Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Թունուզի Կը Շնորհէ ՕԹԱՆ-ի Ոչ Անդամ Գլխաւոր Դաշնակիցի Կարգավիճակ
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Թունուզին ՕԹԱՆ-ի ոչ անդամ գլխաւոր դաշնակիցի կարգավիճակ շնորհելու միջոցառումները ամբողջացած են: Թունուզ այսպիսով կը դառնայ Միացեալ Նահանգներու 16-րդ դաշնակիցը: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեց. «Թունուզը ՕԹԱՆ-ի ոչ անդամ գլխաւոր դաշնակից մը նկատելը Միացեալ Նահանգներն ու Թունուզը զիրար կապող սերտ յարաբերութեանց ցուցանիշն է»:




















