ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Ուալիտ պըն Թալալ իշխանը Աքսայի մզկիթին մէջ նամազ կատարելու համար ստացած է իսրայէլեան յատուկ արտօնագիր մը: Կայանը կը նշէ, որ սէուտցի իշխանը ամբողջ շաբաթ մը պիտի մնայ Երուսաղէմի մէջ:
ԻՐԱՆԻ ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ կ՛արգիլուին Վեցեակին հետ հիւլէական թղթածրարին շուրջ համաձայնութեան գոյացման պարագային ժողովրդային տօնախմբութիւնները` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը մտադիր չէ այդ առիթով որեւէ տօնախմբութիւն կազմակերպել:
ԳԵՐՄԱՆԱԿԱՆ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ՏԱՀԵՇ պայթեցուցած է Մուսուլի կեդրոնը գտնուող Ս. Աստուածածնայ եկեղեցին` նշելով, որ պայթումին պատճառով եկեղեցւոյ մօտ գտնուող չորս մանուկներ սպաննուած են եւ մօտակայ 10 տուներ, առեւտրական խանութներ եւ ժողովրդային շուկայ մը քանդուած են:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ պատկերասփիւռի 10-րդ կայանը կը հաղորդէ, որ իսրայէլեան բանակն ու ապահովական մարմինները կը զօրակցին փոխան Համաս շարժումին հետ երկարատեւ զինադադարի` Կազայի մէջ նաւահանգիստի մը կառուցումը արտօնելու գաղափարին: Կայանի զինուորական հարցերու վերլուծաբան Ալոն պըն Տաւիտ յայտնեց, որ իսրայէլեան ապահովական մարմիններէն բարձրաստիճան սպաներ յայտնած են, որ այժմ Համասի հետ երկարատեւ զինադադարի մը հաստատման համար պատեհ ժամանակ է եւ իրենք Իսրայէլի քաղաքական իշխանութիւններուն յանձնարարած են աջակցիլ այդպիսի համաձայնութեան մը:
ԸՍՏ սէուտական «Օքազ» օրաթերթի տեղեկութիւններուն, Յորդանան Սուրիոյ հետ սահմանամերձ Ռամսա քաղաքին վրայ ամէն օր ինկող եւ քաղաքացիներուն կեանքը վտանգող ռումբերու հարցը պիտի օգտագործէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդէն արտօնութիւն խնդրելով իր սահմանամերձ քաղաքները պաշտպանելու, սուրիացի տեղահանուածներու ներհոսքը դադրեցնելու համար Սուրիոյ մէջ անվտանգութեան գօտի ստեղծելու: Յորդանան նաեւ այդ անվտանգութեան գօտիին մէջ սուրիացի տեղահանուածներուն համար ճամբարներ պիտի հաստատէ:
ՍՊԱՆԻՈՅ մայրաքաղաք Մատրիտի մէջ տեղի ունեցաւ բազմամարդ բողոքի ցոյց մը` ընդդէմ տնտեսական սեղմումի քաղաքականութեան, Եւրոպական միութեան ծրագիրներուն եւ վարկատուներու պահանջներուն:
ՅՈՐԴԱՆԱՆԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթը հաղորդեց, որ յորդանանեան ապահովական մարմինները վերջերս կանխարգիլած են իրանեան «քուտս» ջոկատի անդամի մը Յորդանանի մէջ ահաբեկչական գործողութիւն կատարելու ծրագիրը: Ան Ժարաշ նահանգի Սաղրաթ Ասֆուր շրջանին մէջ ձերբակալուած է եւ անոր մօտ մեծ քանակութեամբ պայթուցիկ նիւթ յայտնաբերուած է: Ձերբակալեալը իրաքեան եւ նորվեկիական քաղաքացիութիւն ունի: