«Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ» հաղորդեց, որ Թուրքիոյ բանակի սպայակոյտը Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ տեղակայուած իր ուժերուն հրամանատարները կանչած է Անգարա` մասնակցելու համար ժողովի մը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի Սուրիոյ մէջ զինուորական միջամտութեան կարելիութիւնը:
Թուրքիոյ բանակի ցամաքային ուժերու հրամանատար զօր. Հուլուսի Աքար եւ 2-րդ բանակի հրամանատար զօր. Ատեմ Հուտութի անցեալ շաբաթ այցելած էին Սուրիոյ հետ սահման:
Այս շաբթուան ընթացքին տեղի ունենալիք ժողովին պիտի մասնակցին նաեւ Պոլու եւ Կեսարիա նահանգներուն մէջ տեղակայուած թրքական մասնայատուկ ուժերու հրամանատարները, որպէսզի անոնց հետ անձնապէս քննարկուին այդպիսի գործողութեան մը գործադրութեան մանրամասնութիւնները:
Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու թէեւ անցեալ շաբաթ յայտնեց, որ Սուրիա զինուորական միջամտութեան «անմիջական ծրագիրներ գոյութիւն չունին», սակայն թրքական բանակը վերջերս Սուրիոյ հետ սահմանի երկայնքին յաւելեալ զօրքերու սպառազինութիւն տեղակայեց: Ներկայիս Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ տեղակայուած են 54 հազար թուրք զինուորներ, ինչ որ Թուրքիոյ ցամաքային ուժերու շուրջ 15 առ հարիւրը կը կազմէ:
Յիշեցնենք, որ Անգարա շրջանառութեան մէջ դրած է Սուրիոյ մէջ անվտանգութեան գօտիի մը ստեղծման գաղափարը:
Ուաշինկթըն ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Գործողութիւններուն
Մէջ Թրքական Ռազմակայաններէն Օգտուելու
Արտօնութիւն Կը Պահանջէ
«Արմէնփրես»` վկայակոչելով թրքական լրատուամիջոցները, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Պաս ՏԱՀԵՇ-ի դէմ միացեալ գործունէութիւնը շարունակելու վերաբերեալ թուրք պաշտօնատարներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին համար Թուրքիայէն կը պահանջեն արտօնութիւն տալ իրենց զինեալ ուժերուն օգտուելու Ինճիրլիքի եւ Տիգրանակերտի զինուորական օդակայաններէն:
«Թուրքիոյ հետ Սուրիոյ սահմանին վրայ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ միացեալ պայքարին մէջ Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ պահանջները սուրիական քրտական Ժողովրդավարական միութեան կուսակցութեան զինեալներուն հասցնելու համար անհրաժեշտ է, որ Անգարան ամերիկեան բանակին արտօնութիւն տայ օգտուելու Ինճիրլիքի եւ Տիարպեքիրի ռազմակայաններէն: Այդ պարագային մենք աշխուժ օժանդակութիւն պիտի ցուցաբերենք այդ գործողութիւններուն մէջ Թուրքիոյ աջակցող ուժերուն: Թուրքիոյ Ճարապլուս ներխուժելը քաղաքային պատերազմ կը նշանակէ, ինչ որ խիստ վտանգաւոր է: Անհրաժեշտութեան պարագային, Միացեալ Նահանգներու հետ համաձայնութեան գալու միջոցով Անգարա կրնայ օգտուիլ սահմանէն 15 քիլոմեթր խորութեամբ ահաբեկիչները հետապնդելու իրաւունքէն», ըսած է ամերիկացի դիւանագէտը:


