Վերջերս մահացած Մատլէն Օհանեան-Թաշճեանի կտակն էր «Թռչնոց բոյն»-ի մէջ կանգնեցնել խաչքար մը` ի յիշատակ իր հօր Յարութիւն Օհանեանի եւ մեծ հօր Կարապետ Եայլայեանի:
Խաչքարի տեղադրումը կատարուեցաւ 8 յունուար 2017-ին` ներկայութեամբ Մատլէն Օհանեան-Թաշճեանի ամուսնոյն` տոքթ. Վարդան Թաշճեանի, դստեր` Մարիյէթ Թաշճեանի, մօտիկ ընկերներու եւ ազգականներու: Խաչքարի զետեղման արարողութիւնն ու Մատլէն Օհանեան-Թաշճեանի քառասունքի յիշատակումը կատարուեցաւ «Արամ Պեզիքեան» թանգարանի պատասխանատու Պսակ վրդ. Թեփիրճեանի կողմէ, մասնակցութեամբ «Թռչնոց բոյն»-ի անձնակազմին: