«Վորլտ Նեթ Տէյլի» կը հաղորդէ, որ Եգիպտոս Թուրքիան կ՛ամբաստանէ շրջանին մէջ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն ճամբորդութիւնները դիւրացնելու համար 10 հազար անցագիր տրամադրելու մէջ:
Եգիպտական գաղտնի սպասարկութենէն պաշտօնատար մը «Վորլտ Նեթ Տէյլի»-ին յայտնած է, որ Եգիպտոս այս իրողութեան վերաբերեալ զեկուցում մը ներկայացուցած է Միացեալ Նահանգներուն:
Պաշտօնատարը նաեւ նշեց, որ Պոլիսը կը ծառայէ իբրեւ ՏԱՀԵՇ-ի ծրագրաւորման «կեդրոնատեղի»: «Թուրքիա կը շարունակէ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն դէպի Իրաք եւ Սուրիա ազատ անցքը արտօնել», աւելցուցած է ան:


