
Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի քննադատեց իրեն վերագրուած այն խօսքը, թէ սուրիական թղթածրարին նկատմամբ Արաբական լիկայի քաղաքականութիւնը փոխուած է, ինչպէս նաեւ իր` «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգին հետ սիրաբանիլը»` նշելով, որ իր կեցուածքները կը բխին «Ժընեւ-1» փաստաթուղթի գործադրութենէն, արաբ արտաքին գործոց նախարարներու եւ արաբական վեհաժողովներու որոշումներէն, որոնք կը շեշտեն ամբողջական լիազօրութիւններ վայելող փոխանցման կառավարական մարմինի մը միջոցով «Ժընեւ-1»-ի գործադրութիւնը:
Արապի «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ սուրիական ընդդիմադիր անձնաւորութեանց հետ իր հանդիպումները իրեն կ՛արտօնեն վարչակարգին հետ հանդիպում ունենալ, սակայն ատիկա արաբական լիկայի քաղաքականութեան փոփոխութիւն չի նշանակեր:
«Արաբական լիկայի մէջ Սուրիոյ աթոռը կախեալ է նախապէս որդեգրուած որոշումներու գործադրութենէն», ընդգծեց ան:


