«Առ.Պի.Սի. Տէյլի» կը հաղորդէ, որ ՊՐԻՔՍ-ի անդամ երկիրները ստեղծած են իրենց սեփական «Միջազգային դրամական ֆոնտ»-ը` 100 միլիառ տոլարի ծաւալով:
Համապատասխան փաստաթուղթերը ստորագրուած են Մոսկուայի մէջ ՊՐԻՔՍ դաշինքի անդամ երկիրներու` Պրազիլի, Ռուսիոյ, Հնդկաստանի, Չինաստանի եւ Հարաւային Ափրիկէի կեդրոնական դրամատուներուն միջեւ:
Ելեւմտական նոր կառոյցը ստեղծուած է անդամ երկիրներու դրամական պահեստներէն: 41 միլիառ տոլարի տրամադրման պարտաւորութիւնը ստանձնած է Չինաստանը: Պրազիլը, Հնդկաստանն ու Ռուսիան իւրաքանչիւրը 18 միլիառ տոլար կը տրամադրեն, իսկ Հարաւային Ափրիկէի Հանրապետութիւնը` 5 միլիառ տոլար:
ՊՐԻՔՍ-ի պաշտօնական հաղորդագրութեան համաձայն, կառոյցը ելեւմտական աջակցութիւն պիտի տրամադրէ անդամ երկիրներուն ելեւմտական խնդիրներու պարագային եւ ելեւմտական կայունութիւն պիտի ապահովէ: