Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԵՄ-ի Հետաքրքրական Ձեռնարկը

June 14, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ-ԼԵՄ-ի Այնճարի «Շաւարշ Միսաքեան» մասնաճիւղը օրերս կազմակերպած էր հետաքրքրական ձեռնարկ մը: «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դպրոցականներու երեք մրցում` ասմունքի, երգի ու գծագրութեան: Գեղեցիկ էր եւ արժէքաւոր Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան ազգային վարժարանի եւ Հայ աւետարանական դպրոցի շնորհալի սաներուն մասնակցութիւնը:

Մասնաճիւղի անդամ Կրէյս Գալուստեան ձեռնարկին սկիզբը արտասանեց վարչութեան խօսքը` ներկաներուն եւ մասնակիցներուն ուղղուած: Ան ըսաւ, որ մասնաճիւղը նախաձեռնած է նման «Թելընթ շօ»-ի, որպէսզի համախմբէ գիւղին երկու դպրոցները, եւ անոնք միասնաբար անցընեն երգով ու ասմունքով յագեցած` վերանորոգելու հայ նոր սերունդին ուխտը վերադառնալու եւ կերտելու արդար, հզօր եւ միացեալ Հայաստան: «Դէպի Երկիր» նշանաբանով շարունակենք մեր աննահանջ երթը, կոչ ուղղեց ան: Կ. Գալուստեան առիթը յարմար նկատեց շնորհաւորելու հայ մայրերը, որոնք դաստիարակած են հայ լեզուն ու մշակոյթը պահելու պատրաստակամ հայ պատանիներ: «Մեր աշակերտներուն` այս մրցումին մասնակցութիւնը լաւագոյն ապացոյցն է այս իրականութեան: Կեցցե՛ն մեր մայրերն ու անոնց հայրենասէր որդիները», եզրափակեց ան:

Անդրանիկ Ծառուկեանի «Ուխտ Արարատին» բանաստեղծութիւնը ասմունքեցին դպրոցի աշակերտները, որոնցմէ առաջին մրցանակին տիրացաւ Սեւան Սարգիսեան (Յառաջ վարժարան), երկրորդին` Սերօ Անտոնեան (Աւետարանական դպրոց): Ապա «Կռունկ» երգով (երաժշտութիւն` Ալեքսէյ Հեքիմեան, խօսք` Գէորգ Էմին) հանդէս եկան երգի մրցումի մասնակիցները. առաջին դիրքը գրաւեց Սելին Շաննաքեան, երկրորդ` Լիլի Գափաճեան, երրորդ` Կալի Գալուստեան (երեքն ալ ազգային Յառաջ վարժարանէն): Գծագրութեան մրցումին յաղթեցին կրկին Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան ազգային վարժարանէն` Պարոյր Ղուկասեան, Սերժ Քիւսպէքեան եւ Միքայէլ Հաճեան:

Շատ մեծ ուրախութիւն եւ հպարտութիւն է տեսնել նման նախաձեռնութիւն մը` ԼԵՄ-ի կողմէ կազմակերպուած, որովհետեւ մեր օրերուն շատ կարեւոր են նման դաստիարակչական եւ ազգանուէր աշխատանքներ:

Նախորդը

Սրտականգառ Cardiac Arrest

Յաջորդը

«Ֆըրթընա Հովտի Դռները». Համշէնեան Իշխանների Ամրոցին Նուիրուած Հրապարակումը Թուրքական Պարբերականում

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.