Միջազգային

ՊՐԻՔՍ-ի Երկիրները Ստեղծած Են Իրենց Սեփական «Միջազգային Դրամական Ֆոնտ»-ը

ՊՐԻՔՍ-ի Երկիրները Ստեղծած Են Իրենց Սեփական «Միջազգային Դրամական Ֆոնտ»-ը

«Առ.Պի.Սի. Տէյլի» կը հաղորդէ, որ ՊՐԻՔՍ-ի անդամ երկիրները ստեղծած են իրենց սեփական «Միջազգային դրամական ֆոնտ»-ը` 100 միլիառ տոլարի ծաւալով: Համապատասխան փաստաթուղթերը ստորագրուած են Մոսկուայի մէջ ՊՐԻՔՍ դաշինքի անդամ երկիրներու` Պրազիլի, Ռուսիոյ, Հնդկաստանի, Չինաստանի եւ Հարաւային Ափրիկէի կեդրոնական դրամատուներուն միջեւ: Ելեւմտական նոր կառոյցը ստեղծուած է անդամ երկիրներու դրամական պահեստներէն: 41 միլիառ տոլարի տրամադրման պարտաւորութիւնը ստանձնած է Չինաստանը: Պրազիլը, Հնդկաստանն ու Ռուսիան...

ՄԱԿ Դարձեալ Պիտի Հետաքննէ 1961-ին Օդանաւի Արկածի Հետեւանքով Իր Ընդհանուր Քարտուղարի Մահուան Հանգամանքները

ՄԱԿ Դարձեալ Պիտի Հետաքննէ 1961-ին Օդանաւի Արկածի Հետեւանքով Իր Ընդհանուր Քարտուղարի Մահուան Հանգամանքները

«Պի.Պի.Սի.»-ի ռուսական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ ՄԱԿ-ի կոմիտէն կոչ ուղղած է դարձեալ հետաքննելու հանգամանքները 1961-ին տեղի ունեցած օդանաւի այն արկածին, որուն զոհ գնաց կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար, շուետացի դիւանագէտ Տակ Համըրշէոլտ: Կոմիտէին տուեալներով` ատիկա կապուած է յայտնուելուն հետ նոր տեղեկութեան, որ ցոյց կու տայ, թէ օդանաւը կրնայ կործանուած ըլլալ մէկ այլ օդանաւի կողմէ: Հետաքննութիւնը շարունակելու համար կոմիտէն մտադիր է պահանջել Միացեալ...

Սէուտական Արաբիա Քուէյթի Մէջ Մզկիթի Ականահարման Մեղսակից Երեք Եղբայրներ Ձերբակալեց

Սէուտական Արաբիա Քուէյթի Մէջ Մզկիթի Ականահարման Մեղսակից Երեք Եղբայրներ Ձերբակալեց

Սէուտական ապահովական մարմինները ձերբակալեցին երեք եղբայրներ, որոնք մեղսակից են Քուէյթի մէջ Իմամ Սատեք մզկիթի ականահարման: Քուէյթի սահմանակից Խաֆաժի շրջանին մէջ տեղի ունեցած ձերբակալման գործողութեան ընթացքին ամբաստանեալներուն եւ ապահովական մարմիններուն միջեւ տեղի ունեցած է հրացանաձգութիւն: Սէուտական ներքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտնեց, որ ձերբակալման գործողութիւնը տեղի ունեցած է քուէյթեան իշխանութիւններուն հետ համագործակցաբար` աւելցնելով, որ երեք եղբայրներէն երկուքը ծնած են Քուէյթ եւ կապ...

Միջազգային Կարճ Լուրեր

Միջազգային Կարճ Լուրեր

«ՕՊՈԶՐԵՒԱԹԵԼ» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Լաս Վեկաս քաղաքին մեծ փոթորիկը իրեն հետ տեղատարափ անձրեւ եւ մեծ կայծակներ բերած է: Անոնք, որոնք ռիսքի դիմած եւ դուրս եկած են փողոց, փրկարար բաճկոններ կրած են` անվտանգութեան նկատառումներով: Տեղւոյն իշխանութիւնները մարդոց զգուշացուցած են ռիսքի չդիմել եւ տուներէն դուրս չգալ, եթէ չկայ խիստ անհրաժեշտութիւն: Անձրեւներէն առաջ Լաս Վեկասի մէջ երկար ժամանակ անտանելի տաք եղած...

Փութին Օպամային Վերահաստատած Է Սուրիոյ Հարցով Ռուսիոյ Կեցուածքը

Փութին Օպամային Վերահաստատած Է Սուրիոյ Հարցով Ռուսիոյ Կեցուածքը

Վլատիմիր Փութին Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներ Վլատիմիր Փութին եւ Պարաք Օպամա հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին սուրիական տագնապը լուծելու կարելիութիւններուն առնչութեամբ իրարու ներկայացուցած են շարք մը տեսակէտներ: «Ռուսական կեցուածքը շատ ծանօթ է եւ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին վերահաստատուեցաւ», ըսաւ Փեսքով: Պատասխանելով սուրիական տագնապը Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը չներառող ազգային միասնականութեան կառավարութեան ճամբով լուծելու...

Չինաստան Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Թուրքիոյ Մէջ Իրեն Հանդէպ Ատելութեան Ու Բռնարարքներուն Նկատմամբ

Չինաստան Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Թուրքիոյ Մէջ Իրեն Հանդէպ Ատելութեան Ու Բռնարարքներուն Նկատմամբ

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հուա Չան Եինկ յայտնեց, որ նախարարութիւնը մտահոգութիւն կը յայտնէ Թուրքիոյ մէջ Չինաստանի եւ անոր քաղաքացիներուն հանդէպ ատելութեան զգացումներու եւ բռնարարքներու աճին նկատմամբ` նշելով, որ չինական կառավարութիւնը թրքական կառավարութենէն պահանջած է Թուրքիոյ մէջ գտնուող Չինաստանի քաղաքացիներուն եւ չինական հաստատութեանց իրաւունքներն ու օրինական շահերը պաշտպանել, ինչպէս նաեւ անոնց անվտանգութիւնը ապահովել: Բանբերը մատնանշեց չինացի զբօսաշրջիկներուն դիմակայած վատ վերաբերմունքները`...

«ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պայքարելու Համար Ցամաքային Ուժեր Պիտի Չօգտագործենք»   Ըսաւ Օպամա

«ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պայքարելու Համար Ցամաքային Ուժեր Պիտի Չօգտագործենք» Ըսաւ Օպամա

Պարաք Օպամա Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա յայտնեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի միջազգային դաշինքի հրամանատար Մարթին Տեմփսի ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ զինուորական նախազգացում ունէր` նշելով, որ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պատերազմը արագ կերպով աւարտող պատերազմ մը պիտի չըլլայ: Ան ըսաւ, որ ՏԱՀԵՇ աշխատանք կը տանի Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ իր ազդեցութիւնը ընդլայնելու` նշելով. «Մենք գետնի վրայ ցամաքային ուժեր պիտի չտեղակայենք, այլ միայն...

«Իրան Չի Պնդեր, Որ Ասատ Պէտք Է Ցկեանս Սուրիոյ Նախագահ Մնայ»  Կ՛ըսէ Ապտելլահեան

«Իրան Չի Պնդեր, Որ Ասատ Պէտք Է Ցկեանս Սուրիոյ Նախագահ Մնայ» Կ՛ըսէ Ապտելլահեան

Հիւսէյն Ամիր Ապտելլահեան Իրանի արտաքին գործոց նախարարի միջինարեւելեան հարցերու օգնական Հիւսէյն Ամիր Ապտելլահեան յայտնեց, որ Թեհրան «չի պնդեր, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ պէտք է ցկեանս Սուրիոյ նախագահ մնայ»: Ան «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ընդգծեց, որ իրանեան իշխանութիւնները դէմ են, որ ահաբեկիչներն ու արտաքին ուժերը Սուրիոյ մէջ որոշում տան: Ինչ կը վերաբերի Իրանի հիւլէական թղթածրարին, ան ըսաւ, որ եթէ...

Սուրիացի Թուրքմեն Ղեկավարը Թուրքիոյ Խորհուրդ Չի Տար Ներխուժել Սուրիա

Սուրիացի Թուրքմեն Ղեկավարը Թուրքիոյ Խորհուրդ Չի Տար Ներխուժել Սուրիա

Թարեք Սիւլօ Ճեւիզճի «Արմէնփրես»` վկայակոչելով թրքական լրատուամիջոցները, կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ Թուրքմեններու ազգային շարժում կուսակցութեան ղեկավար Թարեք Սիւլօ Ճեւիզճի Անգարային խորհուրդ չի տար ներխուժել Սուրիա` ատիկա նկատելով Թուրքիոյ համար «խիստ վտանգաւոր»: Ըստ անոր, Թուրքիան զինուորական միջամտութեան փոխարէն կրնայ իր նպատակին հասնիլ Սուրիոյ մէջ Անգարային մօտիկ եղող ուժերուն աջակցելու միջոցով: «Թուրքիոյ կողմէ Սուրիա ներխուժումի հաւանականութիւնը քիչ է: Եթէ ատիկա տեղի ունենայ,...

Թել Ապիատի Մօտ Բախումներ` Քիւրտերուն Եւ Թրքական Բանակին Միջեւ.   Թուրքիոյ Բանակը Կը Հերքէ Սուրիոյ Մէջ Միջամտութեան Կարելիութիւնը Քննարկելու Համար Ժողովի Մը Գումարման Լուրը

Թել Ապիատի Մօտ Բախումներ` Քիւրտերուն Եւ Թրքական Բանակին Միջեւ. Թուրքիոյ Բանակը Կը Հերքէ Սուրիոյ Մէջ Միջամտութեան Կարելիութիւնը Քննարկելու Համար Ժողովի Մը Գումարման Լուրը

«Թրքիշ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ թրքական զինուորական աղբիւրներ յայտնած են, որ այն լուրերը, թէ թրքական բանակի սպայակոյտը Սուրիոյ սահմանին վրայ տեղակայուած իր ուժերուն հրամանատարները կանչած է Անգարա` քննարկելու համար Սուրիոյ մէջ զինուորական հաւանական միջամտութիւն մը «իրականութիւնը չեն արտացոլեր»: Նախապէս հաղորդուած էր, որ Պոլու եւ Կեսարիա նահանգներուն մէջ տեղակայուած թրքական մասնայատուկ ուժերու հրամանատարները եւս ներկայ պիտի գտնուին թրքական սպայակոյտի կեդրոնատեղիին...

Եգիպտոս Թուրքիան Կ՛ամբաստանէ  ՏԱՀԵՇ-ի Անդամներուն Աւելի Քան 10 Հազար Անցագիր Տրամադրելու Մէջ

Եգիպտոս Թուրքիան Կ՛ամբաստանէ ՏԱՀԵՇ-ի Անդամներուն Աւելի Քան 10 Հազար Անցագիր Տրամադրելու Մէջ

«Վորլտ Նեթ Տէյլի» կը հաղորդէ, որ Եգիպտոս Թուրքիան կ՛ամբաստանէ շրջանին մէջ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն ճամբորդութիւնները դիւրացնելու համար 10 հազար անցագիր տրամադրելու մէջ: Եգիպտական գաղտնի սպասարկութենէն պաշտօնատար մը «Վորլտ Նեթ Տէյլի»-ին յայտնած է, որ Եգիպտոս այս իրողութեան վերաբերեալ զեկուցում մը ներկայացուցած է Միացեալ Նահանգներուն: Պաշտօնատարը նաեւ նշեց, որ Պոլիսը կը ծառայէ իբրեւ ՏԱՀԵՇ-ի ծրագրաւորման «կեդրոնատեղի»: «Թուրքիա կը շարունակէ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն դէպի Իրաք...

«Արաբական Լիկային Մէջ Սուրիոյ Աթոռը Կախեալ Է Նախկին Որոշումներու Գործադրութենէն»  Կ՛ըսէ Արապի

«Արաբական Լիկային Մէջ Սուրիոյ Աթոռը Կախեալ Է Նախկին Որոշումներու Գործադրութենէն» Կ՛ըսէ Արապի

Նեպիլ Արապի Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի քննադատեց իրեն վերագրուած այն խօսքը, թէ սուրիական թղթածրարին նկատմամբ Արաբական լիկայի քաղաքականութիւնը փոխուած է, ինչպէս նաեւ իր` «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգին հետ սիրաբանիլը»` նշելով, որ իր կեցուածքները կը բխին «Ժընեւ-1» փաստաթուղթի գործադրութենէն, արաբ արտաքին գործոց նախարարներու եւ արաբական վեհաժողովներու որոշումներէն, որոնք կը շեշտեն ամբողջական լիազօրութիւններ վայելող փոխանցման կառավարական մարմինի մը միջոցով...

Քուէյթի Մէջ Սատեք Մզկիթի Ականահարման Հարցով Ձերբակալուած Են 26 Ամբաստանեալներ

Քուէյթի Մէջ Սատեք Մզկիթի Ականահարման Հարցով Ձերբակալուած Են 26 Ամբաստանեալներ

Քուէյթի ընդհանուր դատախազ Տարար Ասուսի յայտնեց, որ ընդհանուր դատախազութիւնը կը շարունակէ Իմամ Սատեք մզկիթին ականահարման շուրջ իր հետաքննութիւնները, որոնք կ՛ընթանան 24 ժամուան վրայ, եւ այս հարցը իր աւարտին պիտի հասնի նախատեսուածէն աւելի կանուխ, որպէսզի յանցագործները յանձնուին արդարադատութեան եւ ստանան իրենց պատիժները: Ան քուէյթեան «Քապաս» օրաթերթին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ամբաստանեալներուն թիւը հասած է 26-ի, որոնցմէ 4-ը կիներ են`...

Իրաքի Մէջ Ռմբաձիգէ Ռումբ Մը Ինկած Է Բնակելի Տուներու Վրայ

Իրաքի Մէջ Ռմբաձիգէ Ռումբ Մը Ինկած Է Բնակելի Տուներու Վրայ

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ իրաքեան օդուժի մէկ ռմբաձիգէն թեքնիք խանգարումի պատճառով ռումբ մը ինկած է մայրաքաղաք Պաղտատի արեւելքը գտնուող շրջաններէն մէկուն վրայ: Արձանագրուած է 7 զոհ: «Օդանաւին մէջ եղած ռումբերէն մէկը թեքնիք խնդիրի պատճառով մնացած է օդանաւին մէջ եւ ռազմակայան վերադառնալու պահուն ինկած է Պաղտատի Ժատիտա շրջանի երեք տուներու վրայ», յայտարարած է Իրաքի ապահովութեան ուժերու հրամանատար Սաատ Մաան: Ըստ...

«Թրքական Հոսք»-ի Առաջին Գիծը Պատրաստ Պիտի Ըլլայ Մինչեւ Տարեվերջ

«Թրքական Հոսք»-ի Առաջին Գիծը Պատրաստ Պիտի Ըլլայ Մինչեւ Տարեվերջ

«Թրքական հոսք» խողովակաշարին կառուցումով զբաղող «Սաութ Սթրիմ Թրանսփորթ Պի.Վի.» ընկերութեան բանբեր Եասեր Եանսեն ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութեան ըսած է, որ «Թրքական հոսք»-ի առաջին գիծը պիտի կառուցուի մինչեւ 2016: «Կրնամ հաստատել, որ խողովակաշարին առաջին մասը պատրաստ պիտի ըլլայ մինչեւ 2016-ի վերջը», ըսած է ան: Եանսեն նաեւ հաստատած է տեղեկութիւնը այն մասին, որ իտալական «Սայփեմ-Քասթորօ սէյի» ընկերութեան նաւը նաւարկած է դէպի Սեւ...

Միջազգային Կարճ Լուրեր

Միջազգային Կարճ Լուրեր

Ուալիտ պըն Թալալ իշխանը ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Ուալիտ պըն Թալալ իշխանը Աքսայի մզկիթին մէջ նամազ կատարելու համար ստացած է իսրայէլեան յատուկ արտօնագիր մը: Կայանը կը նշէ, որ սէուտցի իշխանը ամբողջ շաբաթ մը պիտի մնայ Երուսաղէմի մէջ: ԻՐԱՆԻ ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ կ՛արգիլուին Վեցեակին հետ հիւլէական թղթածրարին շուրջ համաձայնութեան գոյացման պարագային ժողովրդային տօնախմբութիւնները` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը մտադիր չէ...

Պաքուի Մէջ ԵԱՀԿ-ի Ծրագիրները  Համակարգողը Դադրեցուցած Է Իր Գործունէութիւնը

Պաքուի Մէջ ԵԱՀԿ-ի Ծրագիրները Համակարգողը Դադրեցուցած Է Իր Գործունէութիւնը

ԵԱՀԿ-ի հասարակութեան եւ մամլոյ կապերու բաժանմունքը հաղորդագրութիւն մը տարածելով յայտնեց, որ Ազրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ ԵԱՀԿ-ի ծրագիրներու համակարգողի գործունէութիւնը դադրեցուած է, սակայն ԵԱՀԿ-ը կը շարունակէ պատրաստակամ ըլլալ Ազրպէյճանի հետ այլ ձեւերով համագործակցելու: Նախապէս Ազրպէյճան դադրեցուցած էր ԵԱՀԿ-ի հետ կնքած փոխըմբռնման յուշագիրի գործողութիւնը:    

Յոյն Քուէարկողները Մերժեցին Վարկատուներուն Պահանջները

Յոյն Քուէարկողները Մերժեցին Վարկատուներուն Պահանջները

Յունաստանի ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ քուէներու աւելի քան կէսին արդիւնքին հիմամբ քուէարկողներուն աւելի քան 61 առ հարիւրը «Ոչ» քուէարկած են, իսկ 39 առ հարիւրը` «Այո»: Միլիոնաւոր յոյն քաղաքացիներ երէկ մասնակցեցան միջազգային վարկատուներու ներկայացուցած պահանջներուն շուրջ հանրաքուէի մը, որուն ընթացքին կը դիմագրաւեն երկու ընտրանք` տնտեսական սեղմումներու յաւելեալ տարիներ կամ 19 անդամներէ բաղկացած Եւրոյի գօտիէն հեռացում: «Այո» յաւելեալ պիւտճէական սեղմումներո՞ւն, թէ՞ զայն...

Թրքական Բանակի Սպայակոյտը  Պիտի Գումարէ Ժողով Մը` Քննարկելու Համար Սուրիոյ Մէջ Միջամտութեան Կարելիութիւնը

Թրքական Բանակի Սպայակոյտը Պիտի Գումարէ Ժողով Մը` Քննարկելու Համար Սուրիոյ Մէջ Միջամտութեան Կարելիութիւնը

«Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ» հաղորդեց, որ Թուրքիոյ բանակի սպայակոյտը Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ տեղակայուած իր ուժերուն հրամանատարները կանչած է Անգարա` մասնակցելու համար ժողովի մը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի Սուրիոյ մէջ զինուորական միջամտութեան կարելիութիւնը: Թուրքիոյ բանակի ցամաքային ուժերու հրամանատար զօր. Հուլուսի Աքար եւ 2-րդ բանակի հրամանատար զօր. Ատեմ Հուտութի անցեալ շաբաթ այցելած էին Սուրիոյ հետ սահման: Այս շաբթուան ընթացքին տեղի ունենալիք ժողովին...

Վիեննայի Մէջ Իրանի Դէմ  Պատժամիջոցներու Մեղմացման Նախնական Համաձայնութի՞ւն Գոյացած Է

Վիեննայի Մէջ Իրանի Դէմ Պատժամիջոցներու Մեղմացման Նախնական Համաձայնութի՞ւն Գոյացած Է

Ատնան Արաքժի «Էսոշիէյթըտ Փրես» եւ միջազգային այլ լրատուամիջոցներ` վկայակոչելով իրենց դիւանագիտական աղբիւրները, հաղորդեցին, որ շաբաթ օր Վիեննայի մէջ Իրան-Վեցեակ բանակցութիւններու վերջին հանգրուանին ընթացքին գոյացած է նախնական համաձայնութիւն` մեղմացնելու Իրանի դէմ հաստատուած պատժամիջոցները: Ըստ համաձայնութեան, Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ գործարքը կողմերը կրնան համաձայնեցնել փորձագէտներու մակարդակով: Նոյն փաստաթուղթով կը կարգաւորուի այն հարցը, թէ ե՛րբ եւ ո՛ր պատժամիջոցները պիտի վերցուին: Այդ հարցը սակայն...

Page 850 of 881 1 … 849 850 851 … 881

Արխիւներ