
«Արմէնփրես»` վկայակոչելով թրքական լրատուամիջոցները, կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ Թուրքմեններու ազգային շարժում կուսակցութեան ղեկավար Թարեք Սիւլօ Ճեւիզճի Անգարային խորհուրդ չի տար ներխուժել Սուրիա` ատիկա նկատելով Թուրքիոյ համար «խիստ վտանգաւոր»:
Ըստ անոր, Թուրքիան զինուորական միջամտութեան փոխարէն կրնայ իր նպատակին հասնիլ Սուրիոյ մէջ Անգարային մօտիկ եղող ուժերուն աջակցելու միջոցով:
«Թուրքիոյ կողմէ Սուրիա ներխուժումի հաւանականութիւնը քիչ է: Եթէ ատիկա տեղի ունենայ, Թուրքիան շատ մեծ կորուստներ պիտի ունենայ: Երկրին մէջ գաղտնի խմբաւորումներու գործողութիւններ պիտի սկսին, եւ Թուրքիան պիտի վերածուի քաոսի: Եթէ Թուրքիան միջամտէ ՏԱՀԵՇ խմբաւորման վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններուն մէջ, կազմակերպութիւնը կրնայ Թուրքիոյ տարածքին ահաբեկչական գործողութիւններ կատարել: Առանց Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ, Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ աջակցութեան, Թուրքիան պիտի մնայ դժուար կացութեան մէջ», ըսած է սուրիացի թուրքմէն ղեկավարը:
Հանրապետական Ժողովուրդի Կուսակցութիւնը
Համախոհական Կառավարութեան Մէջ
Կը Պահանջէ Արտաքին Գործոց Նախարարի Պաշտօնը
Թրքական «Ճումհուրիէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ այն բանէն ետք, երբ Թուրքիոյ կառավարութիւնը յայտարարած է, որ պատրաստ է Սուրիա զօրք մտցնել, Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը յայտարարած է, որ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան հետ համախոհական կառավարութիւնը կը կազմէ այն ժամանակ միայն, երբ երկրին արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը վստահուի իրեն:
Կուսակցութիւնը կ՛ուզէ այդ պաշտօնը ձեռք ձգել, որպէսզի կանխարգիլէ խիստ հաւանական թուրք-սուրիական պատերազմը:
Ըստ օրաթերթին, Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը համախոհական կառավարութիւն կազմելու առիթը կ՛ուզէ օգտագործել իշխող կուսակցութեան կողմէ Սուրիոյ մէջ հաւանական պատերազմը կանխարգիլելու համար: Նման առաջարկի համաձայնելու պարագային Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլու կրնայ ստանձնել Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարի եւ փոխվարչապետի պաշտօնները:
Ուշագրաւ է, որ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը նաեւ կը պահանջէ Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութեան` ՄԻԹ-ի ղեկավար Հաքան Ֆիտանի հեռացումը: Կուսակցութիւնը նաեւ պահանջած է աշխատանքէ հեռացնել շարք մը նահանգապետներ, Բարձրագոյն կրթութեան յանձնախումբի, Թուրքիոյ գիտական-թեքնիք ուսումնասիրութիւններու եւ կրօնական գործերով նախագահութեան ղեկավարները, որոնք կուսակցութեան կարծիքով` չեն համապատասխաներ այդ պաշտօններուն վրայ աշխատելու համար: