Շաբաթ, 9 յունիս 2018-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Պետողլեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի մանկապարտէզի հանդէսը:
Հանդէսը սկիզբ առաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Ս. Խաչ-Հարպոյեանի քայլերգներով: Յովհաննէս Շիրազի «Մեր յոյսի դուռն է մայրս, մեր տան մատուռն է մայրս, մեր օրօրոցն է մայրս, մեր տան ամրոցն է մայրս, մեր տան ճրագն է մայրս, մեր արեգակն է մայրս, մեր տան աստուածն է մայրս» բառերը մէջբերելով, մանկապարտիզպանուհի Լենա Տէրտէրեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ հանդիսութիւնը նուիրեց «աշակերտներուն համար ամէնէն մեծարժէք անհատներուն` անոնց մայրերուն, որոնք գիշեր-ցերեկ անքուն կը մնան, քաղցր ձայնով օրօր կ’երգեն, իրենց աչքին լոյսին պէս կը խնամեն ու ծով սրտով կը սիրեն իրենց զաւակները»:
«Մամ ջան» երգին ընկերակցութեամբ շրջանաւարտ աշակերտները իրենց մայրերուն հետ մտան սրահ եւ բարձրացան բեմ: Անոնք իրենց մանկական անմեղութեամբ շնորհակալութիւն յայտնեցին իրենց ուսուցչուհիներուն եւ կատարեցին «Արեւի մարդիկ» եւ «Մնաս բարով մանկապարտէզ» երգերը:
Վարժարանի վարչական մեծաւոր Արամ Գարատաղլեան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Հակառակ անարդար ու անբարենպաստ ընկերատնտեսական պայմաններուն, զորս երկիրն ու Լիբանանի դպրոցները կը դիմագրաւեն, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ – Հարպոյեան վարժարանը անգամ մը եւս ցոյց տուաւ իր աննկուն ու հաստատ կամքը: Դիմագրաւելով բոլոր դժուարութիւնները, մեր վարժարանը շարունակեց իրագործել իր ազնիւ նպատակը եւ ահաւասիկ անցնող տարեշրջանին եւս յաջողեցանք հայ բոցը վառ պահել ու զարդարել հայ մանուկին աշխարհը` քաջ գիտակցելով, թէ մանուկները բուրումնաւէտ ծաղիկներ են, նաեւ` մեր ժողովուրդի յոյսն ու ապագան են»: Ան աւելցուց. «Հայ մանկապարտէզը կը ներկայանայ որպէս այդ անխորտակ հիմքը, որուն յենած ձեր զաւակները պիտի դառնան օրինակելի հայ մարդիկ եւ հայ քրիստոնեաներ, պիտի դառնան հայ համայնքներու ղեկավարներ, հայ մշակոյթի եւ լեզուի պահապաններ, Հայ դատի զինուորներ: Ձեզի կը վստահեցնենք, որ այնքան ատեն որ հայ վարժարանները կանգուն են եւ անոր կառչած են հայ ընտանիքներ, եւ անոր պահապան են հայ բարերարներ, նուիրեալ դաստիարակներ եւ համայն հայութիւնը` հայու ոգին պիտի շարունակէ գոյատեւել եւ մեր ժողովուրդին սիրտը պիտի շարունակէ բաբախել»:
Գարատաղլեան նաեւ վարժարանին տնօրէնութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց հայ մանուկը դաստիարակելու առաքելութիւնը ընտրած մանկապարտէզի պատասխանատու, ուսուցչուհի թէ օգնական բոլոր պաշտօնակիցներուն` իրենց անվերապահ եւ անձազոհ աշխատանքին համար: Նաեւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց նիւթական թէ բարոյական աջակցութեամբ սէր, հոգատարութիւն ու գուրգուրանք ցուցաբերած են մանկապարտէզի գործունէութիւններուն նկատմամբ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ բեմին վրայ գտնուող 80 մանուկներու ծնողներուն, որոնք ազգային բարձր գիտակցութեամբ եւ ի գին շատ մը զոհողութիւններու, իրենց զաւակները վստահած են հայ դպրոցին` քաջ գիտակցելով անոր կենսական կարեւորութեան: Աւարտին, Գարատաղլեան խնդրեց բոլոր ներկաներէն, որ իր խօսքէն ետք չծափահարեն իրեն, այլ ծափահարեն այս գիտակից եւ հերոս ծնողներուն եւ մաղթեց, որ անոնց օրինակը ըլլայ վարակիչ:
Այնուհետեւ, վարժարանի տնօրէնութեան ձեռամբ կատարուեցաւ 23 շրջանաւարտներու վկայկաններու բաշխումը:
Յայտագիրի երկրորդ բաժինով ծաղիկ դասարանի աշակերտները ներկայացուցին «Մօր օրհնանքը» տրամախօսութիւնը, որուն ընթացքին անոնք հրամցուցին «Մախմուր աղջիկ» եւ «Նասսամ ալայնա ալ հաուա» երգերը: Կոկոն դասարանը դարձեալ բեմ բարձրացաւ «Despacito» երգին պարով, բողբոջը` «Իմ բաժին սէր», իսկ ծիլը` «Ոնց համոզեմ»: Ծաղիկ դասարանը ելոյթ ունեցաւ «Մըշ մաաուլ» երգով, կոկոնը` «Անուշ բալես», իսկ բողբոջն ու ծիլը` «Մանկապարտէզ կ՛երթանք մենք»: Ծաղիկ դասարանի աշակերտները անգամ մը եւս պարեցին «Իմ Հայաստան ջան» երգը, իսկ բոլոր աշակերտները խմբովին ներկայացուցին «Հայ ենք» երգը:
Հուսկ, ակադեմական եւ վարչական մեծաւորները շնորհակալութիւն յայտնեցին մանկապարտէզի բոլոր անձնակազմին ու ծաղկեփունջ նուիրեցին անոնց:





