Չկայ աւելի նուիրական զգացում, քան երբ մարդ ինքզինք կ՛ընծայաբերէ Տիրոջ հնազանդութեան եւ ծառայութեան ի սպաս:
Այսպէս, Զմմառեան միաբանութեան Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի երեք ժառանգաւորներ` Կարօ Գլընճեան, Վարդան Ճալլուֆ եւ Լեւոն Ստեփանը, յետ իրենց ուսմանց, անսալով Տիրոջ կոչին` շաբաթ, 4 փետրուար 2017-ին, յետմիջօրէի ժամը 7:00-ին, երեկոյեան ժամերգութեան աւարտին, Զմմառու մայրավանքի Վերափոխման Ս. Կուսին եկեղեցւոյ մէջ ընդունեցին կղերիկոսական առաջին չորս աստիճանները:
Ձեռամբ գերապայծառ Գաբրիէլ Թագադիր ծայրագոյն վարդապետ Մուրատեանի, պատրիարքական փոխանորդ Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան, Մեծաւոր Զմմառու վանքի, եւ Պատրիարքական փոխանորդ Պէյրութի թեմի, եւ խարտաւիլակութեամբ` Բարսեղ վարդապետ Պաղտասարեանի, տեսուչ Զմմառու երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի:
Արդարեւ, ժառանգաւորները, հանրութեան առջեւ, իրենց հաւատոյ դաւանութիւնը յայտարարեցին: Գերապայծառ հայրը խաչաձեւ կտրելէ անոնց մազերը, անոնց յանձնեց եկեղեցւոյ մաքրութեան, դռնապանութեան եւ ընթերցողութեան իշխանութիւնը: Ապա` երդմնեցուցիչի ու ջահընկալութեան կարգերը:
Աւարտին, սարկաւագին քարոզին յաջորդեց գերապայծառ հօր փակման աղօթքը, ապա Տէրունական աղօթքով վերջ գտաւ հոգեպարար արարողութիւնը: