Արցախի Նախագահականին Մէջ Տեղի Ունեցած Է Պարգեւատրման Հանդիսաւոր Արարողութիւն
Սեպտեմբեր 1-ին Արցախի Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ տեղի ունեցած է պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութիւն` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 27-րդ տարեդարձի կապակցութեամբ: Պետական բարձր պարգեւներով պարգեւատրուած են պաշտպանութեան բանակի զինծառայողներ, ազատամարտիկներ, խումբ մը պետական եւ հասարակական գործիչներ, բարերարներ, տնտեսութեան, առողջապահութեան, կրթութեան եւ մշակոյթի ոլորտներու ներկայացուցիչներ: Իր ելոյթին մէջ նախագահը նշած է, որ այսօր Արցախը մայր Հայաստանի եւ սփիւռքի հետ միասին վստահ քայլերով...



















