2018-ի մայիսի վերջին շաբաթը յաջորդաբար տեղի ունեցան Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի Բողբոջ եւ Կոկոն դասարաններու աւարտական հանդէսները:
Վարժարանի շրջափակին մէջ տօնական տրամադրութիւններով կայացած զոյգ հանդէսները յաջողեցան յստակ պատկերացում մը տալ այն ծրագիրին մասին, որուն հետեւեցան Մեսրոպեան մանկապարտէզի փոքրիկները անցած տարուան ընթացքին:
Հանդէսներու բացումին բողբոջներն ու կոկոնները հնչեցուցին Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մեսրոպեանի քայլերգները, արտասանեցին բացման խօսքեր (հայերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն), կատարեցին խմբային երգեր` դարձեալ երեք լեզուներով, խանդավառեցին ներկաները զանազան մշակոյթներ ներկայացնող իրենց պարերով եւ դերասանական մատղաշ ձիրքերով:
Հանդէսներուն խօսք առին Մեսրոպեանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստը եւ մանկապարտէզի պատասխանատու Գարոլին Թերզեանը: Տնօրէնը գնահատեց մանկապարտէզի պատասխանատուին եւ աշխատակիցներուն լուրջ եւ բծախնդիր աշխատանքը` ուղղուած դեռատի հայ մանուկներուն համար կրթութեան լաւագոյն միջավայր ապահովելուն եւ վերահաստատեց վարժարանին յանձնառութիւնը` այդ միջավայրի պահպանելուն եւ զարգացնելուն նկատմամբ:
Կ. Գալուստը ըսաւ, որ Մեսրոպեանը, իր հիմնադրութեան 80-ամեակին ընդառաջ, յաջորդ տարիէն սկսեալ զգալիօրէն պիտի բարելաւէ իր կրթական ծրագիրները. անգլերէնի ուսուցումը պիտի սկսի մանկապարտէզէն, զարկ պիտի տրուի արհեստագիտութեան ուսուցման, պիտի բարելաւուին հայերէնի ուսուցման եղանակները, պիտի գործադրուի նոր մօտեցում` աշակերտներու նկարագրային զարգացման եւ դաստիարակութեան մէջ, հիմնովին պիտի բարեփոխուի քննութիւններու եւ գնահատականներու դրութիւնը:
Գ. Թերզեանը իր հերթին գոհունակութիւն արտայայտեց, որ Մեսրոպեանի բողբոջներն ու կոկոնները կ՛ընթանան մտաւոր եւ ֆիզիքական զարգացման առողջ ճանապարհով, եւ ինչպէս սոյն հանդէսները վկայեցին, արդէն կրնան ներկայանալ համարձակ խօսքով ու շարժումով` արթնցնելով ուրախութեան եւ բաւարարութեան զգացումներ: Ան դիտել տուաւ, որ Մեսրոպեանի փոքրիկները արդէն իսկ կատարած են իրենց առաջին քայլերը` դաստիարակութեան մը մէջ, որուն նպատակն է զանոնք պատրաստել որպէս ազնիւ եւ քաղաքավար անձեր:




