Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վիեննայի Մէջ Իրանի Դէմ Պատժամիջոցներու Մեղմացման Նախնական Համաձայնութի՞ւն Գոյացած Է

Յուլիս 6, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ատնան Արաքժի
Ատնան Արաքժի

«Էսոշիէյթըտ Փրես» եւ միջազգային այլ լրատուամիջոցներ` վկայակոչելով իրենց դիւանագիտական աղբիւրները, հաղորդեցին, որ շաբաթ օր Վիեննայի մէջ Իրան-Վեցեակ բանակցութիւններու վերջին հանգրուանին ընթացքին գոյացած է նախնական համաձայնութիւն` մեղմացնելու Իրանի դէմ հաստատուած պատժամիջոցները:

Ըստ համաձայնութեան, Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ գործարքը կողմերը կրնան համաձայնեցնել փորձագէտներու մակարդակով: Նոյն փաստաթուղթով կը կարգաւորուի այն հարցը, թէ ե՛րբ եւ ո՛ր պատժամիջոցները պիտի վերցուին: Այդ հարցը սակայն տակաւին չէ վաւերացուած:

Ըստ աղբիւրներուն, Իրանի դէմ պատժամիջոցներու նախնական մեղմացումը ինքնին այն վիճայարոյց հարցերէն է, որոնց շուրջ չեն կրնար հասարակ յայտարարի գալ Միացեալ Նահանգներն ու Իրանը:

Այս օրերուն Վիեննայի մէջ տեղի կ՛ունենայ Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ բանակցութիւններու նոր եւ թերեւս վերջին հանգրուանը. յետաձգուած ժամկէտով կ՛ենթադրուի համաձայնութիւնը ստորագրել 7 յուլիսին:

Իրանի աւագ բանագնաց Ատնան Արաքժի երէկ յայտնեց, որ բանակցութիւններու երկարաձգումը որեւէ կողմի ընտրանքը չէ` շեշտելով, որ որեւէ համաձայնութիւն պէտք է յարգէ Իրանի ճշդած կարմիր գիծերը:

Արաքժի նշեց, որ արտաքին գործոց նախարարներու օգնականներու մակարդակով հաւանաբար համաձայնութեան բնագիրին շուրջ աշխատանքը աւարտի յառաջիկայ երկու օրուան ընթացքին, որմէ ետք այդ համաձայնութենէն բաժիններ հասնին արտաքին գործոց նախարարներուն, «եւ չեմ կարծեր, որ կարիք ունինք բանակցութիւնները երկարաձգելու, սակայն եթէ պէտք ըլլայ, ապա պիտի երկարաձգենք»:

«Համաձայնութեան ստորագրման օրը բոլոր պատժամիջոցները կը վերցուին, եւ անշուշտ կը սկսինք մեր միջոցառումները կատարել, սակայն պէտք է համաձայնութեան գործադրութեան մէջ միատեղութեան խնդիրը լուծել», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Կը քննարկեն տարազ մը, ըստ որուն, պատժամիջոցները կը վերցուին նախքան սկսինք մեր յանձնառութիւնները կատարել: Անշուշտ հակառակորդ կողմը մեզմէ կը սպասէ ենթահող պատրաստել, որմէ ետք պատժամիջոցները կը վերցնէ»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի երէկ յայտարարեց, որ բանակցութիւններուն ընթացքին որոշ յառաջդիմութիւն արձանագրուած է, սակայն «տակաւին մեր ձգտածին չհասանք»: «Եթէ յառաջիկայ օրերուն դժուար որոշումներ տրուին, կարելի է այս շաբթուան ընթացքին գոյացնել համաձայնութիւնը», նշեց ան:

Նախորդը

«Արաբական Խորհրդարանը Քննարկեց Ահաբեկչութեան Դիմակայման Համար Ծրագիր Մը» Կ՛ըսէ Ժարուան

Յաջորդը

Թրքական Բանակի Սպայակոյտը Պիտի Գումարէ Ժողով Մը` Քննարկելու Համար Սուրիոյ Մէջ Միջամտութեան Կարելիութիւնը

RelatedPosts

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ
Միջազգային

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները
Միջազգային

Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ըստ «Մաարիւ»-ին.  Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը
Միջազգային

Ըստ «Մաարիւ»-ին. Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?