Միջազգային

«Արաբական Խորհրդարանը Քննարկեց Ահաբեկչութեան Դիմակայման Համար Ծրագիր Մը»  Կ՛ըսէ Ժարուան

«Արաբական Խորհրդարանը Քննարկեց Ահաբեկչութեան Դիմակայման Համար Ծրագիր Մը» Կ՛ըսէ Ժարուան

Արաբական խորհրդարանի նախագահ Ահմետ Ժարուան յայտարարեց, որ Արաբական խորհրդարանը երէկ իր գումարած արտակարգ նիստին ընթացքին կեդրոնացած է արաբական աշխարհի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութեանց, ահաբեկչական յարձակումներուն եւ արտաքին դաւադրութեանց դիմակայման շուրջ ծրագիրի մը քննարկման վրայ, որ կը ներառէ ահաբեկչութեան եւ ծայրայեղական խմբաւորումներուն դիմակայման արաբական պայքարին արաբական ու միջազգային մակարդակներու վրայ աջակցութեան որոշակի միջոցառումներ: Ժողովին մասնակցած է նաեւ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար...

Թուրք Ցուցարարներ Խոշտանգեցին Հարաւային Քորէացիներ` Զանոնք Շփոթելով Չիներու Հետ

Թուրք Ցուցարարներ Խոշտանգեցին Հարաւային Քորէացիներ` Զանոնք Շփոթելով Չիներու Հետ

Խումբ մը ազգայնական թուրքեր, որոնք Պոլսոյ Թոփքափու պալատին մօտ բողոքի ցոյց կը կատարէին ընդդէմ թրքացեղ ույղուր փոքրամասնութեան նկատմամբ Չինաստանի վարած քաղաքականութեան, յարձակում գործելով խոշտանգեցին հարաւային քորէացի զբօսաշրջիկներ` զանոնք շփոթելով չիներու հետ: Թրքական ոստիկանութիւնը միջամտեց եւ զբօսաշրջիկները փրկելու համար ցուցարարներուն դէմ արցունքաբեր կազ օգտագործեց: «Ռոյթըրզ» հաղորդեց, որ Չինաստանի իշխանութիւնները իրենց քաղաքացիները զգուշացուցած են Թուրքիոյ մէջ հակաչին ցոյցերու մասնակիցներու կողմէ յարձակումի ենթարկուելու...

Էրտողան. «Կանխահաս Ընտրութիւններու Հրաւէր Պիտի Ուղղեմ, Եթէ Կառավարութեան Կազմութեան Ջանքերը Ձախողին»

Էրտողան. «Կանխահաս Ընտրութիւններու Հրաւէր Պիտի Ուղղեմ, Եթէ Կառավարութեան Կազմութեան Ջանքերը Ձախողին»

Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, որ կանխահաս ընտրութիւններու ընտրանքին պիտի դիմուի, եթէ խորհրդարանին մէջ մեծամասնութեան աջակցութիւնը վայելող կառավարութեան մը կազմութեան ջանքերը մատնուին ձախողութեան: «Եթէ կարելի չեղաւ կառավարութիւն կազմել, ապա մեր ժողովուրդը դարձեալ պիտի տայ լուծումը: Եթէ խորհրդարանը չկարենայ լուծումը տալ, ատիկա մեր ժողովուրդը պիտի կատարէ: Ոչ ոք պէտք է տատամսի ժողովուրդին դիմելէ»: Ան իր այս կեցուածքը...

Պոսնիոյ Սերպ Հանրապետութեան Նախագահը Կը Զգուշացնէ Բրիտանական Բանաձեւին Պատճառով Պետութեան Քայքայումէն

Պոսնիոյ Սերպ Հանրապետութեան Նախագահը Կը Զգուշացնէ Բրիտանական Բանաձեւին Պատճառով Պետութեան Քայքայումէն

Միլորատ Տոտիք Պոսնիոյ սերպ հանրապետութեան նախագահ Միլորատ Տոտիք զգուշացուց, որ Պոսնիոյ պետութիւնը կրնայ քայքայուիլ, եթէ ՄԱԿ-ի մէջ Սրեպրենիչայի ջարդին շուրջ Բրիտանիոյ ներկայացուցած բանաձեւը որդեգրուի: Տոտիք արեւմտեան պետութիւնները ամբաստանեց Պոսնիոյ ներքին հարցերուն միջամտելու եւ երկրին կայունութիւնը քայքայելու յանցանքով` նշելով, որ Պոսնիոյ սերպ հանրապետութիւնը դէմ պիտի կանգնի բոլոր այդ փորձերուն, որոնց նպատակը Պոսնիոյ սերպ հանրապետութեան իրաւասութիւնները ոտնակոխելն է:  

«Ռուսիան Կրնայ Հետագային Դարձեալ Միանալ Ութերու Խումբին»   Կ՛ըսէ Փութին

«Ռուսիան Կրնայ Հետագային Դարձեալ Միանալ Ութերու Խումբին» Կ՛ըսէ Փութին

Վլատիմիր Փութին «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարած է, որ իր երկիրը ապագային կրնայ դարձեալ միանալ Ութերու խումբին` հակառակ Քանատայի դիրքորոշման: «Ես չեմ ուզեր որեւէ մէկը վիրաւորել, սակայն եթէ Միացեալ Նահանգներ ըսեն, որ Ռուսիան պէտք է վերադառնայ Ութերու խումբ, ապա Քանատայի վարչապետը պիտի փոխէ իր դիրքորոշումը», ըսած է Փութին: Նախապէս Քանատայի վարչապետ Սթիվըն Հարփըր յայտարարած...

Ֆրանչիսկոս Պապը Կը Մերժէ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Մէջ Ցկեանս Ղեկավարներու Գոյութիւնը

Ֆրանչիսկոս Պապը Կը Մերժէ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Մէջ Ցկեանս Ղեկավարներու Գոյութիւնը

Ֆրանչիսկոս պապը Ֆրանչիսկոս պապը յայտնեց, որ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ «ցկեանս ղեկավարներու» գոյութիւնը զայն պիտի վերածէ բռնատիրական վարչակարգի տակ ապրող պետութեան մը: Սրբազան քահանայապետը Ս. Պետրոս հրապարակին վրայ հաւաքուած տարբեր քրիստոնեայ համայնքներէ 30 հազար անձերու առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ ըսաւ. «Եկէք անկեղծ ըլլանք, միակ անձը, որ եկեղեցւոյ մէջ անփոխարինելի է` Սուրբ Հոգին է: Եկեղեցւոյ մէջ պաշտօնները պէտք է ճշդուած ժամկէտ...

Եունեսքօ. «Իրաքեան Եւ Սուրիական Հնութիւնները  ՏԱՀԵՇ-Ի Ֆինանսաւորման Աղբիւրներ Են»

Եունեսքօ. «Իրաքեան Եւ Սուրիական Հնութիւնները ՏԱՀԵՇ-Ի Ֆինանսաւորման Աղբիւրներ Են»

Իրինա Պոքովա ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն ՏԱՀԵՇ-ը ամբաստանեց վաճառելու նպատակով Իրաքի եւ Սուրիոյ հնութիւնները թալանելու յանցանքով: ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ընդհանուր տնօրէն Իրինա Պոքովա յայտնեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ հնագիտական վայրերը կը թալանեն եւ հնութիւնները միջնորդներու ճամբով կը ծախեն` դրամ հաւաքելու համար: Ան Լոնտոնի մէջ մասնագէտներու ժողովի մը առջեւ իր արտասանած խօսքին ընթացքին յայտնեց, որ Իրաքի մէջ աշխարհին ծանօթ հնադարեան 10 հազար վայրերուն...

Քըլըճտարօղլու Անակնկալ Հանդիպում Ունեցած Է Պայքալի Հետ

Քըլըճտարօղլու Անակնկալ Հանդիպում Ունեցած Է Պայքալի Հետ

Թրքական «Թէ 24» կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլու անակնկալ հանդիպում ունեցած է կուսակցութեան նախկին ղեկավար, Անթալիայէն ընտրուած երեսփոխան Տենիզ Պայքալի հետ: Քեմալական կուսակցութեան նախկին եւ ներկայ ղեկավարներուն միջեւ հանդիպումը տեղի ունեցած է Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ: Հանդիպումին եւ քննարկուած հարցերուն մասին որեւէ մանրամասնութիւն չի հաղորդուիր: Հաւանաբար Քըլըճտարօղլու Թուրքիոյ խորհրդարանի ամէնէն տարեց երեսփոխանին հետ քննարկած...

Եւրոպական Յանձնաժողովը Կը Զգուշացնէ Յունաստանի Հանրաքուէին Ընթացքին «Ոչ»-ի Յաղթանակէն

Եւրոպական Յանձնաժողովը Կը Զգուշացնէ Յունաստանի Հանրաքուէին Ընթացքին «Ոչ»-ի Յաղթանակէն

Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ Վալտես Տումպրովսքիս զգուշացուց Յունաստանի մէջ վաղը վարկատուներու պահանջներուն կատարման շուրջ տեղի ունենալիք հանրաքուէին ընթացքին «Ոչ»-ի յաղթանակէն` նշելով, որ ատիկա Աթէնքի բանակցային դիրքը պիտի չամրապնդէ, այլ` պիտի տկարացնէ: Ան նշեց, որ Յունաստանի կացութիւնը այժմ «աւելի վատ է, քան անցեալ շաբաթ», երբ վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրաս ընդհատեց վարկատուներուն հետ բանակցութիւնները եւ հանրաքուէ յայտարարեց: Ցիփրաս նշած էր, որ «մենք հանրաքուէէն ետք...

Վրացիները Յիշեցուցած Են Իրենց Հողերուն Ազրպէյճանի Կողմէ Բռնագրաւուած Ըլլալուն Մասին

Վրացիները Յիշեցուցած Են Իրենց Հողերուն Ազրպէյճանի Կողմէ Բռնագրաւուած Ըլլալուն Մասին

«Արմէնփրես»` վկայակոչելով ազրպէյճանական «ֆաքթհապեր»-ը, կը հաղորդէ, որ Թիֆլիսի մէջ Ազրպէյճանի Կապալա եւ Վրաստանի Տինամօ ֆութպոլի խումբերուն միջեւ մրցումին ընթացքին վրացական խումբի համակիրները յիշեցուցած են, որ ներկայիս Ազրպէյճանի կազմին մէջ գտնուող հիւսիսարեւմտեան Զաքաթալայի եւ Քախի շրջանները բռնակցուած են Ազրպէյճանին: Ազրպէյճանական լրատուամիջոցը կը նշէ, որ Տինամոյի համակիրները թրիպիւնէն կախած են «Կը յիշենք Զաքաթալան եւ Քախին.1921» գրութեամբ «լուրջ քաղաքական» պաստառները: «Եու. Է. Էֆ....

Տաւութօղլու. «Թուրքիան Չի Պատրաստուիր Ներխուժելու Սուրիա»

Տաւութօղլու. «Թուրքիան Չի Պատրաստուիր Ներխուժելու Սուրիա»

Ահմեթ Տաւութօղլու Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու թրքական «Քանալ 7» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Թուրքիան Սուրիոյ հետ իր սահմանը կ՛ամրապնդէ, սակայն մտադրութիւն չունի մօտիկ ապագային այդ երկրին մէջ զինուորական գործողութիւններու սկսելու: Թրքական լրատուամիջոցները նախապէս յղում կատարելով զինուորական աղբիւրներու հաղորդած էին, Սուրիոյ մէջ անվտանգութեան գօտի ստեղծելու եւ ՏԱՀԵՇ-ի խմբաւորման դէմ պայքարին մէջ վերջին շաբաթներուն յաջողութիւն արձանագրած սուրիացի...

Բրիտանիա Կը Պատրաստուի Մասնակցելու Սուրիոյ Մէջ ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Դաշնակից Ուժերու Գործողութիւններուն

Բրիտանիա Կը Պատրաստուի Մասնակցելու Սուրիոյ Մէջ ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Դաշնակից Ուժերու Գործողութիւններուն

Մայքըլ Ֆալըն Բրիտանական «Տը Տէյլի Թելեկրաֆ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Բրիտանիոյ իշխանութիւնները կ՛ուզեն միանալ Միացեալ Նահանգներու գլխաւորութեամբ դաշինքին, որ Սուրիոյ մէջ օդային հարուածներ կը կատարէ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ: Իշխանութիւնները կրնան այդ հարցը ներկայացնել խորհրդարանի քննարկման: Օդային հարուածներ հասցնելու առաջարկը հաւանաբար պիտի պաշտպանեն ոչ միայն իշխանութեան գլուխ գտնուող Պահպանողական կուսակցութեան երեսփոխանները, այլ նաեւ` ընդդիմադիր երեսփոխաններէն շատեր: Աշխատաւորական կուսակցութեան անդամ երեսփոխաններ յայտարարած են,...

Արաբական Լիկան Պիտի Քննարկէ ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պայքարի Համար Զօրք Ուղարկելու Հարցը

Արաբական Լիկան Պիտի Քննարկէ ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պայքարի Համար Զօրք Ուղարկելու Հարցը

Նեպիլ Արապի «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի «Քոմերսանթ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է, որ Արաբական լիկան պիտի ստեղծէ արաբական միացեալ զինեալ ուժ մը, որ պիտի օգտագործուի ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին մէջ: Արապի նշած է, որ այդ ուժը պատերազմի ուղարկելու որոշումը պիտի տայ Արաբական լիկայի Պաշտպանութեան խորհուրդը: Խօսելով արաբական միացեալ բանակի ստեղծման ծրագիրներուն եւ աշխատանքին...

Յառաջիկայ Շաբաթ Տեղի Պիտի Ունենայ Փութին-Ռուհանի Հանդիպում

Յառաջիկայ Շաբաթ Տեղի Պիտի Ունենայ Փութին-Ռուհանի Հանդիպում

Ռուհանի եւ Փութին «Կազեթա» կայքը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի յառաջիկայ շաբաթ Ռուսիոյ Ուֆա քաղաքին մէջ պիտի ունենան հանդիպում մը: Երկու երկիրներու ղեկավարներուն հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ ՊՌԻՔՍ-ի (Պրազիլ, Ռուսիա, Հնդկաստան, Չինաստան, Հարաւային Ափրիկէ դաշինք) եւ Համագործակցութեան Շանկհայի կազմակերպութեան վեհաժողովներու ծիրին մէջ: Նշեալ վեհաժողովները նախատեսուած են 8-10 յուլիսին: Նախապէս Թեհրան յոյս յայտնած էր,...

«Կովկասի Մէջ ՏԱՀԵՇ-ի Երկրորդ Թիրախը Ազրպէյճանն Է»   Կ՛ըսէ Իրանի Դեսպանը

«Կովկասի Մէջ ՏԱՀԵՇ-ի Երկրորդ Թիրախը Ազրպէյճանն Է» Կ՛ըսէ Իրանի Դեսպանը

Մոհսուն Փաք Ային «Արմէնփրես»` վկայակոչելով «Մէյտան Թի.Վի.»-ն,  կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհսուն Փաք Ային յայտարարած է, որ Հիւսիսային Կովկասէն ետք շրջանին մէջ ՏԱՀԵՇ-ի երկրորդ թիրախը Ազրպէյճանն է: Իրանցի դիւանագէտը իր այդ համոզումը հիմնաւորած է այն բանով, որ ՏԱՀԵՇ կ՛ուզէ հաստատուիլ հիմնականին մէջ շիի երկիրներու մէջ, իսկ Ազրպէյճանի բնակչութեան աւելի քան 60 առ հարիւրը շիի դաւանանքին կը պատկանի:...

Թուրքիոյ Մէջ Կը Խօսուի Իշխող Կուսակցութեան Եւ Ազգայնականներուն Միջեւ Համախոհական Կառավարութեան Կազմութեան Հաւանականութեան Մասին

Թուրքիոյ Մէջ Կը Խօսուի Իշխող Կուսակցութեան Եւ Ազգայնականներուն Միջեւ Համախոհական Կառավարութեան Կազմութեան Հաւանականութեան Մասին

Պահչելի եւ Եըլմազ «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ խորհրդարանի ընդդիմադիր կուսակցութիւնները մեղադրած են Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան թեկնածու Իսմեթ Եըլմազին խորհրդարանի նախագահ ընտրուելուն աջակցելուն համար: Յիշեցնենք, որ ազգայնականները ընտրութեան չորրորդ հանգրուանին ընթացքին չքուէարկեցին քեմալական Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան թեկնածու Տենիզ Պայքալին` անուղղակիօրէն նպաստելով, որ ընտրութիւններուն ընթացքին յաղթէ Եըլմազ: Կատարուածէն ետք, թէ՛ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան, թէ՛ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական...

Ըստ Հարցախոյզի Մը. Յոյներուն Մեծամասնութիւնը Համաձայն Է Վարկատուներու Պահանջներուն Ընդունման

Ըստ Հարցախոյզի Մը. Յոյներուն Մեծամասնութիւնը Համաձայն Է Վարկատուներու Պահանջներուն Ընդունման

«Պլումպըրկ»` վկայակոչելով «Ճի.Փի.Օ» կազմակերպութեան կողմէ կատարուած հարցախոյզի տուեալները, կը հաղորդէ, որ Յունաստանի բնակչութեան մեծամասնութիւնը կը զօրակցի միջազգային վարկատուներուն կողմէ երկրին ներկայացուած պայմաններու ընդունման: Ներկայիս 5 յուլիսի հանրաքուէի ընթացքին վարկատուներուն զիջումներ կատարելու ի նպաստ քուէարկելու պատրաստ է հարցախոյզի մասնակիցներուն 47 առ հարիւրը: Միեւնոյն ժամանակ վերջնագիրի պայմանները կատարելէ հրաժարելու օգտին արտայայտուած է հարցախոյզի մասնակիցներուն 43 առ հարիւրը: Մնացեալները տակաւին չեն կողմնորոշուած: 30...

Աքսայի Մզկիթը Հրեաներուն Եւ Զբօսաշրջիկներուն Առջեւ Բանալու Բանակցութիւննե՞ր

Աքսայի Մզկիթը Հրեաներուն Եւ Զբօսաշրջիկներուն Առջեւ Բանալու Բանակցութիւննե՞ր

Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը հաղորդեց, որ Յորդանան եւ Իսրայէլ ամիսներէ ի վեր կը բանակցին Աքսայի մզկիթի մուտքի դասաւորումներուն շուրջ: Օրաթերթը կը գրէ, որ Իսրայէլ կը ջանայ վերականգնել պաղեստինեան երկրորդ ինթիֆատայէն առաջուան կացութիւնը, երբ հրեաներուն եւ զբօսաշրջիկներուն արտօնուած էր ոչ միայն մզկիթին փակը մուտք գործել, այլ նաեւ ինքնին մզկիթին եւ անոր տարբեր բաժիններուն մէջ շրջագայիլ: «Հաարեց» կը հաղորդէ, որ այս հարցին շուրջ...

Քրեմլին Արձագանգած Է Մերձպալթեան Երկիրներու Խորհրդային Միութենէն Դուրս Գալու Օրինականութիւնը Ստուգելու Առաջարկին

Քրեմլին Արձագանգած Է Մերձպալթեան Երկիրներու Խորհրդային Միութենէն Դուրս Գալու Օրինականութիւնը Ստուգելու Առաջարկին

Տմիթրի Փեսքով Lenta.ru կայքը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնած է, որ Քրեմլինը տեղեակ չէ Մերձպալթեան պետութիւններու Խորհրդային Միութենէն դուրս գալու օրինականութիւնը ստուգելու երեսփոխաններու նախաձեռնութենէն: «Քրեմլինի մէջ ծանօթ չեն եղած այդ նախաձեռնութեան», ըսած է ան: Ռուսիոյ Ազատական-ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Վլատիմիր Ժիրինովսքի երէկ յայտարարած էր, որ եթէ ընդհանուր դատախազութիւնը անօրինական նկատէ Մերձպալթեան երկիրներու անկախութեան հռչակումը, ապա Էսթոնիոյ, Լաթվիոյ...

Միջազգային Կարճ Լուրեր

Միջազգային Կարճ Լուրեր

Մուսթաֆա Աքընճը - ԱՅՍՊԷՍ կոչուած Հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութեան նախագահ Մուսթաֆա Աքընճը յայտարարեց, որ իրենք կ՛ուզեն Կիպրոսի ներկայ կացութիւնը պահպանել, սակայն անոր կողքին մաս կազմել Եւրոպայի, ինչպէս նաեւ ապագայ սերունդներուն համար աւելի լաւ ապագայ ստեղծել: - ԻՐԱՆԻ Կեդրոնական դրամատան տնօրէն Վալիուլլահ Սէյֆ յայտարարեց, որ Հարաւային Ափրիկէն Իրանի վերադարձուցած է իր դրամատուներուն մէջ «սառեցուած» 13 թոն ոսկին, «որ երկու տարի առաջ...

Page 851 of 881 1 … 850 851 852 … 881

Արխիւներ