առանց վարանելու` իրենց զաւակները պէտք է առաջնորդեն հայ եկեղեցի, դպրոց, ակումբ, կիրակնօրեայ վարժարան, որպէսզի մեր զաւակները մեծնան հայաշունչ ոգիով եւ արժանի ժառանգորդները ըլլան մեր մշակոյթին եւ հաւատքին: Իր խօսքի աւարտին ան կոչ ուղղեց ներկաներուն` շարունակելու պայքարը եւ ապրելու որպէս իսկական հայ քրիստոնեաներ:
Յայտագիրը վերջ գտաւ Սարգիս քհնյ. Սարգիսեանի «Պահպանիչ»-ով:



