Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Հոգեւորականներ Մեսրոպեանի Աշակերտներուն Դասախօսեցին Եկեղեցւոյ Միութեան Մասին

Փետրուար 28, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եկեղեցիներու միութեան շաբթուան առիթով, 25 յունուար 2017-ին Հայ կաթողիկէ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ իւրայատուկ հաւաք մը, որուն ընթացքին Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտները ծանօթացան հայ եկեղեցւոյ երեք յարանուանութիւններու ամփոփ պատմութեան եւ եկեղեցիներու միութեան գաղափարին:

Մեսրոպեանի հոգեւոր վարիչի գրասենեակին կողմէ նախաձեռնուած սոյն հաւաքին խօսք առին վերապատուելի Րաֆֆի Մսըրլեան, Ղեւոնդ քահանայ Լոշհաճեան, Մեսրոպեանի հոգեւոր վարիչ Րաֆֆի քահանայ Յովհաննէսեան եւ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Հայր Պերճ Սապէ:

Կրօնի ուսուցիչ Սալբի Քէշիշեանի բացման խօսքէն ետք, հայ հոգեւորականները աշակերտներուն բացատրեցին, որ եկեղեցին մէկ է` տարբեր յարանուանութիւններով հանդերձ: Անոնք ներկայացուցին հայ եկեղեցւոյ հաւատամքին հիմնական սկզբունքները, որոնք հայ հաւատացեալները կը միացնեն մէկ մարմինի մէջ, որուն գլուխը Յիսուս Քրիստոսն է: Շեշտուեցաւ այն միտքը, որ հայ եկեղեցական կազմակերպութիւնները կը հետապնդեն միեւնոյն նպատակը, որն է` ծանօթացնել մարդիկը Քրիստոսին, զոր ընդունելով միայն կարելի է արժանանալ երկնային արքայութեան: Բանախօսները հաստատեցին, որ այն, ինչ որ կը միացնէ քրիստոնեաները` անհամեմատելիօրէն աւելի մեծ է, քան այն, որ կրնայ բաժնել, ինչ որ կը հանդիսանայ վստահելի կռուան մը` եկեղեցւոյ զօրութեան:

Րաֆֆի քահանայ Յովհաննէսեան շնորհակալութիւն յայտնեց հաւաքին մասնակից եւ կազմակերպող բոլոր կողմերուն եւ մաղթեց, որ Մեսրոպեանի աշակերտները միշտ ապրին ու մտածեն միութենական ոգիով:

Հաւաքը փակուեցաւ Եկեղեցիներու միութեան համար կատարուած բարեմաղթական աղօթքով:

 

Նախորդը

Վասն Հաւատքի Եւ Վասն Հայրենեաց Մղուած Վարդանանց Ճակատամարտին Տօնը

Յաջորդը

«Թամայեազ»-ի Ծրագիրը` Ի Շահ Մեսրոպեանի Աշակերտներու Ապագային

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?