Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Մասնակցի Ծոցի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Տարեկան Հանդիպումին

Յունուար 28, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երկուշաբթի, 16 յունուար 2017-ին, Ապու Տապիի Կաթողիկէ համայնքի կեդրոնէն ներս սկիզբ առաւ Ծոցի Եկեղեցիներու խորհուրդի տարեկան հանդիպումը: Սոյն ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին պաշտօնապէս պետութեան կողմէ ճանաչում ունեցող եկեղեցիները, յատկապէս` ոչ քաղկեդոնական, ուղղափառ, աւետարանական եւ անգլիքան եկեղեցիներու ընտանիքները: Երկու օրերու վրայ տարածուած ժողովներուն գլխաւոր նպատակն էր մօտէն ծանօթանալ եկեղեցիներու գործունէութեանց, անոնց դիմագրաւած դժուարութիւններուն ու յատկապէս քննարկել Ծոցի երկիրներու մէջ քրիստոնեայ եկեղեցիները յուզող հարցերը:

Երկօրեայ ժողովը կը վայելէր Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց պետութեան անմիջական զօրակցութիւնը, եւ այս իմաստով ժողովին իր մասնակցութիւնը բերաւ միջկրօններու հանդուրժողութեան նախարար շէյխա Լուպնա Քասիմին:

Պետութիւնը նաեւ քրիստոնեայ համայնքներու առաջնորդներուն առիթը ընծայեց Ապու Տապիի մէջ Սըր Պանի Եաս կղզին այցելելու, եւ մօտէն ծանօթանալու 7-րդ դարու պատկանող քրիստոնէական վանքի փլատակներուն:

Սոյն ժողովին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ներկայացուց Ծոցի երկիրներու Եկեղեցիներու խորհուրդի գործադիր վարչութեան անդամ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Մեսրոպ ծ. վրդ. Սարգիսեան, որ ժողովի աւարտին խօսք առնելով յանուն մասնակիցներուն` շնորհակալութիւն յայտնեց Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց հիւրընկալ երկրին ու անոր իշխանութեան, որոնք լայն ազատութիւն տուած են քրիստոնեայ համայնքներուն` պահելու իրենց աւանդութիւնները ու կատարելու ծիսական արարողութիւնը:

Նախորդը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Մասնակցի Եկեղեցիներու Միութեան Նուիրուած Միջեկեղեցական Արարողութեան

Յաջորդը

Գեղանկարիչ Յարութիւն Թորոսեան` Նաեւ Գրող

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?