Սպանիոյ Մէջ Բարձրացուած Է Ահաբեկչական Վտանգէ Նախազգուշացման Մակարդակը
«Պի.Պի.Սի.»-ի ռուսական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Սպանիոյ մէջ իշխանութիւնները ահաբեկչական վտանգէ նախազգուշացման մակարդակը չորս աստիճաններէ բաղկացած ցուցակին մէջ բարձրացուցած են երկրորդէն երրորդի: Որոշումին պատճառը Փարիզի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններն են, որոնց ընթացքին չորեքշաբթի օր երեք զինեալներ ներխուժած էին ֆրանսական «Շարլի Էպտօ» երգիծական շաբաթաթերթի խմբագրութիւն եւ սպաննած 12 մարդ: Սպանիոյ ներքին գործոց նախարար Խորխէ Ֆեռնանտես Տիաս ընդգծած է, որ տակաւին չկան...




















