Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Քոլեճը` Հաւատարիմ Կրթօճախ Ազգային Տօներուն Եւ Աւանդութեանց
Հայ եկեղեցւոյ տօներն ու աւանդութիւնները հաւատարմօրէն կրող ու պահպանող Սուրէն Խանամիրեան Ազգային քոլեճի աշակերտութիւնն ու ուսուցչական կազմը երկուշաբթի, 13 փետրուար 2017-ին համախմբուեցան դպրոցին շրջափակը` նշելու Տեառնընդառաջը եւ վառելու աւանդական խարոյկը: Միքայէլ քհնյ. Տեմիրճեան աղօթքով սկսաւ արարողութիւնը, ապա աշակերտութեան մաղթեց փայլուն, օրհնաբեր կրթութիւն եւ պայծառ ապագայ: Ան կոչ ուղղեց` հաւատարմութեամբ պահպանել ազգային եկեղեցական տօներն ու աւանդութիւնները: Վառող խարոյկին շուրջ աշակերտները շրջանակ...


















