
Փետրուար 19-ը Ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանին ծննդեան օրն է: Այս օրը նաեւ գիրք նուիրելու օր է: Հայաստանի գրողներու միութեան նախկին նախագահ` Լեւոն Անանեանի որոշմամբ` փետրուար 19-ին հայերուն համար կը նշուի համազգային տօն` Գիրք նուիրելու օր:
Աւանդոյթ դարձած գիրքնուիրելու օրուան ընդառաջ 16-17 փետրուարին, Ազգային Սուրէն Խանամիրեան քոլեճի մէջտեղի ունեցաւ գիրքի ցուցահանդէս եւ վաճառք, ուր ցուցադրուեցան տարբեր լեզուներով, տարեբեր սեռերու նիւթեր բովանդակող գիրքեր, որոնք վաճառուեցան վարժարանիս աշակերտներուն:
Օրուան նպատակը բացատրուելէ ետք, ուսուցիչներուն հսկողութեամբ աշակերտները շրջեցան սրահին մէջ, ուր ունկնդրեցին երգեր` «Անուշ Օփերա»-էն:
Սրահին մէկ անկիւնը յատկացուած էր Յ. Թումանեանի ստեղծագործութիւններուն ու փոքրիկներուն գծագրութիւններուն, որոնք կը պատկերացնէին Թումանեանի հեքիաթներն ու անոնց հերոսները: Սրահին մէջ հայերէնի ուսուցչուհիները աշակերտներուն ներկայացուցին 2014 թուականին Երեւանի մէջ հրատարակուած, Յ. Թումանեանի ծննդեան 145-րդ ամեակին նուիրուած բացառիկ հատորէն նիւթերու նկարներ եւ ընթերցեցին Թումանեանի քառեակներէն:
Ուրբաթ օր, ցուցահանդէսի աւարտին, աշակերտներն եւ ուսուցիչները ուղղուեցան դէպի մեծ սրահ, ուր տեղի ունեցաւ հանդիսութիւն մը` նուիրուած Ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանին:
Նախ` Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճի տնօրէն Նելլի Վէքիլեան աշակերտները շնորհաւորելով, Թումանեանի ստեղծած վերնատան խորհուրդը փոխանցեց աշակերտներուն ու նշեց, որ, այս աւանդոյթը պահպանելով, մենք լաւագոյն կերպով կը յարգենք Թումանեանի յիշատակը` մեր մեծ գրողներէն մէկուն, որ իր ամբողջ կեանքը նուիրեց ո՛չ միայն գիրք ստեղծելու, այլ նաեւ իր բանաւոր զրոյցներով եւ գործունէութեամբ նպաստեց մեր հայութեան ոգիին թրծմանը, մեր գրականութեան ու մշակոյթին տարածման: Ան նաեւ քաջալերեց աշակերտները, որ անոնք յաճախ ընթերցեն ու ընթերցանութեան ընդմէջէն ապրեցնեն գիրն ու գրականութիւնը:
Հանդիսութեան հանդիսավարները հերթաբար ընթերցեցին Թումանեանի կենսագրութիւնը, գործերն ու անոր ազգային գործունէութիւնը: Իսկ 7-րդ դասարանի աշակերտները հերթաբար ներկայացուցին Թումանեանի կեանքէն դրուագներ: 3-րդ դասարանի աշակերտները ներկայացուցին «Պոչատ Աղուէս»-ը եւ արտասանեցին «Աշնան Վերջը» եւ «Գետակը»: Ապա առաջին դասարանի աշակերտները գիրքերը մաքուր պահելու խոստում տուին: 4-րդ դասարանի աշակերտները ներկայացուցին «Սուտասանը» եւ արտասանեցին «Գրիչը»: 2-րդ դասարանի աշակերտները հայկական պարով մը խանդավառեցին ներկաները: 5-րդ դասարանի աշակերտներուն ներկայացուցած «Ոսկիի կարաս»-ով փոքրիկները հրաւիրուեցան պարկեշտութեան, եղբայրասիրութեան ու համերաշխութեան: Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ «Հին օրհնութիւն» բանաստեղութեան ներկայացումով, ուր 6-րդ կարգի աշակերտները, բոլոր ներկաները մտովի փոխադրեցին Թումանեանի ծննդավայր` Դսեղ գիւղը, ու «Ապրէ՛ք Երեխէ՛ք, բայց մեզ պէս չապրէք» օրհնութեամբ զգացին, թէ որքան տառապած էին մեր պապերը, որոնց օրհնութեամբ, այսօր, մենք կ՛ապրինք մեր կեանքի լաւագոյն օրերը ու կը վայելենք մեր սիրելի դպրոցին բարիքները:
Հանդիսութեան աւարտին, տօնին աւանդութեան համաձայն, գիրքեր նուիրուեցան առաջնակարգ աշակերտներուն: Յաջողութեան եւ արդիւնաբերութեան ջերմ մաղթանքներով աշակերտները ուղղուեցան իրենց տուները, իրենց հետ տանելով Թումանեանի հեքիաթներն ու հերոսներուն բարութիւնն ու խոհեմութիւնը:


