Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Զահլէի Մասնաճիւղի Երկօրեայ Դաստիարակչական Բանակում

ՀՄԸՄ-ի Զահլէի Մասնաճիւղի Երկօրեայ Դաստիարակչական Բանակում

ՀՄԸՄ-ի  Զահլէի մասնաճիւղի երկօրեայ դաստիարակչական բանակումը տեղի ունեցաւ 22-23  օգոստոս 2018-ին, Ժալալայի «Աղբալեան» կեդրոնի շրջափակէն ներս: Սոյն բանակումին  մասնակցեցան` մոկլիներ, արծուիկներ,  գայլիկներ, արենուշներ ու արիներ:   Նկատի ունենալով, որ շրջանին մէջ հայկական դպրոց  չկայ, բանակումին նպատակն էր հայեցի դաստիարակութեամբ հայկական մթնոլորտ մը ստեղծել անդամներուն, ինչպէս նաեւ` զարգացնել  ինքնավստահութեան, չարքաշութեան եւ ընկերային ոգին: Վրանները լարելէ  ու դրօշակի արարողութենէ ետք, առաջին նիւթը...

ՀՕՄ-ի 6-րդ Միջազգային Նաւապտոյտը Հասաւ Իր Աւարտին

ՀՕՄ-ի 6-րդ Միջազգային Նաւապտոյտը Հասաւ Իր Աւարտին

ՀՕՄ-ի 6-րդ նաւապտոյտին` դէպի Եւրոպայի տարբեր երկիրներ ու Ռուսիա,  280 մասնակիցները վերադարձան իրենց տուները` խանդավառ յուշերով: Նաւապտոյտը սկիզբ առաւ յուլիս 22-ին, Սթոքհոլմէն եւ 2 շաբթուան ընթացքին այցելեց 7 երկիրներ: Նաւագնացութեան առաջին օրը ճամբորդները առիթը ունեցան հանդիպելու Շուէտի միաւորի ՀՕՄ-ուհիներուն, որոնք յատուկ շրջագայութիւն մը կազմակերպած էին դէպի թագաւորական պալատ, հայկական եկեղեցի եւ Հայ կեդրոն: Մասնակից անդամներն ու ճամբորդները ծանօթացան իրարու` փոխանակելով...

Պահակները Արթուն Են. ՀՄԸՄ Պէյրութի Մասնաճիւղի Բանակումին Առիթով

Շաբաթ, 25 օգոստոս 2018-ի երեկոյեան Քֆար Մաթթայի շրջանին մէջ ՀՄԸՄ Պէյրութի տարեկան բանակումի խարուկահանդէսն էր. եւ եթէ հոն գտնուող ներկաներէն մէկը, տարբեր պատճառներով, կամայ թէ ակամայ, ծանօթ չէր ՀՄԸՄ-ի առաքելութեան, անոր անշեղ նպատակներուն եւ դաւանած արժէքներուն, բայց մանաւա՛նդ անտեղեակ էր ՀՄԸՄ-ի սկաուտական շարքերուն ամբողջականօրէն հայեցի դիմագիծէն եւ որոշիչ դերակատարութենէն, ապա ան առիթը ունեցաւ այս բոլորին գործնական արտայայտութեան եւ նպատակաուղղուած աշխատանքին...

ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի Մասնաճիւղի 2017-2018 Տարեշրջանի Տարեկան Բանակում

ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի Մասնաճիւղի 2017-2018 Տարեշրջանի Տարեկան Բանակում

Ամէն տարուան նման, այս տարի ալ ՀՄԸՄ-ի ՊԷյրութի սկաուտները յատկացուցին իրենց ամրան 10 օրերը մասնաճիւղային տարեկան բանակումին, որուն նպատակն էր համախմբել մասնաճիւղի բոլոր խումբերը մէկ վայրի մէջ եւ գործադրել տարուան ընթացքին ամբարուած գիտելիքները` անոնց վրայ աւելցնելով նորեր, համեմուած` չարքաշ կեանքի ապրելակերպով: Բանակումը այս տարի տեղի ունեցաւ 17-26 օգոստոս 2018-ին, Քֆար Մաթթա գիւղի շրջակայքը: Շաբաթ, 25 օգոստոսին տեղի ունեցան բանակումին փակման...

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Ազգային Բարերար Անդրանիկ Պաղտասարեան Թալիշի Բարերարը

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Ազգային Բարերար Անդրանիկ Պաղտասարեան Թալիշի Բարերարը

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի երկար տարիներու պատուոյ բարերարներէն լոսանճելըսաբնակ Անդրանիկ Պաղտասարեանը գլխաւոր դեր ունեցաւ ապրիլեան պատերազմի ծանր վնաս կրած Թալիշ գիւղի վերակառուցման գործին մէջ: Ազրպէյճանի սահմանէն հազիւ քանի մը վայրկեան հեռու գտնուող Թալիշը արցախեան առաջին համայնքն էր, որ ազրպէյճանցիներուն կողմէ յարձակման ենթարկուեցաւ 1 ապրիլ 2016-ի կանուխ ժամերուն: Պատերազմի աւարտին Թալիշը հաստատապէս կը մնար հայկական տիրապետութեան տակ, բայց աւերակի վերածուած էր: Մեծ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կ՛այցելէ Փոքրիկներու Սուրբ Գրոց Ճամբար

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կ՛այցելէ Փոքրիկներու Սուրբ Գրոց Ճամբար

Ուրբաթ, 24 օգոստոս 2018-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը այցելեց «Թռչնոց բոյն» հաւաքուած շուրջ 150 փոքրիկներուն, որոնք կը մասնակցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին կազմակերպած Ս. Գրոց ճամբարին (Bible Camp): Վեհափառ հայրապետը դիմաւորելէ ետք, բարի գալուստի խօսք արտասանեց բաժանմունքի վարիչ Մեղրիկ եպս. Բարիքեանը, որ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց կաթողիկոսին` նոր սերունդին նկատմամբ իր ցուցաբերած յատուկ հոգատարութեան եւ...

Շնորհահանդէս Պօղոս Շահմելիքեանի «Յիշատակներ… Անցած Օրեր» Գիրքի Անգլերէն Թարգմանութեան

Շնորհահանդէս Պօղոս Շահմելիքեանի «Յիշատակներ… Անցած Օրեր» Գիրքի Անգլերէն Թարգմանութեան

26 յուլիս 2018-ին Լոս Անճելըսի Կլենտէյլ քաղաքին մէջ գտնուող «Ապրիլ» գրատան «Ռոսլին» արուեստասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Պօղոս Շահմելիքեանի «Յիշատակներ ... Անցած օրեր» գիրքին անգլերէն թարգմանութեան` Dawn of the Armenian Pop Music հատորին շնորհահանդէսը: Մինչ ներկաները կը գրաւէին իրենց տեղերը, մեծ պաստառի մը վրայ կը ցուցադրուէր համանուն գիրքին հայերէն տարբերակին` 2012-ին Լոս Անճելըսի Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղին կազմակերպած գինեձօնէն տեսարաններ: Ձեռնարկին...

Եռաբլուրի Մէջ Հոգեհանգստեան Պաշտօն Մատուցուեցաւ Մհեր Ջուլհաճեանի Յիշատակին

Եռաբլուրի Մէջ Հոգեհանգստեան Պաշտօն Մատուցուեցաւ Մհեր Ջուլհաճեանի Յիշատակին

22 օգոստոս 2018-ին արցախեան ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի յիշատակին հոգեհանգստեան պաշտօն մատուցուեցաւ Եռաբլուրի մէջ: Այս առիթով հաւաքուած էին անոր հարազատները, պէյրութեան եւ մարտական ընկերները եւ կուսակիցները: Շուշիի առանձնակի գումարտակի փոխհրամանատար Հարմիկ Յովսէփեանը ըսաւ. «Մհեր Ջուլհաճեանը մարդկային բարձր արժէքներու տէր անձ էր: Մանուկի սիրտ ունէր, զգացմունքները շատ դժուար կը կարողանար ծածկել: Եթէ մարդ քիչ մը ծանօթ ըլլար անոր, կը գուշակէր, որ այդ...

Դպրեվանքի Շէնքին Վերանորոգումը Հասաւ Իր Աւարտին

Դպրեվանքի Շէնքին Վերանորոգումը Հասաւ Իր Աւարտին

Շաբաթ, 18 օգոստոս 2018-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս այցելեց Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մերձակայքը հաստատուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի շէնք եւ իր գնահատանքը յայտնեց տեսուչ հայր սուրբին, ինչպէս նաեւ տեսչական անդամներուն` դպրեվանքին մէջ կատարուող վերանորոգման աշխատանքներուն նկատմամբ իրենց ցուցաբերած բծախնդրութեան ու նախանձախնդրութեան համար: Յայտնենք, որ ննջարաններու եւ յարակից սենեակներու վերանորոգութեան աշխատանքներուն իրենց նիւթական օժանդակութեամբ կը մասնակցին  Միացեալ...

Տօն Վերափոխման Սրբոյ Կուսին Մարիամու Եւ Զմմառու Մայրավանքի Անուանակոչութեան

Տօն Վերափոխման Սրբոյ Կուսին Մարիամու Եւ Զմմառու Մայրավանքի Անուանակոչութեան

Եպիսկոպոսական Ձեռնադրութիւն Եղիա Ծ. Վրդ. Եղիայեանի Կիրակի, 12 օգոստոս 2018-ին, առաւօտուն, Ս. Աստուածածնի Վերափոխման եւ մայրավանքի անուանակոչութեան տօնին, Հայ կաթողիկէ Գրիգոր Պետրոս Ի. պատրիարքը Զմմառու վանքի «Երանելի Մալոյեան» ամփիթատրոնին մէջ հայրապետական Ս. պատարագ մատուցեց եւ Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան անդամ Եղիա Ծ. վրդ. Եղիայեանի եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնն ու օծումը կատարեց` իբրեւ առաջնորդ Ֆրանսայի կաթողիկէ հայոց Փարիզի Ս. Խաչ թեմի: Ներկայ էին`...

Լիբանանի Զբօսաշրջութեան Նախարար Աւետիս Կիտանեանի Այցը Քջակ

Լիբանանի Զբօսաշրջութեան Նախարար Աւետիս Կիտանեանի Այցը Քջակ

ՔՋԱԿ-ը (Քրիստոնէական Ջանից ամառնային կեդրոն),  որ կը գտնուի Մոնթեվերտէի գեղատեսիլ բարձունքին վրայ,  իբրեւ Հայ աւետարանական Ջանից երիտասարդական շարժումի համագումարներու կեդրոն ծառայած է իր հիմնումէն (1949) մինչեւ այսօր: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառով մեծ վնասներու ենթարկուած ՔՋԱԿ-ը այսօր հիմնովին բարեկարգուած է եւ սքանչելի ու հանգստաւէտ  պայմաններով հաւաքավայր դարձած է թէ՛ մեծերուն, եւ թէ փոքրերուն համար: Հինգշաբթի, 2  օգոստոսին Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս...

Աւստրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Ներկայացուցիչները Այցելած Են Վիեննայի Մխիթարեան Միաբանութիւն

Աւստրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Ներկայացուցիչները Այցելած Են Վիեննայի Մխիթարեան Միաբանութիւն

Աւստրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը յուլիս 30-ին կազմակերպեց արդէն աւանդական դարձած այցելութիւն Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան վանք: Այս անգամ Եւրոպայի մէջ գտնուող հայկական ամենահին հաստատութիւններէն մէկու հիւրերն էին Աւստրիոյ արտաքին գերատեսչութեան աշխատակիցները` արեւելեան Եւրոպայի, Հարաւային Կովկասի եւ կեդրոնական Ասիոյ պիւրոյի ղեկավար Կատարինա Վիզերի եւ Մշակութային համագործակցութեան պիւրոյի ղեկավար Թերեզա Ինճայնի գլխաւորութեամբ: Ինչպէս «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուցին Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ...

Լիզպոն 5-ի 35-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ Ստեփանակերտի Մէջ

Լիզպոն 5-ի 35-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ Ստեփանակերտի Մէջ

Լիզպոնի գործողութեան 35-ամեակին առիթով ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութիւնը Լիբանանի ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական, ՀՅԴ Աւստրալիոյ երիտասարդական եւ ՀՅԴ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի երիտասարդական միութիւններու ճամբարներու ծրագիրով Արցախի մէջ գտնուող անդամներու հետ կազմակերպած է հանրային ձեռնարկ, որ տեղի ունեցած է Ստեփանակերտի Ստեփան Շահումեանի անուան պուրակին մէջ: Ձեռնարկին ընթացքին ելոյթներով եւ երաժշտական կատարումներով հանդէս եկած են Ստեփանակերտի թիւ 2 եւ 5 դպրոցներու մէջ...

Դաշնակցականները Վանաձորի Մէջ Յարգած Են Լիզպոնի 5 Հերոսներուն Յիշատակը

Դաշնակցականները Վանաձորի Մէջ Յարգած Են Լիզպոնի 5 Հերոսներուն Յիշատակը

27 յուլիս 2018-ին, ՀՅԴ Լոռիի Մարզային կոմիտէի նախաձեռնութեամբ, Վանաձորի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղի ունեցաւ Լիզպոնի 5 նահատակներուն նուիրուած հոգեհանգիստի արարողութիւն, որուն կը մասնակցէին, Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արմենուհի Կիւրեղեանը, Լոռիի Մարզային կոմիտէի, Վանաձորի կոմիտէութեան անդամներ, ՀՅԴ Վանաձորի ամառնային ճամբարի 120-էն աւելի մասնակիցներ, Քանատայի ՀՅԴ երիտասարդական միութեան անդամներ, Վանաձորի եւ քոյր քաղաք Փասատենայի ՀՕՄ-ուհիներ: Հոգեհանգիստի արարողութիւնը կատարեց Վահան քհնյ....

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Հալէպի ազատագրումով, գլխաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ գերաշնորհ Տ. Շահան արք. Սարգիսեանի, սկիզբ առին թեմիս տարածքին վերականգնումի եւ վերաշինութեան նախապատրաստական աշխատանքները, մասնագիտական սերտողութիւնները, ուր առաջնահերթ տեղ կը գրաւէր Ս. Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցին, որ սուրիական տագնապի օրերուն ահաբեկչական զինեալ խմբաւորումներու կողմէ թիրախ դարձաւ հրթիռակոծումներու, որուն հետեւանքով ալ կարգ մը կառոյցներ քանդուեցան: Ուրբաթ, 30 մայիս 2018, հանդիսապետութեամբ սրբազան հօր, յատուկ...

Ճամբարը` Հայրենիքի Եւ Սփիւռքի Միջեւ Կապերը Սերտացնելու Միջոց

Ճամբարը` Հայրենիքի Եւ Սփիւռքի Միջեւ Կապերը Սերտացնելու Միջոց

Յուլիս 23-էն Արցախի Ասկերան քաղաքին մէջ կը գործէ ՀՅԴ պատանեկան ճամբար, որուն կը մասնակցին 150 պատանիներ: Ճամբարի ընդհանուր պատասխանատու, ՀՅԴ Լիբանանի Զաւարեան ուսանողական միութեան անդամ Կիրօ Գարավարդանեանի խօսքով, պատանիները մեծ խանդավառութեամբ կը մասնակցին ճամբարի առօրեային, կը լսեն դասախօսութիւնները եւ կը սորվին հայրենասիրական երգերը: «Երեխաներուն հետ աշխատելով, խօսելով արդարութեան մասին` կը ցանկանք զանոնք մասնակից դարձնել մեր միութիւններու աշխատանքներուն», նշած է ան:...

ՀՅԴ Պատանեկան Ճամբարներ Ստեփանակերտի Մէջ

ՀՅԴ Պատանեկան Ճամբարներ Ստեփանակերտի Մէջ

Յուլիսի 16-ին Ստեփանակերտի մէջ սկիզբ առած են ՀՅ Դաշնակցութեան երիտասարդական միութիւններու միաժամանակ երկու ճամբարներ` Աշոտ Ղուլեանի անուան թիւ երկու դպրոցին մէջ ՀՅԴ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի երիտասարդական միութեան եւ Հայկ Բալասանեանի անուան թիւ 5 դպրոցի մէջ` ՀՅԴ Աւստրալիոյ երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեամբ ընթացող ճամբարները: Անոնք նախատեսուած են 10-16 տարեկան պատանիներու համար, պիտի տեւեն 10 օր: Ճամբարներու կազմակերպչական եւ ընթացիկ աշխատանքներուն կ՛օժանդակեն...

Այնճարի Հայ Աւետարանական Երկրորդական Վարժարանի Ամավերջի Հանդէսը

Այնճարի Հայ Աւետարանական Երկրորդական Վարժարանի Ամավերջի Հանդէսը

Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի 2017-2018 տարեշրջանի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 29 յունիս  2018-ին, կէսօրէ ետք ժամը 6:30-ին, վարժարանի շրջափակին մէջ: Հանդէսը ընթացք առաւ 2017-2018 տարեշրջանի 6-րդ եւ 12-րդ դասարաններու շրջանաւարտներու մուտքով, որոնք բեմ բարձրացան իրենց դաստիարակներուն եւ վարժարանի տնօրէն պատուելի Յակոբ Ագպաշարեանի առաջնորդութեամբ: Շրջանաւարտները բեմին վրայ զետեղեցին Լիբանանի եւ Հայաստանի դրօշակները` ներկայացնելով հանդէսի թեման` անկախութիւն Լիբանանի (75-ամեակ) եւ...

Հայ Աւետարանական  Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան.  Երկրորդական Բաժինի Եւ Նախակրթարանի Վկայականներու Բաշխման Հանդիսութիւն

Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան. Երկրորդական Բաժինի Եւ Նախակրթարանի Վկայականներու Բաշխման Հանդիսութիւն

Հինգշաբթի, 28 յունիս 2018-ին երեկոյեան ժամը 8:00-ին Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ վարժարանին նախակրթարանի եւ երկրորդական բաժիններու ամավերջի հանդէսը` նուիրուած Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան հարիւրամեակին: «Սարդարապատ» յաղթերգի հնչիւններուն ներքեւ տեղի ունեցաւ շրջանաւարտներուն եւ ուսուցիչներուն հանդիսաւոր մուտքը, որուն յաջորդեց Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութիւնը: Հանդիսութիւնը սկսաւ աղօթքով եւ Աստուածաշունչի ընթերցումով, որուն  համար բեմ բարձրացան շրջանաւարտներ Ռիթա Պագգալեանը,...

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Մասնակցեցաւ «Միասնականութիւն` Ընդդէմ Բռնութեան, Ծայրայեղութեան Եւ Թմրեցուցիչի» Խորագրեալ Ոտնագնդակի Խաղին

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Մասնակցեցաւ «Միասնականութիւն` Ընդդէմ Բռնութեան, Ծայրայեղութեան Եւ Թմրեցուցիչի» Խորագրեալ Ոտնագնդակի Խաղին

Չորեքշաբթի, 18 յուլիս 2018-ին Համանա (Լիբանան) գիւղին մէջ տեղի ունեցաւ ոտնագնդակի խաղ` հովանաւորութեամբ The Global Forum for Religions and Humanity կազմակերպութեան, «Միասնականութիւն` ընդդէմ բռնութեան, ծայրայեղութեան եւ թմրեցուցիչի» խորագրին տակ: Ոտնագնդակի այս խաղին մասնակցեցան հոգեւորականներ` Լիբանանի բոլոր համայնքներէն: Արդարեւ, ընդառաջելով վերոյիշեալ կազմակերպութեան հրաւէրին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութիւնը ներկայացուց Սմբատ վրդ. Սապունճեանը, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ սոյն բարենպատակ խաղին: Խաղը նաեւ...

Page 17 of 68 1 16 17 18 68

Արխիւներ