Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կ՛այցելէ Փոքրիկներու Սուրբ Գրոց Ճամբար

August 28, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 24 օգոստոս 2018-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը այցելեց «Թռչնոց բոյն» հաւաքուած շուրջ 150 փոքրիկներուն, որոնք կը մասնակցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին կազմակերպած Ս. Գրոց ճամբարին (Bible Camp):

Վեհափառ հայրապետը դիմաւորելէ ետք, բարի գալուստի խօսք արտասանեց բաժանմունքի վարիչ Մեղրիկ եպս. Բարիքեանը, որ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց կաթողիկոսին` նոր սերունդին նկատմամբ իր ցուցաբերած յատուկ հոգատարութեան եւ սոյն նախաձեռնութեան տուած օրհնութեան համար: Ապա ան ներկայացուց ցարդ կատարուած աշխատանքները, ինչպէս` զանազան դաստիարակչական խաղեր, աղօթքի եւ շարականներու ուսուցում, Ս. Գիրքի սերտողութիւն, առակներու բեմականացում եւ այլ ծրագիրներ: Իրենց կարգին, փոքրիկները վեհափառին ներկայացուցին իրենց սորված փունջ մը հոգեւոր երգերն ու աղօթքները:

Խօսք առնելով` կաթողիկոսը գնահատեց ճամբարին մասնակիցներն ու անոնց ծնողները, որոնք քրիստոնէական ու հայեցի դաստիարակութեամբ կը կրթեն իրենց զաւակները ու կը վստահին Հայ եկեղեցւոյ: Վեհափառ հայրապետը իր խոր գոհունակութիւնը յայտնեց` ի տես մանուկներուն ու պատանիներուն խանդավառութեան եւ ըսաւ, որ մեր բոլորին Երկնաւոր Հայրն է ,որ կ՛ուրախանայ, երբ այսպէս մեր ազգի զաւակները հոգեւոր մթնոլորտի մէջ կը սորվին շարականներ, սաղմոսներ ու այլ գիտելիքներ եւ մօտէն ծանօթ կ՛ըլլան մեր հոգեւոր արժէքներուն, աւանդութիւններուն ու սրբութիւններուն: Հայրապետը նաեւ իր գնահատանքը յայտնեց ճամբարի պատասխանատու սրբազանին եւ անոր շուրջ հաւաքուած հայր սուրբերուն ու կամաւորներուն: Խօսքի աւարտին փոքրիկներն ու պատանիները իրենց շնորհակալութիւնը յայտնեցին վեհափառ հայրապետին եւ ուղղեցին իրենց հարցումները:

Վեհափառ հայրապետին սոյն հանդիպումը շարունակուեցաւ փոքրիկներուն հետ ճամբարի ծրագիրներուն մասնակցութեամբ:

Ճամբարէն մեկնելէ առաջ նորին սրբութիւնը CILICIA TV-ին հետեւեալ յայտարարութիւնը կատարեց. «Քրիստոնէական ու հայեցի դաստիարակութիւնը Հայ եկեղեցւոյ առաջնահերթութիւններէն, մտահոգութիւններէն ու պարտաւորութիւններէն մէկն է, յատկապէս` ներկայ ընկերութեան կեանքին մէջ, ուր մեր զաւակները շրջապատուած են տեսանելի ու անտեսանելի չարիքներով: Փոխանակ չարը քննադատելու, հարկ է պայքարիլ անոր դէմ` մեր հոգեւոր ու բարոյական արժէքներով լիցքաւորելով նոր սերունդները: Փոխանակ զանազան աղանդաւորական գոյներով ու կերպերով մեր ժողովուրդի զաւակներուն մօտեցող ապաքրիստոնէական ու ապազգային շարժումներուն դէմ խօսելու ու զանոնք քննադատելու, եկեղեցւոյ սրբազան պարտաւորութիւնն է հաւատքի հզօր զէնքով զինելու մեր զաւակները` իրենց փոքր տարիքէն սկսելով: Ահա թէ ինչո՛ւ մեր եկեղեցին, հեռու ամէն տեսակ քարոզչական ու ցուցական նախաձեռնութիւններէ, կոչուած է նմանօրինակ աշխատանքներով ու ծրագիրներով մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս հաւատքի սերմերը ցանելու: Ա՛յս է եղած մեր ժողովուրդի պաշտպանութեան ամէնէն զօրեղ զէնքերէն մէկը պատմութեան ամէն տեսակ չարերու ու չարիքներու դէմ»:

Նշենք, որ Ս. Գրոց ճամբարը ընթացք առաւ 20 օգոստոսին եւ տեւեց մինչեւ 27 օգոստոս:

Նախորդը

Հարցազրոյց` Եուրոզի Հետ

Յաջորդը

1914-ի Ընդհանուր Պատերազմին Սսոյ Վանքին Հարստութիւնը Ինչպէ՞ս Հալէպ Փոխադրուեցաւ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.