ԼՕԽ-ի դաստիարակչական յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, երկուշաբթի, 13 փետրուար 2016-ին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայկական ճարտարապետութիւնը Հայաստանէն Լիբանան եւ սփիւռք» նիւթով դասախօսութիւն մը` հիւր դասախօս ունենալով Րաֆֆի Չերչեանը:
ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք դաստիարակչական յանձնախումբին անունով ողջոյնի խօսք արտասանեց Վարդիթեր Մարտիրոսեան: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ մշակութային նիւթերով հանդէս գալու նպատակը դաստիարակչական բնոյթ ունի եւ գերազանցապէս կը մտի պահպանել մշակոյթը: Ապա անդրադառնալով օրուան նիւթին ըսաւ, որ ճարտարապետական ոճերը կը ներկայացնեն տարբեր ժամանակահատուածներու քաղաքակրթութիւններ, որոնք կը շաղկապեն ազգեր եւ կ՛արտացոլացնեն ազգերու աւանդութիւնները եւ սովորութիւնները: Ճարտարապետական ստեղծագործութիւնները ազգի մը յաւերժութիւնը կ՛երաշխաւորեն: Խօսքի աւարտին Վ. Մարտիրոսեան հրաւիրեց օրուան դասախօս Րաֆֆի Չերչեանը նիւթը ներկայացնելու:
Րաֆֆի Չերչեան ներածականով մը յայտնեց, որ ճարտարապետութիւնը միայն քարէ կառոյցներ եւ ստեղծագործութիւններ չեն, այլ անոնք կը կրեն տուեալ ազգի ոգեղէն յատկանիշները, կ՛ազդուին տեղական ու աշխարհագրական պայմաններէ, ժամանակի ընթացքին զարգացում ապրելով` կը կրեն նաեւ փոփոխութիւններ:
Րաֆֆի Չերչեան համակարգչային «փաուր փոյնթ» ծրագիրով ներկայացուց ընդհանուր ճարտարապետութեան, ապա հայկական ճարտարապետութեան զարգացման բոլոր փուլերը` սպառիչ օրինակներով ու համապատասխան նկարներով: Ան ըսաւ, որ հայկական ճարտարապետութեան մէջ պէտք է տեսնել կապ ե՛ւ Ստեղծիչին, ե՛ւ ազգին հետ, ինքնութեան հետ: Ան խօսելով վաղ քրիստոնէութեան շրջանի ճարտարապետութեան հնագոյն փուլի մասին` ըսաւ, որ աղօթքի կառոյցները եղած են դամբարանները, գերեզմանատուները եւ քարայրները, ուր տարբեր պատճառներով քրիստոնեաներ ստիպուած եղած են իրենց աղօթքը կատարել, ապա անցնելով երկրոդ փուլին, ըսաւ, որ այս շրջանը կը յատկանշուի հնագոյն շրջանի տաճարները` որպէս եկեղեցի վերակառուցելու աշխատանքով եւ կամ տաճարը պահելով եւ կողքը նոր եկեղեցի մը կառուցելով: Այս շրջանին եկեղեցիները ունեցած են պարզ կառոյց: Իսկ աւելի ուշ շրջանը` 5-6 դարերը, հայկական ճարտարապետութեան զարգացման գագաթնակէտը կը հանդիսանան, երբ կատարելութեան կը հասնի հայկական ճարտարապետութիւնը: Այս շրջանի եկեղեցիները եղած են շատ աւելի շքեղ ու գեղեցիկ:
Իսկ ինչ կը վերաբերի կառուցուածքի տուեալներուն` Րաֆֆի Չերչեան առանձնացուց պազիլիքը, գմբէթաւոր պազիլիքը, բոլորաձեւը եւ ութանկիւնը, խաչաձեւն ու զուարթնոցաձեւը, եւ բացատրեց իւրաքանչիւր կառոյցի բոլոր առանձնայատկութիւնները:
Յատուկ բաժինով դասախօսը խօսեցաւ նաեւ գմբէթի մասին, որուն կառուցման մէջ հայ ժողովուրդի հազարամեայ փորձառութիւն ունեցած է: Ան յայտնեց, որ գմբէթը կը ներկայացնէ սլացքը դէպի վեր, դէպի Արարատ, դէպի երկնային կամուրջ: Ան ըսաւ, որ մարդու նայուածքը եկեղեցւոյ մէջ կ՛ուղղուի առաջին հերթին դէպի խորան եւ գմբէթ:
Ր. Չերչեան դիտել տուաւ նաեւ, որ եկեղեցւոյ կառուցման մէջ մեծ դեր կ՛ունենան տուեալ միջավայրի կենսական պայմանները, աշխարհագրական դիրքը, պատուիրատուն եւ վայրը, օրինակ` Բագրատունիներու օրով եկեղեցիները աւելի շքեղ եղած են որպէս կառոյց:
Դասախօսը անդրադարձաւ նաեւ աւելի ուշ կառուցուած վանային համալիրներու ճարտարապետութեան եւ ըսաւ, որ միջնադարեան վանքերը եղած են մշակութային եւ գրչութեան կեդրոններ, թշնամիէն պատսպարուելու վայրեր եւ մանաւանդ` կրթութեան ու գիտութեան օճախներ ու համալսարաններ: Հայոց թագաւորութիւններու անկումով: Ան ըսաւ, որ հայական ճարտարապետութիւնը կրած է նաեւ ազդեցութիւններ սելճուքեան, պարսկական եւ այլ:
Ան խօսեցաւ նաեւ նորագոյն շրջանի ճարտարապետութեան մասին` սփիւռքի տարածքին եւ Լիբանանի մէջ: Դասախօսը ըսաւ, որ նոր շրջանը կը բնորոշուի կառուցուածքային որոշակի փոփոխութիւններով, շինանիւթերու եւ արհեստագիտութեան կիրարկումներով եւ մանաւանդ` ճարտարապետական ազգային աւանդոյթներու պահպանումով:
Իր խօսքի աւարտին դասախօսը կարեւորութեամբ նշեց, որ հայկական ճարտարապետութիւնը արմատաւորուած է ազգային եւ մշակութային աւանդոյթներով, որոնց իմացութիւնն ու պահպանումը իւրաքանչիւրիս պարտաւորութիւնն է` որպէս ազգային արժէք:
Դասախօսութեան աւարտին դասախօսը պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն, ապա ընկերային ջերմ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: