Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վասն Հաւատքի Եւ Վասն Հայրենեաց Մղուած Վարդանանց Ճակատամարտին Տօնը

Փետրուար 28, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի աշակերտութիւնը Վարդանանց տօնը յիշատակեց ուրբաթ« 24 փետրուար 2017-ին, ներկայութեամբ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Եղիա Ծ. վրդ. Եղիայեանի,  Վարագ վրդ. Պէրպէրեանի, օրուան պատգամախօս ունենալով գերապատիւ հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեանը:

Մինչ այդ, չորեքշաբթի, 22 փետրուարի Ս. պատարագը նուիրուած էր Վարդանանց յիշատակին, զոր մատուցեց գերապատիւ հայր Մաշտոց վրդ. Զահթէրեանը, որ իր քարոզին մէջ աշակերտներուն փոխանցեց անմահ սպարապետ Վարդան Մամիկոնեանի անժամանցելի պատգամը` ուղղուած բոլոր ժամանակներու հայութեան` շեշտը դնելով մայրենի լեզուն եւ մշակոյթը անաղարտ պահելու անհրաժեշտութեան վրայ:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ Ս. Խաչ-Հարպոյեանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, տօնահանդէսի բացման խօսքը կատարեց 10-րդ դասարանի աշակերտ Կասիա Տէրտէրեան, որ ըսաւ, թէ մենք այսօր կը յիշատակենք հայոց պատմութեան կարեւոր հանգրուան մը, ամենամեծ եւ ամենաքաջ հերոսներէն մէկուն եւ ուխտապահ եկեղեցականներու ու նախարարներու անմար ու անթառամ յիշատակը:  «Բառերու շքեղութիւնն ու խօսքին հմայքը բաւարար չեն արտայայտելու այն օրերու հերոսութիւնը: Սակայն, կարելի է յիշել եւ արժեւորել այսօրուան հերոսները, որոնք, զինուած Վարդանի շունչով, հաւատքով, ոգիով եւ հայրենասիրութեամբ, սահմաններէն ետ կը մղեն բոլոր անոնք, որոնք կը համարձակին մեր անդորրութիւնը խախտել», ըսաւ ան:

Յայտագիրի առաջին բաժնով մանկապարտէզի Ծիլ դասարանի աշակերտները իրենց պատասխաններով փաստեցին, որ իրենք արդէն այդ դասարանէն կը սորվին Աւարայրի ճակատամարտին մանրամասնութիւնները: Անոնք նաեւ արտասանութեամբ ու երգով գովերգեցին Վարդանանց հերոսները: Յաջորդաբար բեմ բարձրացան 3-րդ դասարանէն Քարլա Ռուպէլեան` «Վարդանանց յիշատակին» ասմունքով, 3-րդ դասարանը` «Վարդանի երգը» եւ «Վարդանի ժառանգները» խմբերգով: 4-րդ դասարանցիները թատերական ներկայացում մը հրամցուցին աշակերտներուն, համադասարանցի Սերժիօ Հայրանեանի կատարողութեամբ երգի եզրափակումով: Գեղարուեստական յայտագրի վերջաւորութեան դպրոցի պարախումբը ներկայացուց գաւառական պար մը:

Գերապատիւ հայր Կարապետեան իր խօսքին մէջ նշեց, թէ բոլորս մեր կեանքին մէջ կանչուած ենք ըլլալու մէկական Վարդաններ, հետեւաբար, խիղճի քննութիւն մը ընենք եւ հարց տանք, թէ որքանով կ՛ապրինք անոր հաւատարմութիւնը ազգին եւ եկեղեցիին հանդէպ, որքանով հայերէն կը խօսինք: Վարդանը այսօր մեզի կը պատգամէ անտարբեր չըլլալ հայ գիրին ու գրականութեան, պատմութեան, մշակոյթին ու քրիստոնէական դաստիարակութեան նկատմամբ, եւ կը յորդորէ պահպանել մեր ազգային արժէքները եւ լեզուն, որովհետեւ ամօթ չէ իբրեւ հայ օտար լեզու չգիտնալը, բայց ամօթ է մայրենին` հայերէնը չգիտնալը, ըսաւ ան:  Վարդապետը եզրափակեց իր խօսքը`շեշտելով, որ մենք` որպէս հայեր, մեծ արժէք ունինք եւ պէտք չէ զայն կորսնցնենք, հետեւաբար, կրկնակի պատասխանատուութիւն ունինք պահելու եւ արժեւորելու մեր ինքնութիւնը եւ մեր հայրենիքը` Հայաստանն ու Արցախը:

Հանդիսութեան աւարտին տնօրէն Ռիթա Պոյաճեան ըսաւ, թէ Աւարայրի ճակատամարտէն 15 դարեր ետք մենք այսօր կը յիշատակենք ճակատամարտ մը, զոր թէեւ պարտուած ենք պատերազմի դաշտին վրայ, բայց ինչպէ՛ս պարտութիւն կոչել զայն, երբ մենք տակաւին կը պահենք մեր ինքնութիւնը, հայրենիքը, կրօնքը, լեզուն եւ մշակոյթը, հարց տուաւ ան:  Ան իր խօսքը փակելով` ըսաւ, թէ Վարդանանց զօրավարներու յիշատակը կը յաւերժանայ գնահատելով անոնց անձնուիրութիւնը եւ շարունակելով քալել անոնց հարթած ճանապարհէն:

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (28 Փետրուար 1967)

Յաջորդը

Հայ Հոգեւորականներ Մեսրոպեանի Աշակերտներուն Դասախօսեցին Եկեղեցւոյ Միութեան Մասին

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?