Ուրբաթ, 15 յունիս 2018-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Նորսիկեան մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ ճեմարանի անձնակազմին, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, ճեմարանի խնամակալութեան, ծնողներու, բարեկամներու եւ շրջանաւարտներու:
Մանկապարտիզպանուհի Թալին Եահնիեան ողջունեց ներկաները եւ ըսաւ. «Այս տարի Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 100-ամեակն է, ինչպէս նաեւ` Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հիմնադրութեան 90-ամեակը: Ներշնչուած այս յոբելեաններէն, մանկապարտէզի երեխաները պիտի ներկայացնեն «Նշանաւոր հայ դէմքեր» խորագիրով հանդէսը: Նորսիկեան մանկապարտէզի մէջ կ՛աշխատինք զարգացնել երեխային ո՛չ միայն մտային եւ յուզական ունակութիւնները, այլ նաեւ` գեղարուեստականը»: Իր խօսքի աւարտին, մանկապարտիզպանուհին յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց գծագրութեան ուսուցիչ Գօգօ Արբաճեանին` բեմայարդարումին համար, եւ բոլոր անոնց, որոնք օժանդակեցին հանդէսի կազմակերպական աշխատանքներուն: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ ծնողներուն` իրենց գործակցութեան համար, ապա յաջողութիւն մաղթեց կանաչ դասարանի աշակերտներուն, որոնք, աւարտելով մանկապարտէզը, պիտի անցնին տարրական բաժին: Այնուհետեւ պարերով, երգերով ու արտասանութիւններով ելոյթ ունեցան մանկապարտէզի կապոյտ եւ կանաչ դասարաններու փոքրիկները:
Հանդէսը սկսաւ կանաչ դասարանի աշակերտներուն «Հէ՜յ սարեր» երգով, ապա Հայաստանի անկախութեան մասին հակիրճ անդրադարձէ մը ետք, փոքրիկները ըսին. «Պատմութեան ընթացքին մեր ժողովուրդը ունեցաւ նաեւ մշակութային հարուստ կեանք: Ունեցանք նշանաւոր դէմքեր` աշուղներ, յօրինողներ, երգիչներ, նկարիչներ, մտաւորականներ եւ մանկավարժներ, որոնք ստեղծագործեցին մեր հայրենիքէն ներս կամ դուրս: Ահա այս դէմքերէն…»: Այնուհետեւ Սայեաթ Նովայի մասին տեսերիզի ցուցադրութենէ ետք, աշակերտները տեղեկութիւններ փոխանցեցին մեծ աշուղին մասին, որմէ ետք դարձեալ կանաչ դասարանի փոքրիկները հանդէս եկան պարով մը: Այսպէս, փոքրիկները յաջորդաբար ներկայացուցին աշխարհահռչակ երաժիշտ Արամ Խաչատուրեանը, ֆրանսահայ երգիչ Շարլ Ազնաւուրը, գեղանկարիչ Այվազովսկին եւ հայ մանկավարժ Լուսին Մալիքեանը, որուն պատրաստած դասագիրքերը կը գործածուին մինչեւ օրս մեծ թիւով հայկական մանկապարտէզներու մէջ: Իւրաքանչիւր ներկայացումի աւարտին, կապոյտ եւ կանաչ դասարաններու փոքրիկները հանդէս եկան յիշեալ դէմքին առնչուող երաժշտութեան ընկերակցութեամբ գեղեցիկ պարով մը:
Մանկական աշխարհի յատուկ հնչիւններով արտասանուած խօսքերով ու պարերով նշանաւոր հայ դէմքեր ներկայացնելէ ետք, կանաչ դասարաններու աշակերտները նուագով հանդէս եկան, ապա երգեցին «Զինուորին երգը», որմէ ետք տեղի ունեցաւ խմբային պար: Այնուհետեւ փոքրիկները բեմէն իջան եւ իրենց կրած հայ զինուորի գլխարկները յանձնեցին իրենց ծնողներուն:
Ամբողջ տարուան ընթացքին դպրոցական առօրեան ներկայացնող «Մնաս բարով կանաչ դասարան» տեսերիզի ցուցադրութեամբ աւարտեցաւ հանդէսի գեղարուեստական բաժինը: Ապա դարձեալ բեմ բարձրացան կանաչ դասարաններու աշակերտները եւ ճեմարանի տնօրէնուհի Փաուլա Եղիայեանը հրաւիրեցին. «Մենք այս տարի շատ լաւ աշխատեցանք, գրեցինք, կարդացինք, խաղացինք, երգեցինք ու պարեցինք: Խօսեցանք շատ լեզուներ, մասնակցեցանք մշակութային օրուան եւ նոր գիտելիքներ սորվեցանք: Հիմա պատրաստ ենք մեր սիրելի մանկապարտէզին մնաս բարով ըսելու եւ անցնելու տարրական բաժին: Կը խնդրենք, որ բեմ բարձրանաք եւ մեր վկայականները մեզի տաք»: Այնուհետեւ իւրաքանչիւր աշակերտ վկայականը ստացած ատեն ներկաներուն փոխանցեց, թէ ի՛նչ կ՛ուզէ ըլլալ ապագային:
Վկայական ստացան հետեւեալ աշակերտները.
Աղասարգիսեան Լիլա, Արապեան Քամի, Գանտագարճեան Նարօտ Ռիթա, Դարբինեան Լիլիա, Թութուքեան Սօսէ, Մենզոյեան Լորենա, Մխճեան Նանոր, Մումջողլեան Ռիթա, Յակոբեան Սօսի, Ջուլհաճեան Փաթիլ, Ալթունեան Լալիկ, Աղասարգիսեան Լալիկ, Արթուն Էմմա, Թագաճեան Ռիթա, Ղազարեան Ծաւի, Մազաքեան Մարիա, Մանիսաճեան Նայիրի, Մանուկեան Վանա, Չափարեան Լալէ, Պայրամեան Սեդա, Սիմոնեան Գարին, Գապաքեան Կարէն, Գարագաշեան Կարօ, Թորիկեան Ռազմիկ, Ծատուրեան Մարք Էնճըլօ, Յովակիմեան Ալեքս, Նուրեան Քրիստափոր, Տէքրմէնճեան Սէրուժ, Քէօշկէրեան Ալեք, Խաչերեան Շանթ Տիգրան, Կիրակոսեան Կարօտ, Մարտիկեան Մարք, Միքայէլեան Միքայէլ, Սիւմպիւլեան Արմէն, Քէշիշեան Վահագն:
Վկայականներու բաշխումէն ետք, Փ. Եղիայեան նախ շնորհաւորեց վկայեալ փոքրիկները, ապա բարձր գնահատեց ուսուցիչներուն ժրաջան աշխատանքը եւ անոր արգասիքը հանդիսացող հայաշունչ եւ հոգեպարար այս հանդէսը, վերջապէս ան շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն` փոքրիկներուն հայեցի դաստիարակութեան մէջ իրենց ունեցած ներդրումին համար, շեշտելով հա՛յ դպրոցի եւ հա՛յ մանկապարտէզի վկայականին կարեւորութիւնը, մաղթելով, որ 12 տարի վերջ անոնք նոյն բեմին վրայ կը ստանան ճեմարանի աւարտական դասարանի իրենց վկայականները:
Նորսիկեան մանկապարտէզէն վկայեալ աշակերտները հանդէսը փակեցին ճեմարանի քայլերգով: