Սրբոց Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարանի (2018-2019) Կրթական Տարեշրջանի Ուրախ Վերամուտը
Երեքշաբթի, 25 սեպտեմբերին Հռիփսիմեանցի աշակերտները փութացին իրենց հարազատ կրթօճախը` վերամիանալու երկրորդական դասարաններու աշակերտներուն, որոնք 12 սեպտեմբերէն արդէն կը յաճախէին դպրոց եւ վերընտելացած էին դպրոցական առօրեային: Առաւօտեան դպրոցական առաջին զանգին աշակերտները, իրենց ուսուցիչներու գլխաւորութեամբ, մէկտեղուեցան դպրոցին կեդրոնական բակը` Աստուածամօր արձանին եւ Մեսրոպ Մաշտոցի քանդակին դիմաց: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու կատարումէն ետք բարի գալստեան խօսքով հանդէս եկաւ վարժարանի տեսուչ Կարպիս Գապասագալեան, որ...




















