«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ իրաքեան օդուժի մէկ ռմբաձիգէն թեքնիք խանգարումի պատճառով ռումբ մը ինկած է մայրաքաղաք Պաղտատի արեւելքը գտնուող շրջաններէն մէկուն վրայ: Արձանագրուած է 7 զոհ:
«Օդանաւին մէջ եղած ռումբերէն մէկը թեքնիք խնդիրի պատճառով մնացած է օդանաւին մէջ եւ ռազմակայան վերադառնալու պահուն ինկած է Պաղտատի Ժատիտա շրջանի երեք տուներու վրայ», յայտարարած է Իրաքի ապահովութեան ուժերու հրամանատար Սաատ Մաան:
Ըստ անոր, ռումբի պայթումին պատճառով արձանագրուած է 7 զոհ:


