«Պի.Պի.Սի.»-ի ռուսական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ ՄԱԿ-ի կոմիտէն կոչ ուղղած է դարձեալ հետաքննելու հանգամանքները 1961-ին տեղի ունեցած օդանաւի այն արկածին, որուն զոհ գնաց կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար, շուետացի դիւանագէտ Տակ Համըրշէոլտ:
Կոմիտէին տուեալներով` ատիկա կապուած է յայտնուելուն հետ նոր տեղեկութեան, որ ցոյց կու տայ, թէ օդանաւը կրնայ կործանուած ըլլալ մէկ այլ օդանաւի կողմէ:
Հետաքննութիւնը շարունակելու համար կոմիտէն մտադիր է պահանջել Միացեալ Նահանգներու եւ այլ երկիրներու արխիւներուն մէջ պահուող գաղտնի նիւթերը:
Տակ Համըրշէոլտ մահացած է Հիւսիսային Ռոտեզիոյ մէջ օդանաւային արկածի հետեւանքով` Քոնկոյի մէջ ՄԱԿ-ի խաղաղապահ գործողութեան ընթացքին:
Արկածին յստակ պատճառները եւ հանգամանքները մինչեւ հիմա կը մնան անյայտ: Քննարկուող վարկածներուն շարքին են թեքնիք խանգարումը, օդանաւին մէջ զինեալ գործողութիւնը եւ վառելանիւթի բացակայութիւնը: