Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տօն Վերափոխման Սրբոյ Կուսին Մարիամու Եւ Զմմառու Մայրավանքի Անուանակոչութեան

Օգոստոս 20, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Եպիսկոպոսական Ձեռնադրութիւն
Եղիա Ծ. Վրդ. Եղիայեանի

Կիրակի, 12 օգոստոս 2018-ին, առաւօտուն, Ս. Աստուածածնի Վերափոխման եւ մայրավանքի անուանակոչութեան տօնին, Հայ կաթողիկէ Գրիգոր Պետրոս Ի. պատրիարքը Զմմառու վանքի «Երանելի Մալոյեան» ամփիթատրոնին մէջ հայրապետական Ս. պատարագ մատուցեց եւ Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան անդամ Եղիա Ծ. վրդ. Եղիայեանի եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնն ու օծումը կատարեց` իբրեւ առաջնորդ Ֆրանսայի կաթողիկէ հայոց Փարիզի Ս. Խաչ թեմի:

Ներկայ էին` Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ Ժոզեֆ եպս. Սփիթերին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանը, մարոնի պատրիարքի ներկայացուցիչ, Քեսրուանի առաջնորդ Փոլ եպս. Ռուհանան, ասորի կաթողիկէ պատրիարքին ներկայացուցիչ Քաս Մուսան, Դամասկոսի մարոնի առաջնորդ Սամի եպս. Նասսարը,  Սուրի յոյն կաթողիկէ առաջնորդ Միշէլ եպս. Ապրասը, Պէյրութի լատին առաջնորդ Սեզար եպս. Եսայեանը, Լիբանանի խորհրդարանի նախագահի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին,  Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանը, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանը, երեսփոխան Յակոբ Թերզեանը, ինչպէս նաեւ` մեծ թիւով հաւատացեալներ եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ:

Պատրիարք հայրը իր հայրական պատգամին մէջ անդրադառնալով Ս. Աստուածամօր կեանքին` ըսաւ. «Այսօր համայն քրիստոնէութիւնը Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնը մեծ շուքով կը  կատարէ: Տօն մը, զոր հայ եկեղեցւոյ հայրերը հինգ տաղաւար տօներէն մէկը համարած են:   Աստուածամայրը, որ շնորհք գտաւ Աստուծոյ առջեւ, հաւատքով ապրեցաւ Աստուածորդւոյն ծածուկ կեանքը: Տիրամօր կեանքը, սակայն, հեշտ չեղաւ, այլ` դժուարութիւններով լեցուն, եւ ինչպէս  Յիսուս Քրիստոս իր յարութեան ընդմէջէն յարուցեալ կեանք խոստացաւ մեր բոլորին, նոյնպէս Տիրամօր Վերափոխումը փաստ մը եղաւ այս նոր կեանքին, որ ան  փոխանցեց յաջորդ սերունդներուն, որպէսզի աստուածային դրոշմով մեր կեանքը պայծառակերպուի ընդմիշտ, այս կեանքի սահմանաւոր պայմաններէն անդին` սպասելով յարութեան: Եկեղեցին Վերափոխման տօնին հանդիսութամբ կը պանծացնէ Տիրամայրը` որպէս Մայր եւ Աստուածածին հռչակելով: Ամենասուրբ Կոյսը, Աստուծոյ Մայրը, միանգամայն մեր Մայրն է, եւ անոր մայրական սէրը կը բացայայտուի Գողգոթայի լերան վրայ, երբ խաչեցեալ Յիսուս անհունօրէն քաղցր նայուածք մը ուղղեց իր վրայ»: Հոգեւոր տէրը իր քարոզի աւարտին խնդրեց բոլոր ներկաներէն, որ յատուկ կերպով աղօթեն նոր առաջնորդին եւ իրեն համար:

Սուրբ եւ անմահ պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ խաղողօրհնէքի արարողութիւն: Հոգեւոր տէրը, շրջապատուած եկեղեցական դասով, օրհնեց խորանին առջեւ դրուած խաղողի ողկոյզները, որպէսզի բաշխուին ներկաներուն:

Այնուհետեւ նորօծ առաջնորդ եպիսկոպոսը արարողութեան աւարտին իր սրտի խօսքը ուղղելով` ըսաւ. «Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր անոնց ներկայ թէ բացակայ, որոնց ծառայեցի եւ անոնց, հետ գործակցեցայ զանազան առաքելավայրերուս մէջ, ըլլան անոնք վարժարան թէ ժողովրդապետութիւն: Ամէնքը տեղ ունին իմ սրտիս մէջ: Այս առթիւ Պօղոս առաքեալի նամակէն մէջբերում կատարելով` կը խոստանամ բոլոր ուժերովս ձգտիլ գերազանց պարգեւներուն, որոնցմէ լաւագոյնն է սէրը:  Այսպէս, Պօղոս առաքեալին նման, ես իմ կարգիս, բոլորին հետ պիտի գործակցիմ գերագոյն սիրով»:

Օրուան հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ աջահամբոյր:

Այնուհետեւ «Զմմառու հիւրանոց»-ի ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան: Այս առիթով հերթաբար սրտի խօսքեր արտասանուեցան եւ յուշանուէրներ յանձնուեցան նորօծ եպիսկոպոսին:

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (20 Օգոստոս 1968)

Յաջորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Ժամանակաշրջանի Հայապահպանում

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?